Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Տաւոսի մէջ, Զուիցերիա, մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի բացման։ Այս տարուան ֆորումը 50-րդն է եւ իբր այդ յոբելենական։ «Շահագրգիռ կողմերը՝ յանուն աշխարհի համախմբման եւ կայունութեան» խորագրով կազմակերպուած է այս տարուան ֆորումը, որու բացումին տեղի ունեցաւ համերգ մը։ Եւրոմիութեան պատանեկան նուագախումբը եւ Սան Փաուլոյի Սիմֆոնիք նուագախումբի երգաչախումբին ու մենակատարներուն մասնակցութեամբ հանդէս եկաւ այս համերգին ժամանակ՝ հնչեցնելով միասնութեան եւ ուրախութեան միջազգային կոչ մը։
Տաւոսի մէջ այս տարի համախմբուած են աշխարհի զանազան երկիրներէն շուրջ 700 բանախօսներ եւ աւելի քան 3 հազար մասնակիցներ։
Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020