ԱՄԵՆ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՆՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐ ՁԵՌՆԱԴՐԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Պատմական թաղի եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ՝ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մասնակցութեամբ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ առընթերակայութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Տիրան Սրկ. Ներկիզ եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ձեռնադրեց նոր սարկաւագներ։ Այսպէս, սարկաւագի աստիճան ստացան՝ Միսաք Չամեափան, Սարօ Այվազեան եւ Սեւան Արապեան։ Խարտաւիլակն էր Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ 200 տարիէ ի վեր եկեղեցին շատ ամուր հաստատութիւն մըն է եւ այդ հանգամանքը վերագրեց առաքելական յաջորդականութեան։ Քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, որ սարկաւագութիւնը երեք մեծ եկեղեցական աստիճաններէն մին է։ Ուստի, ան շնորհաւորեց նոր սարկաւագներն ու անոնց ընտանիքները։ «Անոնք հասած են՝ որպէս լաւ մարդիկ, մենք ալ զայն դիտարկելով այս աստիճանին արժանի նկատած ենք զանոնք», ըսաւ ան։

Ս. Պատարագի աւարտին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ ընդունելութիւն մըն ալ սարքուեցաւ յարակից «Հրաչեայ Աճառեան» սրահին մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2020