ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Դ
Այստեղ դարձեալ երեք հարցումներ կը ծագին.
Առաջին. թէ ինչո՞ւ համար աստուածաբանութիւնը կը կրկնէ:
Պատասխան. Նախ՝ որպէսզի հաստատուն ըլլայ, ինչպէս օրինակ. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի ստանաք, փնտռեցէ՛ք եւ պտի գտնէք» (Հմմտ. Ղկ 11.9), եւ այլն: Դարձեալ, կը կրկնէ հաստատութեան համար. «Ով որ կը խնդրէ՝ կը գտնէ», եւ այլն, այդպէս ալ այստեղ կ՚ընէ: Երկրորդ՝ որովհետեւ երեք դէմք են, այսինքն՝ երկրպագողը, երկրպագութիւն եւ երկրպագելին: Առաջինին համար կ՚ըսէ. «Երբ ճշմարիտ երկրպագուները պիտի պաշտեն» (Յհ 4.23): Երկրորդին համար. «Պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ»: Երրորդին համար՝ Հայր, եւ Հոգի, եւ ճշմարտութիւն է:
Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար Հայրը երեք անգամ կը յիշէ, երեք անգամ՝ Հոգին, երեք անգամ՝ ճշմարտութիւնը:
Պատասխան. նախ՝ ըստ բոլորին, որովհետեւ սկիզբը Երրորդութեամբ ստեղծուեցանք, եւ Երրորդութեամբ փրկուեցանք մէջտեղը, եւ վերջաւորութեան Երրորդութեամբ պիտի նորոգուինք: Երկրորդ՝ ըստ տեսութեան մասին՝ երեք անգամ Հայրը, նախ՝ որովհետեւ բնութեամբ Քրիստոսի Հայրն է: Երկրորդ՝ շնորհքով՝ մեզի: Երրորդ՝ արարչութեամբ՝ բոլորիս: Իսկ երեք անգամ Հոգին, նախ՝ որովհետեւ ըստ անձնաւորութեան բխումն է: Երկրորդ՝ ըստ ներգործութեան Արարիչ է: Երրորդ՝ ըստ շնորհներուն բաշխող է: Իսկ երեք անգամ ճշմարտութիւնը. նախ՝ որովհետեւ ըստ գոյացութեան մարդացեալ Աստուած է: Երկրորդ՝ ըստ նորոգման ճշմարիտ Փրկիչ է: Երրորդ՝ խստացածներուն մէջ ճշմարիտ է:
Երրորդ հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ, թէ՝ Աստուած Հոգի է:
Պատասխան. Չորս բան ցոյց կու տայ. նախ՝ թէ Աստուծոյ էութիւնը անմարմին, մաքուր եւ սուրբ է, ինչպէս ըսուեցաւ: Երկրորդ՝ ի դէմս երեք անձերուն հոգի՝ Սուրբ Հոգին, Է՝ Բանն, Աստուած՝ Հայր: Երրորդ՝ Սուրբ Հոգիին մասին կ՚աստուածաբանէ: Չորրորդ՝ անփակ միավանկ գրութիւնը այսպէս կը մեկնէ. «Որ էր, եւ Է եւ պիտի ըլլայ Աստուած», այսինքն՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, Սուրբ Բարսեղին եւ շարական երգին մէջ:
ՄԵՍԻԱՅԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
Խօսք. «Կինը ըսաւ Յիսուսի. գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ» (տե՛ս, Յհ 4.25):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ շուտով պիտի գայ:
Երկու պատճառով դարձեալ կը խօսակցի. նախ՝ որովհետեւ չկարողացաւ հասկնալ աստուածաբանութիւնը, կը փափաքի, որպէսզի աւելին յայտնէ: Երկրորդ՝ որովհետեւ փափաքելով կը լսէր, կ՚ուզէ, որպէսզի աւելի երկարի խօսակցութիւնը: Մեսիա այս կինը եբրայերէն լեզուով ըսաւ, իսկ Քրիստոս անուանելը Աւետարանիչը կ՚ըսէ յունարէն լեզուով, որ մեր լեզուով Օծեալ կը թարգմանուի:
Հարցում. Ուրկէ՞ գիտէր Մեսիան:
Պատասխան. Չորս բանէ. նախ՝ Արարածոցէն ու մարգարէներէն, որ կը կարդային: Երկրորդ՝ Քրիստոսի գալուստի նշաններէն, որ հրեաներու թագաւորութեան փոփոխումն էր, ինչպէս Յակոբը ըսաւ. «Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի, ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը» (Ծն 49.10), եւ այլն: Եւ այս ժամանակներուն հրեաներուն իշխանութիւնը վերացած էր, իսկ Հերովդէսը օտարազգի մըն էր: Երրորդ՝ մոգերուն գալուստով, եւ Հերովդէսը, որ մանուկները կոտորեց, մօտիկ էր: Չորրորդ՝ Յովհաննէսի մկրտութիւնը տարածուած էր, այդ պատճառով կ՚ըսէ.
