ԿԱՄՐՋԵԼՈՎ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայ եւ թուրք խումբ մը լուսանկարիչներ կրկին միասին ցուցահանդէս ունեցած են. Երեւանի եւ Իսթանպուլի մէջ միեւնոյն ատեն նոյն ցուցահանդէսը բացուած է: Երեւանի մէջ՝ Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին, իսկ Իսթանպուլի մէջ՝ UNIG ցուցասրահին մէջ: «Կամրջելով պատմութիւնները» խորագրով առաջին ցուցահանդէսին ԺԱՄԱՆԱԿ-ը 2017-ին անդրադարձած էր:
Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հովանիին ներքոյ իրականացուող այս նախագիծը կը համախմբէ աւելի քան քսան հայ եւ թուրք լուսանկարիչներ, որոնք նախապէս, աշխատանոց մը ունենալով, իրենց երկիրներուն պարզ ու առօրեայ կեանքը ներկայացնող դրուագներ կը նկարեն եւ աշխատանքներու աւարտին լաւագոյն լուսանկարներով ցուցահանդէս կը կազմակերպեն: 2017-ին կայացած ցուցահանդէսին բոլոր լուսանկարները տեղ գտած են գիրքի մը մէջ:
Այս տարուան ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն քսան երիտասարդ լուսանկարիչներու լուսանկարներ: Աշխատանոցը տեղի ունեցած է 2019-ի օգոստոսին՝ Հայաստանի Դիլիջան քաղաքին մէջ, ուր երիտասարդները ծանօթացած են լուսանկարչութեամբ պատմութիւն պատմելու հնարաւորութիւններուն, ընկերային ցանցերու միջոցաւ զանոնք տարածելու եւ աւելի շատ լսարաններու հասցնելու միջոցներուն: Այս անգամ աշխատանքները վարած են հայաստանցի նշանաւոր լուսանկարչուհի Անուշ Պապաճանեան, «Նէյշընըլ Ճէոկրաֆիք»ի լուսանկարիչ Ճոն Սթենմայըր, իսկ Թուրքիայէն՝ Սապիհմա Չիմէն:
Փորձելով ներկայացնել երկու երկիրներու՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մանաւանդ նմանութիւնները, ցուցահանդէսի մասնակիցները շեշտը դրած են խաղաղ համակեցութեան, ժողովուրդներուն միջեւ եղած երկխօսութեան եւ զիրար հասկնալու անհրաժեշտութեան վրայ: Ինչպէս ցուցահանդէսի բացման ըսաւ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Մ. Թրէյսի. «Ճամբորդութեանս ընթացքին կը հասկնամ, որ մարդոց ընդհանրութիւնները աւելի շատ են, քան՝ տարբերութիւնները։ Ուրախ եմ, որ ծրագրի հայ եւ թուրք տաղանդաշատ մասնակիցները կարողացած են որսալ ճիշդ այդ միաւորող պահերն ու ընդհանրութիւնները»:
Թուրքիոյ մասնակիցներէն Թոփրաք Քարաքայան իր տպաւորութիւնները յայտնելով ըսաւ. «Մեր երկու երկիրներուն մշակոյթները մօտ են, ուտելիքները, մարդիկ, երբեմն՝ բառերն ու արտայայտութիւնները նման են: Այս ծրագրին ընթացքին երբ կը զրուցէի թուրք ընկերներուս հետ, հայ մասնակիցները սովորաբար կը հասկնային մեզ»:
Բոլոր մասնակիցները վստահ են, որ հայ-թրքական հասարակական երկխօսութիւնը այսօր լաւ հիմքերու վրայ է եւ ատոր կայացման կը նպաստեն նաեւ այսպիսի ցուցահանդէսները եւ նմանատիպ ձեռնարկները, որոնք վերջին տարիներուն յաճախակի դարձած են երկու երկիրներուն մէջ: «Կամրջելով պատմութիւնները» լուսանկարչական ցուցահանդէսի մասնակիցները ամիսներ շարունակ հարիւրաւոր լուսանկարներ տեղադրած են Instagram-ի #BridgingStories կայքէջին մէջ, որ ունի 13 հազարէն աւելի հետեւող՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 20 լուսանկարիչներէն 60 ընտրուած լուսանկարներ: ՆՓԱԿ-ի մէջ այս ցուցահանդէսը նախօրօք յայտարարուած փետրուար 4-ի փոխարէն կը շարունակուի մինչեւ փետրուարի վերջին օրը, իսկ Իսթանպուլի մէջ՝ մինչեւ 7 փետրուար:
Ներկաները ցուցահանդէսի բացումին ըսին, որ եւս մէկ փոխըմբռնման կամուրջ մը կառուցուեցաւ:
Ճոն Սթենմայըր. «Պատմութիւնը, որ կը պատմեն այս լուսանկարիչներէն իւրաքանչիւրը, իրենց կեանքի եւ աշխարհի մասին պատմող գեղեցկութիւններն են, որոնց մէջ կայ կախարդական բան մը, որ ունին այս երկակի նմանութիւնները: Յուսամ, երբ մարդիկ տեսնեն այս ցուցահանդէսը, կը կարենան տեսնել եւ զգալ մանաւանդ երկու մշակոյթներուն նմանութիւնները: Մեզի՝ ծրագիրը ուսուցանողներուս համար հաճելի է երթալ այս վայրերը եւ տեսնել, թէ փոփոխութիւնները ինչպէ՛ս կ՚իրականանան. մանաւանդ մշակոյթի մարդիկ, շատ կը փափաքին տեսնել այդ փոփոխութիւնները եւ փոփոխութիւնները նախ մարդոց ներսն է, որ կը կատարուին: Նմանութիւնները երկու երկիրները կը միաւորեն եւ ոչ թէ կը բաժնեն: Ասոնք խաղաղութեան տանող քայլեր են. խաղաղութիւնը, որուն մասին բոլորս կը խօսինք: Մենք չենք կրնար փոխել անցեալը, որ արդէն եղած է. մենք չենք կրնար ապրիլ անցեալի մէջ. պէտք է առաջ նայիլ, դէպի ապագայ, իսկ ապագան հիմա կը սկսի»:
Ծրագիրը միւս իրականացնողը՝ լուսանկարիչ Անուշ Պապաճանեանը, վստահ է, որ ծրագիրը իր նպատակին հասաւ այն առումով, որ ցոյց տուաւ երկու ժողովուրդները կապող թելերը. «Լուսանկարները ցոյց կու տան, որ հայերը եւ թուրքերը, անկախ քաղաքականութենէն եւ անկախ ամէն ինչէն, սովորական մարդիկ են, իրարու նման են, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ բոլոր մարդիկ», ցուցահանդէսին յայտնեց Անուշ Պապաճանեան:
Թուրքիայէն մրցանակակիր լուսանկարիչ Սապիհմա Չիմէն նոյնպէս խօսեցաւ ծրագրին իր մասնակցութեան մասին, ըսելով, որ ի սկզբանէ հաւատացած է, թէ կարելի է լուսանկարներու միջոցաւ ստեղծել միջմշակութային երկխօսութիւն. «Ես Հայաստանը տեսնելու ցանկութիւն ունէի եւ միեւնոյն ժամանակ ինծի համար շատ լաւ փորձ էր առաջին անգամ ներկայանալ որպէս խորհրդատու: Այս ծրագրին ընթացքին մենք իրարմէ շատ բան սորվեցանք, զիրար աւելի լաւ ճանչցանք, դասաւանդելը եւ հաղորդակից դառնալը շատ օգտակար եւ կարեւոր եղաւ», ըսաւ Սապիհմա Չիմէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