ԹՆՃՈՒԿԸ
Զինուորական մը պուտտաեականի մը հարց կու տայ, թէ ի՞նչ է այս նոր շարժումին խորքը, ուսմունքը. «Չարիք չընել, բարին ընել եւ միտքը մաքրազատել»: Ա՛յս է կ՚ըսէ: «Այս վեց տարեկան տղան ալ գիտէ» կ՚ըլլայ պատասխանը, որուն պուտտաեականը կը պատասխանէ. «Վեց տարեկանը գիտէ, բայց վաթսուն տարեկանն ալ անկարող է իրագործել»: Ահա հոս է հարցերու հարցը, թնճուկը: Ամէն վարդապետութեան, փիլիսոփայութեան, տեսութիւններուն եւ գործադրութեան միջեւ կայ անանց կամուրջ մը, որ անվիճելի է: Նոյնիսկ նոյն վարդապետութեան հետեւողները հազիւ շարժումը սկսած, կամ նոյնիսկ կարճ ժամանակամիջոցին մէջ իսկ տեսութիւնը ընկալելու եւ մեկնելու պարագային երկփեղկումներ ու յետագային ալ, ա՛լ աւելի բաժանումներ կ՚ունենան:
Պատճառները բազմաթիւ են: Անհատներու ըմբռնողութիւնը, տեղայնութիւնը, ժամանակի եւ աւանդութեան ազդեցութիւնը հաւաքականութենէ հաւաքականութիւն կը տարբերին, մանաւանդ երբ կը թափանցէ ա՛յլ դրացի երկիր: Հունտը կը ցանուի, սակայն աճելու, արեւուն նայելու, տարածուելու ժամանակաշրջանն իսկ իրենց կնիքը կը դրոշմեն տուեալ վարդապետութեան վրայ: Պուտտայով սկսած վարդապետութիւնը յետագային բազմաթիւ ճիւղաւորումներ ունեցաւ, գլխաւոր երեքն են.- Մահաեանա, Թերաւատա եւ Վաժրաեան: Եւ շարքը երկար է: Կայ Թիպեդեանը, Չինականը եւ այլն, վերջին հաշուով ամէն ոք իր ըմբռնումին համեմատ իր պուտտիզմը կ՚որդեգրէ:
Երբ Յիսուսի աշակերտները քրիստոնէութիւնը ընդունողներուն թլփատութիւն կը պարտադրէին, Պօղոս առաքեալ այդ դժուարութիւնը շրջանցելու համար զանց առնել տուաւ այդ գործողութիւնը ոչ-հրեայ ժողովուրդներու համար: Ինք եկեղեցիներ հիմնեց եւ ըսաւ. «չկայ Պօղոսեան եւ Ապօղոսեան եւ թէ՝ Յիսուսով մէկ են» կանխելու այլ երկպառակումներ: Անցեր է երկհազարամեակ ու գլխաւոր երեք խմբաւորումներուն տասնեակներ աւելցած են: Ճիւղաւորումներ ճիւղաւորումներու վրայ:
Թողելով կրօնականը եթէ անցնինք գաղափարական ընկերվարական դաշտ, նոյնքան եւ աւելի խճճուած իրականութեան առջեւ կը գտնենք մենք մեզ, որ արժանի է մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան, անոր ճիւղաւորումներուն մասին եւս անդրադառնալ, սակայն խորքը կը մնայ նոյնը՝ թնճուկը, մարդաստեղծ, ինչպէս եւ տեսութիւնը:
ԱՆՎԵՐՋ ԸՆԹԱՑՔ մարդու հետ զուգահեռ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՂՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան
Հարթակ
- 11/30/2024