ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳԸ…
Բանականութեամբ օժտուած միակ անգութ կենդանին կը շարունակէ վայելել կեանքը իւր բոլոր երանգներով։ Փափուկ բազմոցին կամ աթոռին նստած իր միակ առաւելութեամբ՝ ուղեղով անդադար կը խորհլ՝ ինչ ստեղծել աւելի ու աւելի ծուլանալու համար։ Եւ սա կը կոչէ գիտութիւն, գիւտ։ Ասոր համար կը պարգեւատրուի, անունը ոսկէ տառերով կը գրէ մարդկութեան պատմութեան մէջ։
Նախապէս տարածութիւնները յաղթահարելու նպատակաւ մարդ արարածը սկսաւ շահագործել իրեն պէս միս ու արիւնէ ստեղծուած, սակայն բանականութենէ զուրկ անասունները. զոր օրինակ՝ ձի, աւանակ եւ այլն, առանց հաշուի առնելու անլեզու կենդանիներու փափաքը։ Խեղճ անասունի ըմբոստութեան պարագային ալ անգութ էակը կ՚ընդդիմանար վերջինիս կամքին՝ պատժելով խստագոյնս։ Այնուհետեւ ինքզինքը անյարմարաւէտ զգաց ձիւնի, անձրեւի տակ անասունի հեծնումը։ Նորէն, մէկ այլ կենդանի զոհելով՝ անոր կաշին, մորթը քերթելով ինքզինքին փափլիկ նստատեղի մը շինելով… մասնաւորապէս գիշերները կը խորհէր, թէ ինչ կրնայ ընել առաւել յարմարաւէտ կեանքի մը համար։ Ահաւասիկ այդ մտածողներէն մին ստեղծեց կառքը։ Շարունակելով շահագործել կենդանիները. պաշտպանուած անձրեւէն, հովէն ու ցուրտէն. մարդ արարածը հանգստաւէտ կը տեղաւորուէր կառքին մէջ ու կը տեղափոխուէր գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք։ Սակայն անդադրում մտասոյզ աչքածակ մարդը չկրցաւ բաւարարուիլ այսքանով։ Միտքը աճապարանքի մէջ. վայրկեաններու ընթացքին կը կտրէր ու կ՚անցնէր անծայրածիր տարածութիւններ… ինչ որ յիրաւի անկարելի էր ընել կառքի միջոցաւ։ Բաց աստի, կենդանիի մը միջոցաւ շահագործուող կառքը կը պահանջէր խնամք եւ ուշադրութիւն։ Չէ՞ որ, անհրաժեշտ էր կերակրել, խնամել ձիերը։ Իսկ մարդը կ՚աշխատցնէր իր ուղեղը առաւել ծուլանալու ու նոր բացայայտումներու համար։
Այսպէս երկար խոկալէ վերջ՝ գեղեցիկ, լուսապայծառ օր մը, գիտուն մը՝ 18-րդ դարու երկրորդ կէսերուն կը ստեղծէ առաջին երկաթէ նժոյգը։ Ժամանակի ընթացքին ալ մարդկութիւնը կը շարունակէ կատարելագործել ինքնաշարժները, շեշտը դնելով վերջինիս յարմարաւէտութեան ու արագութեան վրայ։ Յիրաւի, ինքնաշարժի գիւտով կենդանիները գրեթէ փրկուեցան շահագործումէ։ Սակայն, այս անգամ երկաթէ նժոյգը սկսաւ վնաս հասցնել բնութեան…
Այսպէսով մարդու ուղեղը չսահմանապակուեցաւ երկաթէ նժոյգի գիւտով։ Ընդհակառակը բանական կենդանիի ուղեղն ու երեւակայութիւնը բաւական կը յառաջանային։ Իսկ հետաքրքրութիւնը շրջակայ միջավայրի նկատմամբ կը բազմապատկուէր օրէ օր։ Ի՞նչ կայ ովկիանոսէն անդին, արդեօք ծովուն տակ կեանք կա՞յ, ովքե՞ր են ծովու բնակիչները։ Ինչո՞ւ թռչունը կրնայ թռչիլ, իսկ մենք՝ մարդիկս ոչ… Հարցե՜ր, հարցեր… անպատասխան հարցեր, որոնք կարօտ էին հրատապ լուծման։ Հանելուկներու պատասխանը գտնելու, ժամանակ խնայելու նպատակաւ, մարդը իրերայաջորդ ստեղծեց շոգեկառք, օդանաւ եւ ուղղաթիռ, ծովերն անցնելու համար նաւեր՝ մեծ ու պզտիկ, իսկ ջրային կենդանիները ճանչնալու, ուսումնասիրելու համար՝ սուզանաւեր։ Ակամայ կը թուի, թէ ամէն բան հրաշալի է։ Այս ամէնը ստեղծուած են մարդու կեանքը առաւել յարմարաւէտ դարձնելու համար։ Սակայն ներքուստ սա բոլոր գիւտերը կործանիչ ռումբ մըն են երկուստեք, թէ՛ բնութեան, թէ մարդոց առողջութեան համար։
