ՄԱՐՄՆԻ ԵՒ ՀՈԳԻԻ ՄԻՋԵՒ
Մարդիկ, ընդհանրապէս զիրար կ՚օրինակեն մեքենաբար, եւ երբեմն «յիմարաբար», նոյնիսկ իրենց վնաս պատճառող արարքներով՝ իրենց մարմինը եւ հոգին կործանելու համար։ Յաճախ ո՛չինչ կը համարեն այդ մարմնական եւ հոգեւոր կործանումը, բաւ է որ օրինակեն ուրիշները, ուրիշներու պէս ըլլան եւ ուրիշներէ վար չդասուին։
Մարդոց զիրար օրինակելու այս անդիմադրելի փափաքը երբեմն շատ աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար կ՚ըլլայ, երբ անիկա աննիւթական ըլլայ եւ պատկանի մանաւանդ գաղափարներու մարզին։
Այդ գաղափարական «թոյն»ին ակնաղբիւրը դարուս «նիւթապաշտ փիլիսոփայութի՛ւն»ն է։ Նիւթապաշտութիւնը կ՚ենթադրէ «կռապաշտութիւն»՝ տարբեր չաստուածներու անուններով։ Դրամի տարապայման սէրը՝ կա՛մ բոլորովին մոռցուցած է մեզի Աստուծոյ սէրը, եւ կամ մեծ մասամբ նուազեցուցած՝ կամ թեթեւցուցած է զայն մեր սրտին մէջ։
Նիւթապաշտութիւնը ինքնին նոր չէ՛։ Քրիստոնէութիւնը ծնաւ եւ աճեցաւ Հռովմէական կայսրութեան մէջ, որ նիւթապաշտութեամբ թրծուած էր ներսէն եւ դրսէն։ Բայց նախնական քրիստոնեաները՝ հոգեւորապէս «դիմադրական ուժ» ունէին եւ կրցին իրենց հոգին զերծ պահել վարակումէ՝ նիւթապաշտութեան «թոյն»էն։
Քրիստոնէութիւնը «հակադեղ» մըն էր տիրող նիւթապաշտութեան դէմ։
Սակայն եւ դժբախտաբար՝ ներկայիս, շատերու համար քրիստոնէութիւնը դադրած է դիմադրական եւ պաշտպանողական ուժ մը ըլլալէ ընդդէմ այն մեղքերուն, որոնց ակը «նիւթապաշտ հեթանոսութիւն»ն է։ Այսօր նիւթականը աւելի ծանր կը կշռէ քան հոգեւորը։ Գրեթէ ամէն դասակարգի համար՝ նիւթական հարստութիւնը կը թուի ըլլալ գերագոյն բարիքը, որուն հասնելու համար պատրա՛ստ են զոհելու ամէն ճշմարտութիւն, առաքինութիւն՝ Աւետարան եւ Քրիստոս։
Թող ներուի մեր համարձակութիւնը, բայց այսօր, «քրիստոնեան» կիսովի, մասամբ կամ ամբողջովին «հեթանոսացած» է։ Աշխարհի «մէջ» ենք միշտ, եւ սակայն «աշխարհէն» ենք, ինչպէս եղած են ամէն դարու եւ շրջանի «հեթանոս»ները։
Սա յայտնի իրողութիւն մըն է, որ մարմինին եւ հոգիին միջեւ կենսական կապ մը կայ եւ ուստի ի՛նչ տեսակ «թոյն» որ կ՚ազդէ մարմինին, եւ կ՚եղծանէ զայն, կ՚ազդէ նաեւ հոգիին, ինչպէս անպատճառ՝ մտքին, եւ հետզհետէ կը տկարացնէ զանոնք, եւ կամ, բոլորովին կը փճացնէ։
Կան ֆիզիքական եւ գաղափարական «թոյն»եր։
Կան նաեւ թոյներ, որոնք մեր բնութեան մէջ կը ծնին՝ ընդոծին են եւ կ՚աճին եւ իրենց աւերիչ դերը կը կատարեն։ Եւ ինչպէս վկայեց Յիսուս. միայն «բերնէն մտած»ը չէ որ կը պղծէ, եւ կամ կը թունաւորէ, հապա՝ ի՛նչ որ «բերնէն կ՚ելլէ», այսինքն, թէ «թոյնի աղբիւր»ը մարդէն դուրսը չէ ամէն ատեն, այլ յաճախ, մարդուն մէ՛ջն է. «բերնէն մտածը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ ի՛նչ որ դուրս կ՚ելլէ բերնէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը» (ՄԱՏԹ. ԺԵ 11), (ՄԱՐԿ. Է 15)։
Զոր օրինակ լեզուն՝ առէ՛ք «չարախօս» եւ «ստախօս» լեզուն։ Յայտնի առածը կ՚ըսէ. «Լեզուն սրտին աւեցուքը դուրս կու տայ»։ Ուստի, եթէ մարդու մը սիրտը՝ «թոյնի սրուակ» մը չըլլայ, լեզուն ալ թոյնի մէջ չի թաթխուիր։ Արդարեւ, հնդիկներու ամենէն մահացու զէնքն էր թունաթաթախ նետը։ Բայց կրկնապէս մահացու է լեզու մը, որ թաթխուած է ստութեան, ատելութեան եւ անէծքի թոյնին մէջ։
