ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ. «ՀԱԿԱՌԱԿ ԲՈԼՈՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, ՄԻՇՏ ԱԼ ՓՈՐՁԵՑԻՆՔ ՄԵՐ ԳԼՈՒԽԸ ԴՆԵԼ ՍԵՐՈՒՆԴԷ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄԵԶԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒԱԾ ԲԱՐՁԵՐՈՒՆ»
Կան ու շատ հաւանաբար պիտի ըլլան հարցազրոյցներ, որոնց մուտք գրելը, հարցազրոյց տուողին մասին երկու տող մը գրելը, բան մը յիշատակելը, աւելցնել կամ պակսեցնելը անհրաժեշտութիւն են։ Այս այդ պարագան չէ սակայն, որովհետեւ խօսողը կը պատմէ իր ապրած կեանքէն, անկեղծ է ու ամենակարեւորը կրողն է հոս հարցազրոյցին ընթացքին իր հնչեցուցած գաղափարներուն։
Մարիանա Պերթիզլեանին հետ ես ծանօթացած եմ գրական սեղմ միջավայրի մը մէջ, եւ ան մէկն էր այն տասնեակ ընկերներէն, որոնք Հալէպի, իմա՝ սփիւռքի արդի գրականութեան աշխոյժ անձնաւորութիւններէն էր։
Անշուշտ վերապահ եղած եմ, իր կարգ մը կրօնաբոյր գրութիւններուն, հաշուի առնելով, որ այդ գրելաոճը կը սեղմէ օղակը ազատ գրել ուզող մարդուն պարանոցին, սակայն եկուր տես, որ Պերթիզլեան, յատկապէս իր ազատ ոճի գրութիւններուն եւ նկարագրականներուն մէջ շատ աւելի լիարժէք գրող ըլլլալու միտումներ ունի, քան ըսենք զուտ զգացական-քրիստոնէական մղումներով կերտուած անոր տողերը։
Ամէն պարագայի այս գեղեցիկ հարցազրոյցը այն գրութիւններէն է, զոր ես վերընթերցած եմ մեծ համարումով ու հաճոյքով։
Համարումս պատերազմէն յաղթանակած դուրս ելլել փորձող հայ քրոջ մը հանդէպ ու գրական ոճը ապրելու հաճոյքը, երբ Հալէպի յետպատերազմեան ամբողջ տեսադաշտը կը պատկերուի իմ աչքերուս։
Իսկ այս խօսքերուն համոզուելու համար պիտի առաջարկէի ընթերցել հարցազրոյցը ամբողջութեամբ։
-Ինչպիսի՞ն է Հալէպի իրավիճակը այսօր եւ ի՞նչ են հիմնական դժուարութիւնները։
-Բոլորս, որ կը գոյատեւենք միջինարեւելեան պայթիւնավտանգ քարտէսին վրայ, կը շարունակենք ապրիլ հաւատքով, նոյնիսկ կը ստեղծագործենք՝ իւրաքանչիւրս իր իւրայատուկ ձեւով։ Ամէն ջանք կը գործադրենք մեր ունեցած ջերմութենէն եւ յոյսէն բաժին մը մարդոց փոխանցելու համար։ Իւրայատուկ ենք ոչ թէ մեր ցաւով ու տառապանքով, այլ կեանքի նկատմամբ ունեցած մեր հաւատքով եւ յաղթանակելու կամքով։
Երէկ Սուրիան էր, այսօր Լիբանանը՝ իբրեւ պայքարի վտագաւոր բեմ… իսկ վաղը, Աստուած գիտէ, թէ ո՞ւր կրնայ ըլլալ… միայն կ՚աղօթեմ, որ չարը, իր բոլոր դէմքերով, հեռու մնայ Հայաստանէն…
Նոյն բաները յաճախ ըսել եւ կրկնել ձանձրալի է։ Միայն հաւատքն ու անտեսանելի ոգեղէն յաղթանակի ներքին ուրախութիւնը կրնան օգնել, գոյատեւելու համար, մանաւանդ այստեղ՝ Սուրիոյ մէջ, մասնաւորաբար՝ Հալէպի, ուր օրըստօրէ տնտեսական անտանելի պայմանները մարդոց կը ստիպեն ծայրայեղ լուծումներու դիմելու, շատ անգամ նոյնիսկ ծիծաղաշարժ ու դրական մտայղացումներու, ինչպէս՝ վերջերս որդեգրուած սուրիական լիրայի արժեւորման փորձերը…
