ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՊՐԻԼԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԴԻՄԷ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ. Ի՞ՆՉ ՍՊԱՍԵԼ

Հրայր Թովմասեանի եւ Սահմանադրական ատեանի վեց անդամներու պաշտօնավարման դադարեցման հարցը իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը հանրաքուէի պիտի դնէ։

Բաւական մարաթոնային նիստի մը աւարտին էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կը վաւերացնէր առաջադրուած Սահմանադրական բարեփոխումները՝ դիմելով ժողովուրդի դատին. խօսքը անշուշտ հանրաքուէի մասին է, որ շատ հաւանաբար եւ ըստ նախնական տուեալներու, պիտի կայացուի մինչեւ ապրիլի 5-ը։ Ինչպէս 2105 թուականին Հայաստանի ժողովուրդը կը մասնակցէր եւ «Այո» կամ «Ոչ» քուէարկելով իր տեսակէտը կու տար երկիրը նախագահական համակարգէն փոխադրելով խորհրդարանական համակարգ, գալիք օրերուն ալ հայրենի ժողովուրդը իր տեսակէտը պիտի տայ եւ կերպով մը սատարէ այսօրուան իշխանութիւններուն համար ճգնաժամ համարուող Սահմանադրական ատեանի խնդրի վերջնական լուծման։

Ի դէպ, ինչպէս վերը նշեցի, անցեալ հինգշաբթի օրը Հայաստանի Ազգային ժողովին համար համարուեցաւ մարաթոնային օր մը ու հետաքրքրականը այն էր, որ թէեւ 131 պատգամաւորներէ բաղկացեալ Ազգային ժողովին մէջ 88 աթոռ ունեցող իշխող՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան «Իմ քայլը» դաշինք-խմբակցութիւնը կարող էր ներքին քուէարկութիւն մը կատարելով շատ հեշտ ու խաղաղ կերպով օրէնքի ուժ տալ սահմանադրական բարեփոխումներու ծրարին, սակայն մեզմէ շատերուն համար անսպասելի կերպով «Իմ քայլը» ճիշդ ու յարմար նկատեց իրականացնել համապետական հանրաքուէ ու առնելով ժողովուրդի շատ հաւանական «Այո՛»ն, բարեփոխումներու առաջադրանքը կամ առաջարկը դարձնել գործող օրէնք։

Ամէն պարագայի Ազգային ժողովի այդ օրուան «մարաթոն-նիստ»ին ընթացքին հնչեցին բաւական հետաքրքրական ելոյթներ, որոնց հիմական ամփոփման փորձը կատարած եմ յառաջիկայ տողերուն մէջ։

Եւ այսպէս, իշխանական պատգամաւորները սահմանադրական փոփոխութիւններ նախաձեռնած են յօդուածի մը, որ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու քուէարկութեամբ ալ կրնայ ընդունուիլ, բայց, ինչպէս «Իմ քայլը»ի անդամ եւ բարեփոխման օրէնքի հեղինակ Վահագն Յովակիմեան հաստատեց եւ ըսաւ, որ իրենք կ՚ուզեն լսել ժողովուրդին տեսակէտը։

««Իմ քայլը» խմբակցութիւնը առաջին ընթերցմամբ պիտի չընդունի սոյն նախագիծը, եւ Սահմանադրութեան 202-րդ յօդուածի 3-րդ կէտի ուժով Ազգային ժողովին տրուած լիազօրութեամբ կ՚առաջարկէ քուէարկութեան դնել այս նախագիծը համաժողովրդական հանրաքուէի ներկայացնելու մասին որոշումը։ Սա ուղղակի ուղիղ ժողովրդավարութեան կիրառում է։ Ինչպէս մենք ըսած ենք, մենք կը հաւատանք մեր ժողովուրդին եւ մենք ըսելիք եւ լսելիք ունինք մեր ժողովուրդէն», ըսած է Յովակիմեան։

