ԿՈՆԴԵՑԻՆ

Կոնդ. կը նշանակէ բլուր, ըստ հայերէնի բառարաններու։ Կը մնայ ենթադրել, որ գործածութեան մէջ տեղ չունեցող այս բառը փոխառութիւն մըն է, ուրիշ լեզուներէ եկած։

Համացանցային արագ նաւարկումով կը գտնեմ, որ պարսկական շարք մը գիւղեր նոյն բառը ունին իրենց մէջ։ Ետքը կը մտածեմ գիտցած միւս լեզուներուս մասին, եւ կը յիշեմ թրքերէնի քենթը՝ քաղաք։ Քիչ մը աւելի զարմանքով կը հանդիպիմ այն իրողութեան, որ նոյն քենթը անգլիական եւ ամերիկեան մի քանի քաղաքներու կամ շրջաններու անունն է։ Եւ, յետոյ, արդէն իսկ լեզուաբանական սիրողական վարժանքս տեղ մը հասցուցած, կը վերադառնամ Երեւանի Կոնդին, ու կը յիշեմ, որ դիմացս կանգնած է մարդ մը, որ ինքզինք նոր որպէս «հին Կոնդեցի» ներկայացուցած էր։

Սեւ բաճկոնով, որ տարիներ կը հոտի, յոգնած-փոշոտ տաբատ ու կօշիկներով, որոնք տարիներով Կոնդի քարքարոտ նեղլիկ փողոցներն են չափչփեր, իւղոտ մի քանի մազի թելը գանկին մէկ կողմէն միւս կողմը սանտրած մարդը քիչ մը տարօրինակ տպաւորութիւն կը ձգէ։ Անտեղի եւ անիմաստ խօսակցութիւններ կը փորձէ բանալ հետս, կը խանգարէ զիս, կը շեղէ զիս Պայրոնի անուան գրադարան հանգրուանած գործէս։ Այս կամ այն ձեւով շատ կարճ կը պատասխանեմ, ցրել փորձելով, բայց ապարդիւն։ Կոնդեցին կը շարունակէ խօսիլ հետս, պարտադրել ինքզինք, եւ յիշեցնել, երկու-երեք նախադասութիւնը մէկ, որ ինքը՝ Կոնդեցի է, «այսինքն ամենահին Երեւանցի»։

Իր ներկայութիւնը մէկ կողմէն զիս գործէս կը շեղէ, միւս կողմէն ալ, կամաց-կամաց, հետաքրքրութիւն մը կ՚արթնցնէ մէջս Կոնդի նկատմամբ։ Երեւանի գրեթէ սիրտին մէջ գտնուող այդ բլրակը, այդքան համբաւաւոր ու «տարբեր» (ինչպէս կ՚ըսեն), ինչո՞ւ չեմ գացած։

Եւ քանի որ գործս կէս մնացած է արդէն, կը նախընտրեմ դուրս գալ գրադարանէն ու քալել դէպի Կոնդ, տեսնել զանիկա։ «Հը՞, գացի՞ր», կը հարցնէ Կոնդեցին։ Կը մտածեմ ըսել, որ Կոնդ կ՚երթամ. բայց, մտածելով թէ պիտի փակի ինծի եւ անձամբ ուզէ ցոյց տալ իր թաղը, «հա, գացի» մը կ՚ըսեմ պարզապէս, ու դուրս կու գամ ցուրտ բայց արեւաշող Երեւանի փողոցներ։

Մի քանի փողոց կ՚անցնիմ, կը հասնիմ Կոնդեան զառիվերներէն մէկուն։ Թեքը կը բարձրանամ մէկ շնչով, եւ, մի քանի վայրկեանուայ մէջ, ամբողջովին ուրիշ տեղ եմ կարծես։ «Գիւղ Երեւանի սրտում», կ՚ըսէ ջուրի կէտին կանգնած կինը։ Պարսկական Սաֆավիտեան ժամանակներէն մնացած այս թաղամասին մէջ դեռ կանոնաւոր ջրային համակարգ չկայ։ Պէտք է դուրս ելլել, հասնիլ բակ, սափորով ջուր առնելու եւ տուն տանելու համար։

«Մի կերպ ապրում ենք էլի», կ՚ըսէ տիկինը, որ 1915-ին գաղթած եւ Կոնդ «ժամանակաւոր» բնակութիւն հաստատած Վանեցիներու թոռնիկն է, կը պարզուի։

Ձախիս քարաշէն մոխրագոյ շէնք մը կայ։ «Այս ե՞րբ կառուցած են», կը հարցնեմ։ «Երեւի Սովետ», կը պատասխանէ տիկինը։

Կը հանեմ հեռախօսս, կը բանամ Երեւանի յուշարձանային-ճարտարապետական առցանց քարտէսներէն մէկը, կը գտնեմ շէնքը եւ կը կարդամ. Ցարական շրջանի կառոյց։

«Ցարակա՞ն Երեւանի մարդն ես», մտովի կը հարցնեմ Կոնդեցիին։ Ետեւ կը նայիմ, մօտ յիսուն մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող տնակները կարծես լրիւ ուրիշ բան կ՚ըսեն։ Աչքիս առջեւ կու գայ Կոնդեցին, ու տարօրինակ նայուածքին վրայէն «ոչ-ոչ» կ՚ընէ յօնքերով։ «Դեռ բան չես տեսել», կ՚ըսէ կարծես։

ԵՐԱՄ

(շարունակելի)

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020