Սուրիական դրամը այն աստիճան արժեզրկուեցաւ, որ բազմաթիւ մարդիկ, ամիսը նոյնիսկ մէկ անգամ միս ուտելէ զրկուեցան։ Ահաւոր սղութեան պատճառը ոչ միայն մեր դրամին անկումն էր, այլ նաեւ Հալէպի՝ Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքին շրջափակումը․ դէպի Լաթաքիա, Համա, Հոմս տանող ճանապարհներուն ահաբեկիչներուն կողմէ խափանուած ըլլալու պատճառով՝ Հալէպի շրջակայ քաղաքներուն հետ ազատ կապի չգոյութիւնը։ Ահաբեկիչներով լի Իտլիպը, իբրեւ պատուար, տակաւին կը շարունակէ մնալ, քանի ամբողջապէս չէ մաքրուած կասկածելի տարրերէ։
Հրթիռակոծումները տակաւին կը շարունակուին Հալէպի շուրջ, կեդրոնի շէնքերը դղրդացնելով, իսկ ծայրամասերէն ներս՝ իւրաքանչիւր օր մարդկային նոր զոհեր գրանցելով։
Այս բոլորին քաջատեղեակ, երբ կը շարունակես ապրիլ, կը նշանակէ թէ՝ կամ անտարբեր դարձած ես ամէն բանի նկատմամբ, հեռանալու ոչ մէկ յոյս փայփայելով եւ կամ՝ խաղաղ ու բարգաւաճ ապագայի մը հեռանկարով լիցքաւորուած ես։ Երրորդ տարբերակ մըն ալ կայ՝ նախկին հայատրոփ գաղութդ, տունդ, մանաւանդ հարազատներդ չլը-քել ու չհեռանալու մարդկային կեցուածքն է։
Երբ մարդ իր հարազատներուն կողքին է եւ օդը սիրով կը լեցնէ, ատիկա է ապահովութիւնը, հրթիռն ու նիւթական զրկանքները չեն կրնար քեզմէ խլել ունեցած թանկագին եւ նուիրական հասկացողութիւններդ եւ հոգեկան հարստութիւններդ։
Այնպիսի վախազդու օրեր դիմագրաւեցինք, նոյնիսկ եթէ պատահեցաւ, որ ատեն-ատեն բացակայեցանք, բայց կրցանք կրկին դառնալ ու մեր գլուխները դնել, մեր արցունքով ողողուած բայց մեզի պատկանող եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած ու կտակուած բարձին։
Շատ անգամ կը մտածեմ, արդեօք դանակը չէ՞ հասած ոսկորին, մանաւադ երբ ցուրտը հոգիդ կը ճանկռտէ։ Հալէպի ցրտաշունչ ձմեռը առանց վառելանիւթի դիմագրաւելը իսկապէս հերոսութիւններու մեծագոյնն է։ Թէեւ ձիւն չունինք, բայց այստեղի ցուրտը ոսկորներուդ ուղն ու ծուծը կը թափանցէ եւ կը կրծէ զանոնք։
Հապա զաւակներու կարօ՞տը…
Հալէպի մէջ տուն չկայ, որ սահմանէն դուրս պանդխտացած հարազատներ եւ զաւակներ չունենայ։
Դժգոհիլ՝ բոլորը կրնան, բայց այս բոլորով հանդերձ տակաւին գալիք օրերուն, բարի եւ յուսաբեր նայուածքով նայիլ կը փորձենք՝ մեր անձերը վարժեցնել։
Կը պատահի, որ խարխափենք․ շատ անգամ մեր տեսողութիւնը կը տկարանայ, քանի որ չենք գիտեր, թէ տակաւին ինչեր պահուած են մեզի համար, բայց կամաց-կամաց կը կազմաւորուի մեր հայեացքը, որ տակաւին ժամանակի կը կարօտի։