Վահագն Յովակիմեան իրենց առաջարկը հիմնաւորած է՝ ըսելով, որ կը կարծեն, թէ Սահմանադրական ատեանը հանրային ամենացած վստահութիւն ունեցող պետական մարմինն է, եւ իրենց նպատակներէն մէկը վստահութեան վերականգնումն է։ «Որովհետեւ հանրութիւնը ի դէմս այսօրուայ Սահմանադրական ատեանին՝ կը տեսնէ այն Սահմանադրական ատեանը, որ տարիներ շարունակ ծեծերը, ջարդերը, ընտրութիւններու կեղծումները կը թաքցնէր, կը հաստատէր, կ՚ըսէր՝ լաւ, թեթեւ բան մը եղած է, մի քիչ կեղծած են, բայց ատիկա չէ ազդած արդիւնքներու վրայ։ 2008 թուականին ալ ըսենք տասը մարդ սպաննած են, կեղծած են...», ըսած է ան։

Վահագն Յովակիմեան նաեւ անդրադարձած է Սահմանադրական ատեանի նախագահի «աճպարարութիւններով» ընտրութեան, երբ Թովմասեան պաշտօնը ստանձնելով նախքան 2015-ի Սահմանադրութեան ամբողջութեամբ ուժի մէջ մտնելը՝ հնարաւորութիւն ստացաւ պաշտօնավարել ոչ թէ վեց, այլ՝ տասնութ տարի:

Յովակիմեանի խօսքով՝ Հանրապետական կուսակցութեան նախկին ներկայացուցիչ, 2015 թուականի Սահմանադրութեան հեղինակ Հրայր Թովմասեան ուղղակի կարգուած է Սահմանադրական ատեանի նախագահ։ «Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ Հրայր Թովմասեան շարունակեց հանդէս գալ որպէս իր քաղաքական խումբի ներկայացուցիչ, ան շարունակեց հանդէս գալ որպէս քաղաքական ընդդիմադիր Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի կամքով ընտրուած իշխանութիւններուն», ըսած է ան։

Ելոյթներու համար աննախադէպ թիւով՝ 45 պատգամաւոր գրանցուած էր «Իմ քայլը»էն ու «Լուսաւոր Հայաստան»էն։ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութենէն ելոյթներ չեղան։

«Իմ քայլը»էն Գայիանէ Աբրահամեանի խօսքով՝ իրենք այսօր կ՚իրականացնեն «նախորդ վարչակարգի վերջին որջը մաքրելու» յեղափոխութեան ժամանակ տուած խոստումը։ «Այո՛, ժողովուրդի կամքով ձեւաւորուելու է նաեւ այս մարմինը, եւ այլեւս չէք կրնար տարիներով կեղեքուած քաղաքացիի վրայ ձեր ոտքերը մաքրել։ Սա մեր երկրին մէջ բացառուելու է, եւ բացառուելու է ընդմիշտ», ըսած է Գայիանէ Աբրահամեան։

Սասուն Միքայէլեան եւս չշրջանցեց նախկիններու նիւթը։ «Նախորդ իշխանութիւնները կ՚ուզեն տանիլ փակուղի, կ՚ուզեն տանիլ դէպի քաղաքացիական պատերազմ։ Որու գնահատականը եւս պիտի տայ ժողովուրդը։ Պարոնայք սպաներ եւ ինքնասպաներ, ժողովուրդը պէտք է որոշէ, եւ թողէք ժողովուրդի դատին», ըսած է Միքայէլեան։

Իր կարգին, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան պետ Էտմոն Մարուքեան շեշտած է՝ թէ՛ արտահերթի կայացումը, թէ՛ բերուած առաջարկը հակասահմանադրական են։ «Ժողովուրդը ո՞ւր կը տանիք, ո՞ր տեղամասնը։ Այստեղ ըրէք, պրծէք… Հայաստանի տնտեսութիւնը կարիք ունի՞ մինչեւ մայիս ամիսը քարոզարշաւի մէջ մտնելու։ Մենք մէկ տարի առաջ դուրս եկած ենք քարոզարշաւէն։ Սփիւռքը, Հայաստանի ներդրողները կը փափաքի՞ն ընտրական գործընթաց նայելու։ Կ՚ըսէք՝ մետիան ամէն օր քարոզարշաւի մէջ է։ Բայց դուք կու տաք իրենց այդ առիթը։ Որո՞ւ կ՚օգնէք, Սերժ Սարգսեանի՞ն։ Վաթսուն օրէ ի վեր քարոզարշաւի մէջ մխրճեցիք պետութիւնը, որպէսզի ի՞նչ ընէք։ Կ՚արժէ՞ր Հրայր Թովմասեանի համար այդքան բան զոհաբերել։ Ես կը կարծեմ, ոչ», ըսած է ան։