Խօսք. «Երբ Անիկա գայ՝ ամէն ինչ պիտի պատմէ մեզի» (Յհ 4.25):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ մարդոց փրկութեան համար բոլոր կարեւոր բաները:
Խօսք. «Ե՛ս եմ Անիկա, Ես՝ որ հետդ կը խօսիմ» (Յհ 4.26):
Մեկնութիւն. Չորս պատճառով Ինքզինք արագապէս յայտնեց կնոջ. նախ՝ որովհետեւ այդ կինը յոյս ունէր Քրիստոսի վրայ, ու գալուստը մօտիկ կը համարէր: Երկրորդ՝ որովհետեւ Աստուածապաշտութեան վայրը եւ գիտութեան ջուրը խնդրեց: Երրորդ՝ նախահայրերը պատիւով յիշեց: Չորրորդ՝ տեսաւ կնոջ հաւատքը, որովհետեւ առանց պակասութեան պիտի ընդունէր, իսկ հրեաներուն Ինքզինք չյայտնեց, որովհետեւ պիտի չընդունէին: Ասիկա երկրորդ յայտնութիւնն է, որ Քրիստոս կնոջ ծածուկ հաւատքը գիտցաւ եւ Ինքզնինք անոր յայտնեց՝ ըսելով. «Ե՛ս եմ Անիկա, Ես՝ որ հետդ կը խօսիմ»:
Իսկ ըսելը՝ Ես եմ, նախ՝ կը ցուցնէ մէկ միաւորուած դէմքը: Երկրորդ՝ ներկային ըլլալը: Երրորդ՝ հանդերձեալին ալ մշտնջենաւոր եմ՝ որ հետդ կը խօսիմ: Ասիկա եւս միութիւնը կը ցուցնէ, որովհետեւ խօսքը միտք է եւ ձայնը միաւորուած:
Դարձեալ, նոյն ներքին Բանն է յառաջ բերուած հետդ ըսելով, այսինքն՝ Քրիստոսի խօսքը անոր սիրտին դպած է:
Այսքանը այս մասին:
ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Գիտելի է, թէ Սուրբ Նանան մտաւոր տեսութեամբ ծածուկը կը մեկնէ, այսինքն՝ որովհետեւ խօսքը իբրեւ մարմին է, իսկ մեկնութիւնը՝ իբրեւ հոգի, եւ այլ ծածուկ բաներ, ինչպիսին միտքն է:
Հոգին առաջնորդ է կ՚ըսէ չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Հոգին է, Աստուծոյ խորհուրդներուն քննողը: Երկրորդ՝ ինչպէս որ զՔրիստոս Հոգիով ճանչցանք, նոյնպէս Հոգիով Քրիստոսի խօսքը կը հասկնանք: Երրորդ՝ որովհետեւ մարգարէներն ու առաքելաները Սուրբ Հոգիով խօսեցան ու մենք նոյն Հոգիով կը քննենք: Չորրորդ՝ որովհետեւ մարգարէները ի դէմս Հօր են, առաքելաները՝ ի դէմս Քրիստոսի կը քարոզեն, իսկ վարդապետները՝ ի դէմս Հոգիին կը մեկնեն: Եւ խօսքը գործի դրինք, այսինքն՝ մեր ներքին միտքին խօսքերը կամ յառաջ բերուածները, ինչ որ կը խօսինք:
Իրարմէ տարբեր միտքեր կ՚ըսէ. առաջին՝ Տիրոջ հրեաներէն փախչիլն ու հեթանոսներուն երթալը: Երկրորդ՝ առաքեալները հրեաները ձգեցին ու հեթանոսներուն մէջ քարոզեցին: Երրորդ՝ ինչպէս որ կնոջ միջոցով քաղաքը ջնջուեցաւ եւ կնոջ միջոցով նորոգուեցաւ: Չորրորդ՝ մարմինին ցանկութեամբ կործանեցան եւ հոգիին ցանկութեամբ կանգնեցան: Հինգերորդ՝ Դինան՝ Աբրահամի մօտիկներէն, իսկ սամարուհին՝ անոր հեռաւոր ցեղէն: Վեցերորդ՝ այսպէս ալ տեսանելի է՝ կոյս Եւան բնութիւնը կործանեց, Սուրբ Կոյսը՝ մեզ կանգնեցուց: Եօթներորդ՝ Եւան ցանկաց պտուղը, Աստուածածին Կոյսը՝ Կենաց Պտուղը: Ութերորդ՝ Եւան՝ Ադամէն, իսկ Սուրբ Կոյսը՝ անոր ցեղէն: Իններորդ՝ ջրհորով քաղաքը նորոգուեցաւ, իսկ Աւազանով՝ մարդկային ցեղը: Տասներորդ՝ վեցերորդ ժամուն հաւատացին, իսկ վեցերորդ դարուն՝ հաւատքով լուսաւորուեցանք: Չորս բան այս վեցերորդ ժամուն պատահեցան. այսինքն՝ նախ Տիրոջ մկրտութիւնը, երկրորդ՝ ջրհորին մօտիկ նստիլը, երրորդ՝ խաչին վրայ բարձրանալը [խաչուիլը], չորրորդ՝ երկինք համբառնալը: Տասնմէկերորդ՝ նոր Եկեղեցիին մէջ հանգչիլը: Տասներկրորդ՝ հացով կերակրեց, ինչպէս Յովսէփը՝ իր եղբայրները:
Այսքանը այս մասին:
Խօսք. «Ճիշդ այդ ատեն աշակերտները վերադարձան» (Յհ 4.27):
Մեկնութիւն. Տե՛ս աստուածային նախախնամութիւնը, որովհետեւ երբ կինը հաւատաց, այդ ատեն եկան աշակերտները եւ ոչ թէ աւելի շուտ, որպէսզի քարոզին արգելք չըլլային, ո՛չ ալ ետքէն, որպէսզի Քրիստոսէն իմանան անոր [կնոջ] հաւատալուն մասին:
ԹԷ ԿՆՈՋ ՀԵՏ ԿԸ ԽՕՍԷՐ
Խօսք. «Եւ զարմացան որ Յիսուս կնոջ հետ կը խօսէր» (Յհ 4.27):
Մեկնութիւն. Ոչ թէ չար բան մը կարծելով զարմացան, այլ նախ՝ որովհետեւ միայն կնոջ հետ կը խօսէր: Երկրորդ՝ մեծ բարիքին համար: Երրորդ, բարձրագոյն խոնարհութեան համար, ինչպէս Ոսկեբերանը կ՚ըսէ:
Ասիկա երեք երեսով. նախ՝ որովհետեւ Մեծ Վարդապետ ու Սքանչելագործ էր: Երկրորդ՝ որովհետեւ կինը օտար ու աղքատ էր: Երրորդ՝ որովհետեւ երկար ժամանակ խօսեցաւ՝ մինչեւ ածակերտները քաղաքէն վերադարձան:
Այստեղ կը հարցուի, թէ պատշա՞ճ էր, որ Քրիստոս միայն կնոջ հետ խօսեցաւ: Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ պատշաճ էր, երբ վեց բան կը մտաբերենք. նախ՝ վայրը, որ հասարակաց էր ու յայտնի: Երկրորդ՝ ժամանակը, որ կէսօր էր եւ նախքան ճաշելը: Երրորդ՝ կնոջ գալուստին պատճառը, այսինքն՝ ջուր հանելու: Չորրորդ՝ կնոջ տարիքը, որովհետեւ հինգ ամուսին փոխած էր եւ ուրիշի մը հետ ամուսնացած էր, ուստի հաւատալի է, թէ պառաւ էր: Հինգերորդ՝ Քրիստոսի բարութիւնը, որ անոր հանդէպ ըրաւ: Վեցերորդ՝ եւ մտաբերեցէք թէ ի՛նչ խօսեցաւ անոր հետ, այդ ատեն յայտնի կ՚ըլլայ, թէ վայելչաբար կը խօսէր կնոջ հետ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 37
Վաղարշապատ