Երբ կը նայինք հեռուէն կամ վերէն, ամէն բան անցողիկ եւ ակնթարթային կը թուի, իսկ երկիր մոլորակի վրայ ոչ մէկ վայր աղէտներէ կամ պատերազմէ ապահվագրուած է։
-Քիչ չէ թիւը այն վերլուծաբաններուն, որոնց տեսակէտով Հալէպի իրավիճակը ամբողջապէս կը կայունանայ, եթէ քաղաքի օդակայանը վերաբացուի։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։
-Պետութեան յաղթանակելու կորովն ու կամքը, պայքարելու յարատեւութիւնը ընդդէմ ահաբեկիչներու, որոնք այս խեղճացած հողակտորին վրայ կը շարունակեն իրագործել իրենց քմահաճոյքները, մեզի կ՚ըսեն, այո՛, յաղթանակը, թէկուզ մագիլներով, բայց կը վերադառնայ մեզի։ Քիչ տարածքներ մնացած են, որոնք տակաւին չեն ենթարկուած պետական իշխանութեան։ Օդակայանի բացումը ամէն րոպէ կրնայ իրականանալ, բայց անոր շրջակայքի կատարեալ ապահովութիւնը աւելի անհրաժեշտ է, նախքան բացուիլը…
Բոլոր հալէպցիներուս համար ալ երազն է, կրկին մէկ-երկու ժամէն Հալէպի օդակայանէն Երեւան հասնիլը, ինչպէս նախկին երանելի օրերուն, երբ Երեւան երթալը ետեւի թաղ այցելութեան երթալու պէս բան մըն էր. ինչպէս ուսանողութեանս օրերուն, երբ կ՚արթննայինք Հալէպի մէջ, կը գիշերէինք Երեւանի մեր սենեակին մէջ։ Կը յիշեմ նոյնիսկ Լիբանանէն բարեկամներ կու գային, Հալէպի օդակայանէն շատ յարմար գիներով թռչելու միտքով՝ դէպի քաղաքամայր Երեւան։
Կրկին կը վերադառնան այդ գեղեցիկ օրերը, կը հաւատա՛մ․ միայն մէկ բան զիս կը վախցնէ, որ պատերազմի հետեւանքով Հայաստան հաստատուած հալէպցիները, տեղափոխուելու դիւրութեան պատճատով, իրենց հայրենի նորահաստատ բոյները, զորս շատերս կ՚երազենք ունենալ՝ յանկարծ չլքեն Հայաստանը...։
Երեւի «երթամ ննջել զիմ Կիլիկիա» փափաքը իրականացնելէ առաջ, մեր ձեռքն է նաեւ իրականացնելը՝ «երթամ ննջել զիմ Երեւան, զիմ Հայաստան»… որ այն միակ աշխարհն է, ներկայիս, որ կրնայ մեզի արեւ ու կեանք տալ՝ ապրելու համար, չխարխափելու եւ նայելու դէպի այն արեւ քաղաքը, որ բոլորս միշտ գրկաբաց պիտի սպասէ, որքան ալ ուշանանք…
Հայաստանի բոլոր քաղաքներն ալ, հաւասարապէս սիրելի պէտք է ըլլան մեզի, մանաւանդ նոր տեղափոխուողներուն եւ հայրենի հողին վրայ նոր սկիզբ մը դնել ուզողներուն համար։
-Յաճախ կը նկատենք, որ գաղութի կեանքը աշխոյժ պահելու համար տեղի կ՚ունենան մշակութային միջոցառումներ, այդ մօտեցումը ինքնեկ է կամ մեծ ճիգեր կը պահանջէ գաղութի պատասխանատուներէն, այն իմաստով որ ժողովուրդին համար այսօր առաջնայինը ոչ թէ մշակութային ոլորտն է, այլ առօրեայ իր հացին ապահովումը։
-Մշակութային միջոցառումները անհրաժեշտ են, որպէսզի հայեցի կեանքը շարունակուի։ Մեծ ճիգեր կը գործադրուին, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ, որ այստեղ է, եւ պանդուխտ, հայրենիքէն հեռու, իրեն համար սրբազան պարտականութիւն եւ առաջնահերթութիւն համարէ իր անձին հայակերտումը: Էութեան խորքը միշտ զգօն պէտք է մնայ այն ծինը, որ կը շարունակէ զինք իբրեւ հայ պահել։ Քանի որ անպայման օր մը ջանքերը կրնան սպառիլ, ձեռնարկներ կազմակերպելու մարդուժը պակսիլ, բայց, մարդոց մէջ եթէ աճեցնենք ինքնակերտումի եւ հայակերտումի գործօնը, այն ատեն աներկբայօրէն յաջողած կ՚ըլլանք։ Ձեռնարկներու ինքզինք կրկնող միօրինակութենէն դուրս կարելի է ելլել, տարբեր մտայղացումներ որդեգրելով։
Իւրաքնանչիւր հայու տուն, յարկ, պարտի փոքրիկ հայրենադպրոց, կամ լսարան մը դառնալ։ Ուր ալ երթանք, կարիքի պարագային պատրաստ ըլլանք դասաւանդելու, ունենալու փոքրիկ դասարան մը, նոյնիսկ տան մէջ, մեծահասակներու համար, մայրենին եւ ընդհանրապէս հայագիտական առարկաները, մեր ազատ ժամերուն մեր շրջապատին մատչելի դարձնելու համար։ Թող անիկա մեր առօրեայ ոչ միայն պարտականութիւնը, այլեւ հաճոյքը դառնայ։ Տունը վերածել դպրոցի, ակումբի եւ քեզի հետ փոխադրել ո՛ւր որ ալ երթաս, նոյնիսկ՝ հայրենի ափ…
-Հալէպահայութեան ապագային մասին ինչ կ՚ըսէ՞ք. հայկական կարեւոր գաղութներէն մին պիտի կարողանա՞յ ոտքի կանգնիլ։
-Այո, Հալէպը կը կանգնի ոտքի, եթէ այնքան վատ օրեր կրցաւ ետեւ ձգել, երբ մեր տուներուն վրայ օրն ի բուն տեղացող ռումբերը կը սպառնային մեր կեանքերուն. իսկ նիւթական ծանր պայմանները, առաջին անգամ չէ, որ կը դիմագրաւենք. մեր մեծ մայրերուն եւ հայրերուն Եղեռնէն ետք դիմագրաւածները տակաւին թարմ են մեր յուշերուն մէջ եւ անոնց մեզի փոխանցած պատմութիւններուն մէջ։ Նոյնիսկ մեծ մօրս պատմած հեքիաթները անունով հեքիաթ էին, անոնք եղեռնապատում եւ ապրելու համար մղուած պայքարի մասին պատմութիւններ։
Փառք Ամենակալին, որ ներկայիս հայրենիք մը ունինք, որ ոչ մէկ բանով կը զիջի եւրոպական պետութիւններուն իր յառաջդիմութեամբ, եւ մենք պէտք չունինք հեռաւոր ափերու մէջ փնտռելու մեր ապագան, կամ՝ մեր լաստերը հեռաւոր վայրեր հանգչեցնելու։ Հայրենիք մը ունինք, ե՛ւ քարտսզի վրայ հասնելու համար, ե՛ւ կենցաղով, ե՛ւ լեզուով՝ մօտ, եւ հարազատի սիրով մեզի սպասող։ Հայրենի մեր երկրին նկատմամբ լաւատեսութիւնն ու դրական կեցուածքը հրաշքներ կրնան գործել եւ բանալ փակ դռներ։ Հայապահպանման մեր բանալին պահուած է նաեւ՝ սիրոյ եւ մեր նման հայուն նկատմամբ մեր ունեցած ջերմութեան եւ հանդուրժողականութեան մէջ։ Համբերութիւնը դժուարութիւններն ու բլուրները կը հարթէ եւ մեզ կրնայ առաջնորդել դէպի յաջողութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024