ԴԱՐՈՒՍ (ՆՈՐԱԳՈՅՆ) ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻ՛ՒՆԸ
Այն, ինչ որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաղեստինիցիներուն եւ աշխարհին «պարգեւեց» իբրեւ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին լուծման «լաւագոյն ծրագիր», ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ դարուս նորագոյն անարդարութիւնը:
Չ՚արժեր երկար կանգ առնել այն սխալ ու մոլորեցնող մանրամասնութեանց վրայ, որոնց մասին խօսեցաւ Թրամփ. օրինակի համար, մէկ կողմէ Երուսաղէմը որդեգրեց իբրեւ Իսրայէլի վերջնական ու անբաժանելի մայրաքաղաք, իսկ միւս կողմէ՝ ընդունեց, որ Արեւելեան Երուսաղէմի մէկ փոքր մասը կրնայ ըլլալ պաղեստինեան առաջադրեալ անկախ միաւորին (հոս ալ՝ անորոշութիւն ու շփոթեցնող արտայայտութիւններ) մայրաքաղաքը: Պաղեստինցիներու ղեկավար Մահմուտ Ապպաս, առանց բառերը, ծամծմելու «դաւադրութիւն» որակեց եւ անընդունելի գտաւ առաջարկը, իսկ Թրամփի դաւակից Նեթանիյահու աւելի ուշ բացատրեց, որ պա-ղեստինցիներու համար իբրեւ մայրաքաղաք նկատի առնուած վայրը Երուսաղէմի արեւելեան ծայրամասին գտնուող Ապու Ապս անունով գիւղ մըն է…
Թրամփի ծրագիրին մանրամասնութիւնները արդէն ծանօթ են. ան միանգամընդմիշտ կը թաղէ այն բոլոր ընտրանքները, որոնք կը նախատեսէին պաղեստինեան անկախ պետութեան մը սահմանները, պաղեստինցիներուն վերապահուած հողամասը «կը զարդարէ» հարսանիթով վարակուած մարմինի մը նշաններով, որովհետեւ պաղեստինեան հողերու վրայ տասնամեակներէ ի վեր կառուցուած՝ թէ՛ արաբներուն եւ թէ՛ աշխարհին կողմէ ապօրինի հռչակուած հրէական բնակեցման վայրերը վերջնականապէս կը հռչակուին իսրայէլեան հող, այլ խօսքով, կ՚օրինականացուին յաւելեալ հողերու բռնակցումը, իսկ «անաչառ իրաւարար»ը բարի կ՚ըլլայ կողմերուն առաջարկելու չորս տարուան «փոխանցման շրջան մը», որուն ընթացքին պէտք է անորոշ մանրամասնութեանց շուրջ բանակցին ու համաձայնութեան գան: Պաղեստինցիք պէ՞տք է ուրախանան, թէ՞ «հարցը կը փակուի» միայն բնակեցման վայրերուն վրայ իսրայէլեան գերիշխանութեան հաստատումով, մինչդեռ քանի մը ամիս առաջ տկար դիրքէ ընտրապայքարի մտած Նեթանիյահու կը յոխորտար, որ յաղթելու պարագային, Յորդանանի հովիտը պիտի կցէ Իսրայէլի: «Անաչառ միջնորդը» ի՞նչ երաշխիք կրնայ տալ, որ Իսրայէլ պիտի չբազմապատկէ պաղեստինեան հողերու վրայ բնակեցման վայրերու կառուցումը, ինչպէս ըրած է նախընթաց բանակցութիւններու բոլոր փուլերուն ու թողուած է սանձարձակ…