Ինչեւէ, տարածութեան հարցը լուծելէ վերջ, միակ բանական էակի ուշադրութիւնը սեւեռուեցաւ դէպի ներքին յարմարաւէտութիւն։ Հանճարներու միջոցաւ այլեւս տնային տնտեսուհիները ժամանակ չէին վատներ աղտոտ հագուստները ձեռքով լուալու, գետինը աւլելու վրայ։ Գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչներուն տնային գործերուն մէջ օգնութեան հասան լուացքի մեքենաները, փոշեկուլները, մսաղացները, պնակ լուալու մեքենաները… Ասոնք ամէնը փոշի մըն է, որ կը փչուի մարդոց աչքերուն։
Գիւտարարութեան թեթեւ ձեռքով օրէ օր ծուլացող մարդը սկսաւ ահռելի վնաս հասցնել իր իսկ թանկագին առողջութեանը։ Առօրեայ սնունդին մէջ յայտնուեցան քիմիական յաւելումներ, որոնք կարծես կը ծառայեն սատանային։ Արդի թոյնը, զոր մենք սիրով կ՚անուանենք համեղ սնունդ, ինծի կը յիշեցնէ Աստուածաշունչէն Եւայի ու «արգիլւած պտուղի»՝ կարմիր խնձորի պատմութիւնը։ Բոլորս քաջատեղեակ ենք անոր վնասակար յատկութիւններուն, սակայն անզօր ենք դիմակայելու զգլխիչ տեսքին ու բոյրին։
Վերջերս ալ, դար մը առաջ սկսանք յստակ ու հապճեպ քայլերով շտապել դէպի կործանում, անյագուրդ օգտագործելով սպիտակ մահը՝ շաքարաւազը, որ ներքուստ կը քայքայէ մեր օրկանիզմը ու մեր յարմարաւէտութեան համար՝ կերպընկալէ տոպրակներն ու ծրարաւորումները։ Վերջինս ալ ահռելի վնաս հասցնելով բնութեան՝ պատճառ կը հանդիսանայ համաշխարհային ջերմացման։
Մենք՝ անսիրտ ու անհոգի մարդիկ, անխնայաբար կը կործանենք բնութիւնը։ Մեր Երկիր մոլորակէն զատ, ուրիշ մոլորակներու վրայ կը փնտռենք նոր կեանք, որպէսզի տեղափոխուինք ու փճացնենք զանոնք։ Քանզի քաջ կը գիտակցինք, թէ մեր մոլորակը այլեւս անբուժելի հիւանդ է, կը գտնուի հոգեվարքի մէջ։
Այսօր, սա պահուն, աւելի քան հինգ ամիսէ ի վեր, հրոյ ճարակներու է մատնուած մեր երկրագունդի դրախտային կէտերէն մին՝ Աւստրալիան։ Հոն քանի մը ամիս առաջ տեղւոյն անտառներու մշտական բնակիչները խաղաղ պայմաններու ներքեւ կ՚ապրէին։ Իսկ այսօր, անոնցմէ շատեր, մարդու կողմէ բնութեան հասցուած վնասներու պատճառաւ կ՚այրին մոլեգնած կրակներու մէջ։ Մէկ միլիառէ աւել անճար կենդանի զոհ գացաց է հրոյ ճարակներու։ Անոնցմէ շատեր պիտի յայտնուին «Կարմիր գիրքի», կենդանիներու անհետացող տեսակներու շարքին մէջ։
Զարհուրած մայր բնութիւնը կարծես կոչ կ՚ընէ մարդկութեան սթափուելու։ Սակայն ապարդիւն, մենք կը շարունակենք ընել մեր գիտցածը, այն ինչ որ մեզի դիւրին է, երկուստեք վնաս պատճառելով թէ՛ մեզի, թէ շրջակայ միջավայրին։
Ես նոյնպէս բացառութիւն մը չեմ։ Սա պահուն համակարգիչը դրած ծունկերուս, ստեղմնաշարի օգնութեամբ գրի կ՚առնեմ իմ մտքերը։ Այնուհետեւ, երբ քիչ մը անօթենամ, պիտի բանամ սառնարանի դուռը եւ հաճոյքով պիտի ընբոշխնեմ սնունդ անուան տակ պահուած թոյնը։ Տասն լիթր ջուրով լուացուելու փոխարէն, հարիւր լիթր ջուր պիտի գործածեմ, գիտակցելով, որ աշխարհի ջրային պաշարները սպառման եզրին են։ Իրիկնամուտին ալ մեր տան կուտակուած բոլոր տեսակի աղբերը կերպընկալէ տոպրակի մը մէջ ժողված, անփութօրէն պիտի թափեմ աղբամանի մէջ։ Առեւտուրի գացած ատեն ալ, քանի մը տոպրակ առեւտուր պիտի ընեմ. մօտենալով դրամարկղին պիտի ափսոսամ, որ տունը մոռցայ իմ կերպասէ տոպրակները։ Ու ստիպուած վաճառորդուհիէն պիտի խնդրեմ կերպընկալէ տոպրակ մը։ Մինչդեռ կրնայի ըլլալ աւելի ուշադիր եւ տունը չմոռնալ յոյժ կարեւոր կերպասէ կամ թուղթէ տոպրակները։ Իսկ երեկոյեան ալ, անկողինիս մէջ պիտի թերթեմ իմ դիմատետրը ու հանդիպելով Աւսրտալիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն, մեծ ցաւ մը պիտի ապրիմ, նոյնիսկ աչքերս պիտի տամկանն։ Չէ՞ որ բնութիւնը այս վիճակին հասցնողներէն մին ալ ես եմ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան