ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ

Այսօր, 8 փետրուար 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ յիշատակի տօնը Սուրբ Սարգիս զօրավարին, անոր որդի՝ Մարտիրոսին ու տասնչորս զինուորներուն:

Սուրբ Սարգիսը ծագումով յոյն ըլլալով, մեծ յարգանք վայելած է ու կը շարունակէ վայելել մեր ժողովուրդին կողմէ: Բազմաթիւ աւանդութիւններ կապուած են իր անունին հետ: Բազմաթիւ հրաշքներ կատարուած են իր բարեխօսութեան միջոցով, որով հայերուս մէջ վաստակած է «արագահաս» տիտղոսը, այսինքն՝ շուտ հասնող: Այս գրութեամբ Սուրբ Սարգիսի, անոր որդի Մարտիրոսին ու տասնչորս զինուորներուն մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ պիտի չներկայացնեմ, այլ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսած «Մատենագիրք Հայոց» ԺԳ. հատորի Գանձարանի Ա. Գիրքէն հատուածներ պիտի ներկայացնեմ՝ նուիրուած Սուրբ Սարգիսին ու անոր որդի Մարտիրոսին:

Այսպէս.

ԳԱՆՁ ՍՐԲՈՅՆ ՍԱՐԳՍԻ ԶԱՒՐԱՎԱՐԻՆ ԵՒ ՈՐԴՈՅՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻ
(էջ 331-333)

Մեծապայծառ փառքով զարդարուած, պայծառազգեցեալ եկեղեցիներ,
Ընտրեալ զինուորին յիշատակով՝ Սուրբ Սարգիսին, որ այսօր կը տօնենք,
Անխախտ Արարիչին սիրով վառուած ու անցաւոր կեանքը արհամարհած,
Արեւմուտքէն Արեւելք դիմեց, պարսից Շապուհ արքային մօտ ընթացաւ,
Իսկ անիկա սիրով զայն ընդունեց ու ուրախութեամբ զայն մեծարեց,
Իր զօրքերուն զօրավար կարգեց ու արքունական պատիւով զարդարեց,
Սուրբ Սարգիս զօրավարին բարեխօսութեամբ,
Խնայէ՛ մեզ, Միածի՛ն Որդի, կ՚աղաչենք:

Կենդանարար Որդին Միածին Բանը անեղական հոգի, անքննին խորհուրդ,
Իր աստուածային զօրութիւնը կը յայտնէ Սուրբ Սարգիս զօրավարին միջոցով,
Կրակին պաշտամունքը խափանելով ու խաչին նշանը կանգնեցնելով,
Իսկ բանսարկուն չարութեամբ լեցուած այլասերին զօրքը ոտքի կը հանէ,
Որ ճանապարհին հանդիպելով, Մարտիրոս որդին ձերբակալուեցաւ,
Իսկ աստուածային սէրն ու անչափ գութը ցասում կը ղրկէ անոնց զօրքին,
Չար ախոյեանին դարանակալները սատկեցան, որոնք ձերբակալեցին,
Իսկ անոր իր հօր մօտ բերելով, կը յանձնէին ու մեղքերու թողութիւն կը խնդրէին,
ԶԱստուած երկինքի Արքայ կը կոչէին եւ իրենք զիրենք քրիստոնեայ կ՚անուանէին,
Սուրբ Սարգիս զօրավարին բարեխօսութեամբ,
Խնայէ՛ մեզ, Միածի՛ն Որդի, կ՚աղաչենք:

Պարսկական զօրքի խումբերուն բազմութիւնը կը չարախօսեն Շապուհ արքային մօտ,
Թէ Սարգիս զօրաւոր զօրավարը բանակը քրիստոսադաւան դարձուց,
Կրակին ու արեգակին զոհ չի՛ մատուցեր, ո՛չ ալ քու արքունական պատկերիդ,
Այլ՝ Հայրական Աստուածը կը դաւանի, ծնունդ Որդին եւ գոյական Հոգին,
Համգոյական Երրորդութիւնը եւ անսկզբնական Տէրութիւնը,
Ամբողջ աշխարհը աւար կ՚առնէ, նաեւ մեր Խորասան երկիրը:
Շապուհը դիւական ցասումով լեցուելով ու չար գազանի նման կատղելով
Իր մօտ կը կանչէ Սարգիս զօրաւոր զօրականը ու անոր հաւատքը կը հարցնէ,
Ինչպէ՞ս այդպէս անարժան բան կ՚ընես, կ՚ըսէ, ու Քրիստոսի դաւանութիւնը կ՚ուսուցանես,
Ու մեծութեան պատիւ կը խոստանար, մինչեւ իր թագաւորութեան կէսը,
Իսկ անիկա անշարժ կը մնար հաւանելուն՝ կը դաւանէր՝ Անմահ Արքան,
Սուրբ Սարգիս զօրավարին բարեխօսութեամբ,
Խնայէ՛ մեզ, Միածի՛ն Որդի, կ՚աղաչենք:

...

Քու տօնիդ առաւել կը ցնծան հրեշտակներուն խումբերն ու բոլոր սուրբերը,
Եւս առաւել մարտիրոսներուն զինուորական գունդերը, որոնք պսակուեցան,
Միւռկիւռիոս Սուրբ Նախավկան, Գէորգ քաջ զօրավարը,
Երկու յաղթանդամ Թէոդորոսները, զօրավար Անդրէն ու Անանիան,
Մամիկոնեան խումբը, ու կը ցնծան քաջ Մուշեղն ու Սուրբ Վարդանը,
Տաճատը, Արսէնը, Արտակը եւ Վահանը, Խորէնը, Հմայեակը, Ատոմ Գնունեանը,
Եւ Գարեգինը՝ նախկին ախոյեանը, Սուրբ Յակովիկ բազմահատ Վկան,
Սահակը, Համազասպը, Վահան Գողթնացին եւ ուրիշ շատեր, որոնք նահատակուեցան,
Ասոնք բոլորը քեզմով զօրացան, Սուրբ Սարգիս գերիներու գերեհան,
Ահաւասիկ յիշէ՛.
Եւ եւս առաւել.
Անձերը:

...

Յաջորդ տաղը գրաբարով կը ներկայացնենք, պահելու համար քաղցրութիւնը տաղին:

ՏԱՂ ԳԱՆՁԻՍ ԱՆՈՒՇ ԱՍԱ ՏԷՐ
(էջ 338)

Ի քէն աղերսիւ հայցեմք, պատուեալ զաւրական,
Քրիստոսի յաղթող վըկա, քաջըդ Սուրբ Սարգիս:
Յայսմ աւուր մեծի տաւնիս քո յիշատակիս
Տաւնաւղացըս քո յուսով լե՛ր միշտ բարեխաւս:
Առ արքայն երկնից մաղթեա՛, կենդանի՛ վըկայ,
Սիրով քաղցրութեան Իւրոյ լըսել զաղաչանս:
Կամաւք հաճութեան սիրոյ Քրիստոս Աստըւած,
Ի ձեռըն Սարգսի շնորհեա՛ զՔոյդ զողորմութիւն:
Որ մեծի շնորհաց հասեր եւ անճառ փառաց,
Տեառն զաւրութեամբ եւ մեզ հասցես յաւգնութիւն:
Բանդարկեալ գերեաց անձանց եւ յոյժ նեղելոց,
Ազատեայ զնոսա փութով ի նեղութենէ:
Առիւծ զաւրաւոր, հոգով արծիւ սրաթռիչ,
Ի պատերազմունս աւգնեա՛յ ըզքեզ յիշողացս:
Զաւակ անզաւրեղ փառաւք եւ սքանչելագործ,
Յաւուր ատենին մերոյ հաս արագապէս:
Ատենահասիդ սըրբոյ մեծ զաւրավարիդ,
Նուէրս ընծայիւք պատըւեմք զաւրս յիշատակի:
Յորժամ զփոխարէն վարձուց հատուցման առցես,
Յիշեսցես զերգոյս երգողս եւ զտաւնախըմբողս:
Սուրբ եւ երջանիկ վըկայ եւ միշտ գերակայ,
Որ ի զարմացման մեծի տեսլեամբ երեւիս:
Երիվար սպիտակ գունով ի հրեղէն նիւթից,
Յոր նըտեալ թըռչիս հողմով թեւաւք Սուրբ Հոգւոյն:
Րամից պանծալի զինուոր որդովդ սիրելեաւ,
Զաւրութեամբ լըցեալ Հոգոյն հաս մեզ յաւգնութիւն:
Գոչեմք զքեզ ձայնիւ երգով յոյժ քաղցրանուագ,
Մեծ երախտաւոր մեր, քաջըդ Սուրբ Սարգիս:
Սիրով սըրբութեամբ սըրտիւ մաքուր խորհըրդոյ
Եւ Քրիստոս մաքրէ ըզմեզ ի չար խորհըրդոյ:
Սուրբ Երրորդութիւն անմահ, Քեզ փառըս տացուք
Եւ մեծ ի վեր միշտ առաքեսցուք:

ՅՈՐԴՈՐԱԿ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳՍԻ ԶԱՒՐԱՎԱՐԻ
(էջ 340)

Որ մեծի փառաց հասեր, եւ անճառ շնորհաց Տեառըն զաւրութեամբ
Եւ մեզ հասցես յաւգնութիւն:
Բանտարգել գերեաց անձնաց եւ յոյժ նեղելոց
Ազատեա՛ զնոսա փութով ի նեղութենէ:
Առեւծ զաւրաւոր հոգով, արծիւ սրաթռիչ,
Ի պատերազմունս աւգնեա՛յ ըզքեզ յիշողացս:
Զաւրական զաւրեղ փառաւք եւ սքանչելագործ,
Յաւուր ատենի մերոյ հասարագապէս:
Ատենահասիդ սըրբոյ մեծ զաւրավարիդ
Նըւէրս ընծայիւք, պատուեմք զաւրս յիշատակի,
Յորժամ զփոխարէն վարձուց հատուցմանն առցես,
Յիշեսցես զերգոյս երգաւղս եւ զտաւնախըմբողս,
Սուրբ եւ երջանիկ վըկայ եւ միշտ գերակայ,
Որ ի զարմացման մեծի տեսլեամբ երեւիս,
Երիվար սպիտակ գունով, ի հրեղէն նիւթից,
Յոր նըստեալ թըռչիս հողմով թեւաւք Սուրբ Հոգւոյն:
Րամից պանծալի զինուոր սիրելի որդովդ,
Զաւրութեամբ Հոգւոյն լըցեալ հասիս մեզ յաւգնութիւն,
Գովեմք զքեզ ձայնիւ երգով քաղցրեղանակաւ,
Մեծ երախտաւորըդ մեր, քաջըդ Սուրբ Սարգիս:
Բարեխաւսութեամբ Սրբոյն Սարգսի զօրավարին
Եւ ամենայն սրբոց նահատակութեամբ,
Որ աստ կան հաւաքեալ,
Ողորմեա՛, Տէ՛ր, գծողի սորա Գրիգորի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

30 յունուար 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 8, 2020