ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Պաքուի մէջ պարգեւատրուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Այսպէս, Չավուշօղլու արժանացաւ «Բարեկամութեան» շքանշանին, զոր իրեն յանձնուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Ալիեւ մատնանշեց Չավուշօղլուի կողմէ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն բերուած կարեւոր նպաստը։ Ան ընդգծեց, որ Չավուշօղլու ի սրտէ կը սիրէ Ատրպէյճանը։ «Դուք միշտ խրախուսեցիք եւ պաշտպանեցիք Ատրպէյճանը։ Եւրոխորհուրդէն ներս ալ ձեզի հետ աշխատեցանք եւ միշտ զիրար պաշտպանեցինք։ Երկար ժամանակէ ի վեր զիրար կը ճանչնանք։ Դուք կարեւոր նպաստ մը ունիք Թուրքիոյ վերելքին մէջ։ Դուք յատուկ դեր մը ունիք՝ եղբայրական Թուրքիոյ համաշխարհային հարթութեան վրայ ուժի կեդրոն մը դառնալուն մէջ։ Ձեզ շատ լաւ կը ճանչնան ու կը սիրեն Ատրպէյճանի մէջ։ Մեծ յարգանք կը վայելէք՝ որպէս մեր ժողովուրդի բարեկամն ու եղբայրը։ Այս բոլորին բերումով կը մեծարուիք «Բարեկամութեան» շքանշանով», ըսաւ Ալիեւ պարգեւատրման ընթացքին։

Հանդիսութեան ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Ալիեւ քննադատեց նաեւ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը՝ թուարկելով բազում թերացումներ։ Այդ պնդումներուն լոյսին տակ ան ըսաւ նաեւ, որ Եւրոխորհուրդը երկակի չափանիշներ կը կիրարկէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պարագային։ Ըստ իրեն, նոյնը խնդրոյ առարկայ է նաեւ Թուրքիոյ պարագային։ Այս բոլորի լոյսին տակ ան մեծապէս կարեւորեց Չավուշօղլուի ծաւալած աշխատանքը՝ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ եղած շրջանին։

Իր կարգին, Չավուշօղլուն ալ շեշտեց, որ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել սկսած օրէն ի վեր պարտականութիւն համարած է ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ՝ Ատրպէյճանի իրաւունքները պաշտպանելը։

Մինչ այդ, Չավուշօղլու Պաքուի մէջ մասնակցութիւն բերաւ Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու արտահերթ ժողովին։ Պաքուի կեցութեան ընթացքին ան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի կողմէ։

ԴԱՍԱԳԻՐՔ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մէջ դպրոցներէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Հասարակաց թրքական պատմութիւն» դասագիրքը։ Ներկայ ուսումնական շրջանի դրութեամբ երկրի 157 դպրոցներէն ներս այս գիրքը սկսած է օգտագործուիլ՝ որպէս դասագիրք։ Իսկ յաջորդ տարի ան երկրի բոլոր դպրոցներուն մէջ արդէն պիտի կարդացուի։ Սոյն դասագիրքը պատրաստուած է Միջազգային թրքական ակադեմիայի կողմէ։ Թուրքիոյ մէջ զանազան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճան մեծ քայլ մը առած է՝ թուրք երեխաներու ապագան փրկելու համար։ Այն 157 դպրոցները, որոնք Ատրպէյճանի մէջ որդեգրած են այս դասագիրքը, ութերորդ դասարանի աշակերտներու տրամադրութեան տակ դրած են զայն։

3 հոկտեմբեր 2019 թուականին Պաքուի մէջ կազմակերպուած Թրքական խորհուրդի 7-րդ գագաթաժողովին ժամանակ այս ուղղութեամբ առնուած էր կարեւոր քայլ մը։ Ատրպէյճանի Կրթութեան նախարարութեան իրաւասուներուն հետ կատարուած շփումներէն վերջ որոշուած էր այս դասագիրքը ընդգրկել այդ երկրի կրթական ծրագրերուն մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2020