Իսրայէլ-Պաղեստին տագնապին ամենէն մակերեսային կերպով հետեւող անձն իսկ դժուարութիւն չ՚ունենար տեսնելու, թէ Թրամփի առաջարկած ծրագիրը ո՛չ միայն աղաղակող կերպով կողմնակալ է եւ ի նպաստ Իսրայէլի է (պաղեստինցիներու կարծիքն իսկ չէ առնուած նախօրօք, ո՛չ ալ պաղեստինցի ներկայացուցիչ հրաւիրուած էր ծրագիրին հրապարակման, անկախ անկէ, որ հրաւիրուելու պարագային, արդարօրէն պիտի մերժէր որեւէ ներկայութիւն), այլ վարագոյր մը եւս վար կը բերէ 1948-էն ի վեր անիրաւուած ժողովուրդի մը դատը ի նպաստ իրաւազրկողին լուծելու բեմադրութեան նորագոյն արարին վրայ: Փաստօրէն, արաբ-իսրայէլեան պատերազմներուն յաջորդած՝ խաղաղութեան բանակցութիւններու բոլոր փուլերուն, սկսելով Քեմփ Տէյվիտէն մինչեւ Օսլօ եւ այլ, ամերիկեան իրերայաջորդ վարչամեքենաներ փորձած են անաչառ միջնորդի ու խաղաղարարի դեր խաղալ՝ քայլ առ քայլ պաղեստինցիները մղելով նահանջներու. թրամփեան վարչակարգը խորքին մէջ գլեց անցաւ նախորդներուն բոլոր խաղերը, երբ շուրջ երեք տարի առաջ Երուսաղէմը որդեգրեց իբրեւ Իսրայէլի վերջնական մայրաքաղաք, ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն փոխադրեց Երուսաղէմ: Իսրայէլի գոյութիւնը մերժելու արաբական նախկին կեցուածքին բարեշրջումէն ետք իսկ, պաղեստինցիներուն նահանջներ պարտադրելու խաղը՝ Եասէր Արաֆաթէն մինչեւ Մահմուտ Ապպաս ու «Համաս», ահա կը նուաճէ նոր «իրագործում» մը: (…)։
Իրաւազրկեալ որեւէ ժողովուրդի, եւ ո՛չ միայն պաղեստինցիներու համար, նման խաղեր բնականաբար անընդունելի են: Ողբերգութեան մէկ այլ երեսն ալ արաբական աշխարհին կրած պարտուողական ու բաժանուածութեան իրավիճակն է, որուն արմատները կ՚երկարին մինչեւ Քեմփ Տէյվիտի նախընթաց տարիները: Այսօր ո՞վ կը յիշէ այն «դարաշրջանը», երբ պաղեստինցիներու իրաւունքներու դրօշը մէկ առաջնորդն էր արաբական պայքարին, ո՞վ կը յիշէ Ալճերիոյ կամ այլ երկիրներու անկախական պայքարներուն դրօշները, որոնք կը տարածուէին Մարոքէն մինչեւ Եգիպտոս, Սուրիա, Իրաք եւ Ծոցի երկիրներ… Վաղը, երբ պաղեստինցիք իրենց կոկորդը սեղմող, զիրենք հեղձամահ ընելու ձգտող ձեռքերուն դէմ ընդվզում արտայայտեն բողոքի նոր ալիքներով, զինեալ պայքարը աւելի՛ եւս սաստկացնեն, աշխարհը լուռ հանդիսատես պիտի մնայ ու պիտի նախընտրէ յարիլ զանոնք «վայրենիներ» ու «ահաբեկիչներ» որակելու Իսրայէլի պարսաւանքներուն:
… Մենք՝ հայերս, հաւանաբար որեւէ այլ իրաւազրկեալէ աւելի՛ լաւ կը հասկնանք նման «անաչառ» ծրագիրներու իմաստը: Չէ՞ որ մեր Արցախին համար ալ կը փորձեն մեզի հրամցնել «շրջանը Ազրպէյճանի կազմին մէջ պահելու» ընտրանքը: (…)։
Աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնելու յաւակնութիւնները չեն կրնար իրականութիւն դառնալ՝ դարաւոր անարդարութիւններու վրայ նորեր բարդելով:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
29 յունուար 2020
Հարթակ
- 11/30/2024