Առակաց Գիրքը լեցուն է այս մասին վկայութիւններով եւ «թունալից լեզու»ին դատապարտիչ որակումներով. «Նենգաւոր լեզուով մարդ չարիքի՛ մէջ կ՚իյնայ…», «Տէրը… կը զզուի ստախօս լեզուէն… ստութիւն խօսող անիրաւ վկայէն, ու եղբայրներու միջեւ կռիւ ցանող մարդէն»։
Իսկ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Բռնաւորին լեզուն՝ չարութիւններ կը հնարէ եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ»։
Եւ Իմաստունը կը յայտարարէ թէ՝ «մահը եւ կեանքը լեզուին ձեռքն են…»։
Շա՛տ աղէկ, շա՛տ շիտակ, ուրեմն, ինչո՞ւ համար լեզուն չծառայեցնենք կեանքի ճոխացման, զարգացման, փոխանակ չարիքի, մեղքի, եւ «մահուան գործիք» ընելու…։ Եւ ինչո՞ւ համար մենք եւս չձայնակցինք Սաղմոսերգուին՝ ըսելով. «Իմ լեզուս քու արդարութիւնդ պիտի խօսի, ու ամէն օր՝ քու գովութիւնդ», եւ կամ, «Իմ լեզուս քու խօսքերդ պիտի պատմէ»։ Ուրեմն անսանք մենք ալ Լեմուէլ թագաւորին խրատին եւ մեր «բերանը իմաստութեամբ բանանք» եւ մեր լեզուին տիրող «օրէնքը ընենք քաղցրութի՛ւնը»։
Մարդուս սրտին «նախանձ»ն ալ այնքան ահաւոր եւ մահացու թո՛յն մըն է ո՛րքան՝ իժի մը ժանիքին մէջ մթերուած թոյնը։ Եթէ մեծութիւն կայ մեր մէջ՝ հպարտութիւն եւ ինքնահաւանութիւն, բնաւ ետ պիտի չմնանք նախանձելէ, եւ սակայն երբ կայ վեհանձնութիւն, իսկական մեծութիւն՝ բնաւ պիտի չնախանձինք անոնց, որոնք մեզմէ գերազանց կարողութիւններով օժ-տըւած են՝ մեզմէ աւելի՛ կը սիրուին, աւելի համակրանք կը վայելեն, մեզմէ աւելի օգտակար եւ արդիւնաւոր ծառայութեան մէջ են։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր անձ տարբեր կարողութիւններով օժտուած են, բաւ է որ ամէն մէկը անդրադառնայ իր կարողութիւններուն եւ յատկութիւններուն եւ գիտնայ բաժնել՝ օգտակար ըլլալ ուրիշներուն։
Ուստի, «նախանձ»ը հոգեւոր ախտ մըն է՝ քաղցկեղ մը՝ որ կը սպաննէ նախ՝ նախանձողը եւ ապա՝ նախանձի առարկան։
Առակաց Գիրքը կը հաստատէ թէ՝ «Նախանձը ոսկորներու փտութի՛ւն է»։ Եւ ուրեմն, նախանձը ո՛չ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ մարմնական ախտ մը՝ հիւանդութիւն մըն է եւ թո՛յն։
Նախանձը մարդու մը «ստորադասութեան գիտակցութեան», «ստորակայութեան բարդոյթ»ի ամենէն բացայայտ ապացո՛յցն է։ Ան որ զուրկ է արժանիքէ՝ կը նախանձի երբ ուրիշի մը մէջ արժանիք տեսնէ։ Ըստ Յակոբոս առաքեալի, շատերուն մէջ «նախանձոտ հոգի մը» կը բնակի։ Մեր «ներքին թշնամի»ն մեր լեզուն ալ կը թշնամացնէ ուրիշներուն դէմ։
Քրիստոնեայ ըլլա՛նք, որ ըսել է՝ մեր բնիկ ձգտումները, փափաքները, կիրքերը եւ փորձութիւնները զսպել եւ սրբագրել գիտնանք։
Այս իմաստով ուրեմն, քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ՝ Քրիստոսը օրինակ ունենալ մեր բոլոր խօսքերուն, զգացումներուն, խորհուրդներուն եւ գործերուն մէջ։ Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ երկիւղն է. այո՛, բայց նաեւ՝ քրիստոնեային համար՝ Քրիստոսի սէ՛րը։
Արդարեւ, Քրիստոսի սէրը դարմանն է նախանձի, եւ երբ կա՛յ սէր, ապա ի՞նչու նախընտրենք ատելութիւնը եւ նախանձը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 22, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024