ԽՏԱՑԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Միօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս Էրտողան եւ Մերքէլ տեսակցեցան Իսթանպուլի մէջ «Վահտետտին» ապարանքէն ներս։
Տակաւին անցեալ շաբթուան մէջ Էրտողան Պերլին մեկնած էր՝ մասնակցելու համար Լիպիոյ վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողովին։ Հազիւ քանի մը օր վերջ, արդէն Անկելա Մերքէլ եկաւ Թուրքիա։ Անգարա-Պերլին առանցքին վրայ ներկայիս խտացեալ աշխատանք կը ծաւալուի։ Երկու երկիրները իրերայաջորդ քննարկումներ կը կատարեն՝ միջազգային հրատապ խնդիրներուն առընչութեամբ։
Էրտողան եւ Մերքէլ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը աչքէ անցուցին բոլոր երեսակներով եւ կանգ առին համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն վրայ։ Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները՝ մանաւանդ, որ յուլիսին Գերմանիա պիտի ստանձնէ ԵՄ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Այս ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիոյ՝ ԵՄ-ի մասնակցութեան գործընթացին, Մաքսային միութեան այժմէականացման եւ մուտքի արտօնութիւններու դրութեան ազատականացման։
Էրտողան եւ Մերքէլ մանրամասնօրէն կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Լիպիոյ կացութեան, Սուրիոյ տագնապին եւ տարածքաշրջանային կամ միջազգային բնոյթով այլ զանազան կարեւոր խնդիրներու շուրջ։
Երկու երկիրներու ղեկավարները մասնակցութիւն բերին նաեւ Թուրք-գերմանական համալսարանի նորակառոյց համալիրի բացման պաշտօնական արարողութեան։ Այս առթիւ Էրտողան շեշտեց, որ այս համալսարանի արձանագրած յաջողութիւնը օրինակ պիտի հանդիսանայ՝ համատեղ նոր համալսարաններու հաստատման ուղղութեամբ։