ՀԻՆԳ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ԹԻԹԵՌԻՆ ՀԵՏՔԸ

Թիթեռին հետքը չ՚երեւիր
Թիթեռին հետքը չի ջնջուիր

Անմեկնաբանելի գրաւչութիւն մըն է
Դանդաղօրէն կ՚իմաստաւորուի եւ կ՚անհետի
Երբ ուղին յստականայ

Յաւիտենական միօրեայ թեթեւութիւնն է
Վերամբարձ կարօտներ
Եւ գեղեցիկ լուսաբաց

Լոյսին մէջ պսպղացող խալն է
Մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի բառերը
Որոնց բացատրութիւնները մեր ներսն են

Երգի մը պէս է
Որ կը փորձէ հաղորդել եւ կը բաւարարուի
Ստուերներէն մէջբերելով
... Ու չ՚ըսեր

Թիթեռին հետքը չ՚երեւիր
Թիթեռին հետքը չի ջնջուիր

ԵՍ ԻՐՄԷ ԲԱՑԻՆ ՉԵՄ

Հեռուն, իր քայլերուն ետին՝
Գայլերը կը յօշոտեն լուսնի շողերը

Հեռուն, իր քայլերուն դէմը՝
Աստղերը կը լուսաւորեն ծառերուն բարձրութիւնը

Եւ իրեն մօտ՝
Քարին երակներէն յորդող արիւնն է

Ահա թէ ինչու կը քալէ եւ կը քալէ եւ կը քալէ
Մինչեւ որ ամբողջովին հիւծի
Եւ ստուերը զայն խմէ
Այս ճամբորդութեան աւարտի

Ես իրմէ բացին չեմ
Ինք ինձմէ բացին չէ
Պատկերներու փոփոխութեամբ

ՀԵՌՈՒՆ ՈՐՔԱ՞Ն ՀԵՌՈՒ Է

Հեռուն որքա՞ն հեռու է
Որքա՞ն են ճամբաները
Կը քալենք
Կը քալենք դէպի իմաստը
... Եւ չենք հասնիր

Պատրանքն է ան
Ուղեցոյցը մոլորածներուն
Դէպի հեռաւոր ջուրը, որ
Անկարողականութիւնն է... եւ հերոսը

Կը քալենք, եւ անապատին մէջ կ՚աճին մեր
Խորհուրդները
Չենք ըսեր, որ կորուստը չամբողջանայ
Բայց մեր խորհուրդը մեղեդիի մը կը կարօտի,
Թեթեւահունչ
Որ յոյսը չյոգնի

Հեռուն որքա՞ն հեռու է
Որքա՞ն են ճամբաները

ԵՐԿՈՒ ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐ

Կը նայի վեր
Կը տեսնէ աստղ մը
Կը հայի իրեն

Կը նայի ձորին
Կը նշմարէ իր դագաղը
Կը հայի իրեն

Կը նայի կնոջ մը,
Որ կը տանջէ ու կը հրապուրէ զինք
Եւ չի հայիր իրեն

Կը նայի իր հայելիին
Կը տեսնէ իրեն պէս օտարական մը
Կը հայի իրեն

ԾԱՐԱՒԷՆ ՄԱՀԱՑՈՂ ԳԵՏԸ

Հոս գետ մը կար
Ունէր երկու եզերք
Եւ երկնային մայր մը որ սնած էր զայն ամպերու կաթիլներով

Բարակ, դանդաղահոս գետը
Լեռներուն վերերէն հոսելով
Թեթեւ, սիրալի հիւրի մը նման կ՚այցելէր գիւղերն ու վրանները
Եւ ձոր կը բերէր էտենիումի եւ արմաւի ծառերը
Կը քրքջար ան իր եզերքներուն գիշերողներուն հետ
«Խմեցէ՛ք ամպին կաթը, երիվարներուն ծարաւը յագեցուցէք
Եւ թռչէք դէպի Երուսաղէմ եւ Դամասկոս»
Կ՚երգէր ան մերթ հերոսութիւն
... Մերթ սէր
Ան գետ մըն էր երկեզերք
Եւ երկնային մայր մը որ սնած էր զայն ամպերու կաթիլներով

Բայց անոնք առեւանգեցին իր մայրը
Եւ ան ջուրի կաթուածով հիւանդ
Մահացաւ, դանդաղօրէն, ծարաւի

Քերթուածները առնուած են Մահմուտ Տէրուիշի «Թիթեռին հետքը» գիրքէն, հրատարակուած՝ Պէյրութ, 2008-ին:

ԱՆԻ ԲՈՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 7, 2020