ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐ

Երեւանի կեդրոնին երէկ տեղի ունեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Հայաստանի մայրաքաղաքի կեդրոնին հնչեցին կրակոցներ։ Այսպէս, Հանրապետութեան հրապարակի յառած՝ «Էրեբունի» գործարար կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս դէպքը, որ պատճառ դարձաւ խուճապի։ Այդ համալիրէն ներս կը գտնուին զանազան պաշտօնական գրասենեակներ, իսկ անմիջական հարեւանութեամբ կը գործեն «Հայաթ-փլէյս» հնգաստղանի պանդոկը, ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւնը եւ այլն։

Հայաստանի իրաւապահ մարմինները անմիջապէս փութացին դէպքի վայր։ «Էրեբունի փլազա»ի այս դէպքին հետեւանքով բարեբախտաբար ոեւէ մէկը չտուժեց։ Ոստիկանութիւնը զինեալ անձին հետ միջոց մը բանակցեցաւ։ Ան ոեւէ պատանդ չէր վերցուցած եւ իր կրակած զէնքը միջոց մը վերջ յանձնեց ոստիկանութեան։ Ենթական որոշ ժամանակ անց տեղափոխուեցաւ ոստիկանատուն։ Դէպքը ա՛լ աւելի ուշագրաւ կը դարձնէ այն հանգամանքը, որ տուեալ համալիրին մէջ կը գտնուի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնական գրասենեակը։ Հայաստանի ոստիկանութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ տուեալ անձը առանց ձեռնաշղթայի ոստիկանութիւն տարուած է՝ բանակցութիւններու ժամանակ գոյացած համաձայնութեան բերումով։ Աւելի ուշ լրատուամիջոցները տեղեկացուցին, որ յայտնի դարձած է կրակող անձին անունը՝ Արթուր Թորոսեան։ Ան ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած է։ Իր պատճառ դարձած դէպքին շուրջ յարուցուած է քրէական գործ։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020