ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ երէկ սկսաւ միջազգային կարեւոր գիտաժողով մը, որ այսօր կը հասնի իր աւարտին։ «Մշակութային ժառանգութիւն. Փորձառութիւն եւ հեռանկարներ միջազգային ծիրէն ներս» խորագրեալ այս միջազգային համաժողովի ընթացքին, հայ եւ օտար մասնագէտներ կը քննարկեն մշակութային ժառանգութեան կառավարման եւ խնամքին, ոլորտի մասնագէտներու վերապատրաստման վերաբերեալ զանազան հարցեր:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս գիտաժողովը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ լսելի դարձնելու տարածքաշրջանի մասնագէտներու ձայնը, կարծիքներ փոխանակելու եւ մշակելու նոր ռազմավարութիւն մը՝ մշակութային արժէքներու արժեւորման, կառավարման եւ պահպանութեան գործին համար։ Սա, իր հերթին, խթան կը հանդիսանայ Հայաստանի հասարակական եւ տնտեսական յառաջընթացին տեսակէտէ։

«Գիտաժողովի ծիրէն ներս կը ծաւալուի շատ կարեւոր զրոյց միջազգային մշակութային ժառանգութեան մասին, որովհետեւ իւրաքանչիւր մշակութային գանձ համաշխարհային նշանակութիւն ունի եւ մարդկութեան պատմութեան համար չափազանց կարեւոր է: Նախ եւ առաջ՝ կը ծանօթանանք մասնագէտներու հետ, այնուհետեւ կը մշակենք յուշարձաններու արժեւորման, ուսումնասիրման վերաբերեալ քայլեր», լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Նարինէ Խաչատրեան: Անդրադառնալով մշակութային ժառանգութեան կառավարման ոլորտի բացերուն՝ փոխ-նախարարը ընդգծած է, որ հիմնական խնդիրները կապուած են օրէնսդրութեան հետ։ «Մեր նախարարութիւնը արդէն կը կատարէ որոշակի փուլային փոփոխութիւններ: Ի վերջոյ՝ այդ յօդուածներն ու կէտերը պիտի քննարկուին Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս», շեշտեց ան։

Երեւանի մօտ Իտալիոյ դեսպան Վինչենցօ տել Մոնաքօ եւս խօսեցաւ այս գիտաժողովի կարեւորութեան մասին։ Ըստ իրեն, գիտաժողովը համախմբած է հիւրեր Լիբանանէ, Թուրքիայէ եւ այլ երկիրներէ: «Նիւթը, որուն շուրջ կազմակերպուած է ձեռնարկը, միջազգային շրջագիծէ ներս յաճախ կը հնչէ եւ էական նշանակութիւն ունի», շեշտեց իտալացի դիւանագէտը:

Գիտաժողովը կ՚իրականացուի «ROCHEMP» մշակութային ժառանգութեան կառավարման, պահպանութեան, արժեւորման տարածքաշրջանային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, Պոլոնիայի համալսարանի Մշակութային ժառանգութեան բաժանմունքին, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, նաեւ Համագործակցութեան զարգացման իտալական գործակալութեան աջակցութեամբ:

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020