ՆՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը այս շրջանին կը զուգորդուի բազում հարցականներով։ Թէեւ իշխանութիւնը մօտաւոր անցեալի ընտրութիւններուն ժողովրդական ամուր յենարաններ ապահոված էր եւ այդ առումով հաւասարակշռութիւններու լուրջ փոփոխութեան մը ենթարկուած ըլլալու տպաւորութիւնը գոյութիւն չունի, սակայն գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները չեն բացակայիր երկրի օրակարգէն։ Այս բոլորին զուգահեռ կ՚ըլլան նոր խմորումներ եւ Հայաստանի մէջ կը հասուննան նաեւ ընդդիմադիր հոսանքներ, որոնք կը թիրախաւորեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը։

Այս շրջանին Հայաստանի Սահմանադրական ատեանին շուրջ ստեղծուած է լարուած իրավիճակ մը։ Երկրի իշխանութիւնը կը ձգտի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեանը հեռացնել իր պաշտօնէն։ Համապատասխան օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով ալ հանդէս կու գայ կառավարութիւնը եւ այդ քայլերը իրաւական ու ժողովրդական առումով կ՚ընկալուին ծայր աստիճան խնդրայարոյց։ Իշխանութիւնները կը ջանան իրենց հիմնաւորումները համոզիչ դարձնել նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի եւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի դեսպաններուն հետ՝ քննարկելով Սահմանադրական ատեանին շուրջ ստեղծուած առկայ իրավիճակը։

Ի լրումն այս բոլորին, Երեւանի մէջ այս առաւօտ ալ տեղի ունեցաւ այլ հետաքրքրական իրադարձութիւն մը։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ան մօտաւոր անցեալի յեղափոխութեան յաջորդած բախտորոշ ժամանակաշրջանին եղած էր ԱԱԾ-ի տնօրէն։ Որոշ ժամանակ անց, սակայն, Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնազրկած էր Արթուր Վանեցեանը։ Իր հասցէին ալ զանազան պնդումներ շրջանառութեան մէջ մտած են հանրային կարծիքին մօտ։ Արթուր Վանեցեան այս բոլորին բերումով յայտնած էր, որ պարբերաբար պիտի մէկտեղուի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Իր այդ որոշման զուգահեռ ան այս առաւօտ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն հրաւիրուած էին շուրջ տասն յայտնի լրագրողներ, քաղաքական մեկնաբաններ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2020