Խորհրդարանի իշխանական փոխ-խօսնակ Ալէն Սիմոնեանի ակնարկը ակնյայտ «Լուսաւոր Հայաստան»ին ուղղուած էր։ «Կողմնորոշուեցէք։ Կ՛ամ դուք քաղաքական որոշում կը կայացնէք, կ՚այրէք ձեր կամուրջները անցեալի հետ, կամ դուք կը կանգնիք յեղափոխութեան կողքին, որու հնարաւորութիւնը ունեցած էք յեղափոխութենէն առաջ, յեղափոխութենէն յետոյ, յեղափոխութենէն մի քիչ յետոյ։ Հիմա. կ՛ամ դուք կը կանգնիք յեղափոխութեան կողքին, եւ մենք կը մաքրենք Սերժ Սարգսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, անոնց փեսաներու եւ մնացեալներու պուճուրիկ խմբակները, որոնք փողով կը փորձեն ատելութիւն սերմանել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Կամ ազնիւ եղէք, եկէք ըսէք՝ մենք մեր տեղը չենք գտներ ո՛չ դահլիճի, ո՛չ քաղաքական դաշտի մէջ։ Եւ մարդիկ ձեզի հետ թող վերաբերուին այդ ձեւով», ըսած է ան։

Անշուշտ այդ նիստին ալ հակիրճ խօսք մը արտասանեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Փաշինեան կարեւորեց յառաջիկայ հանրաքուէն ու իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ դատաիրաւական համակարգը առողջացնելու կէտին վրայ։

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ ԹԻՐԱԽ. ԲԱՅՑ ԻՆՉՈ՞Ւ

Այս բոլորէն անդին յստակ է ու բացայայտօրէն կ՚երեւի, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները հանրաքուէի երթալով երկրին մէջ նոր մշակոյթ մը ձեւաւորել կը փորձեն։

Ճիշդ է, որ կան տեսակէտներ, ըստ որոնց առաջադրուած փոփոխութիւնները կամ առհասարակ Սահմանադրական ատեանին մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ իրականացնելու հիմնական դրդապատճառը գործող իշխանութիւններուն համար յաւելեալ ապահովագրութեան մը հասնելու ճիգն է, սակայն աւելի քան յստակ է, որ այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը այս անգամ ալ իր վստահութեան քուէն պիտի տայ գործող իշխանութիւններուն։ Աւելի ճիշդը, ոչ թէ վստահութեան քուէն պիտի տայ, այլ 2018 թուականի դեկտեմբերին տրուած վստահութեան քուէն պիտի վերանորոգէ։

Այլ խնդիր, որ այդ քուէին տոկոսային համեմատութիւնը կրնայ նուազում կրել, սակայն այդքանը կարեւոր չէ, այնքան ժամանակ, երբ խնդիրը ապահովագրուած է։

Խօսելով նախկին իշխանութիւններուն եւ անոնց շուրջ հաւաքուած ուժերուն մասին՝ ապա ակնյայտ է, որ «հանրապետականներ»ուն համար Սահմանադրական ատեանը լուծելու իշխանութեան փորձերը նախ եւ առաջ քաղաքական վրէժ լուծելու միտուած քայլ մըն է։ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար, «հանրապետական» նախկին պատգամաւոր Արմէն Աշոտեան այս նիւթին ակնարկելով ըսած է, որ իրենց համար Սահմանադրական ատեանը «Սթալինկրատ»ն է, ու այդ «ճակատ»ին տապալումը կը նշանակէ, որ Հայաստանի օրէնսդրական կարգը կը տապալի։

Այս մօտեցումի կողքին անշուշտ քիչ չեն այն ձայները, որոնք մինչեւ հիմա ալ կը շարունակեն խօսիլ այն մասին, թէ գործող իշխանութիւնները իրենց վարմունքով եւ գործած սխալներով կը տապալեն երկրին մէջ գործող սահմանադրական կարգը։ Սակայն այդ պարագան ալ աւելորդաբանութիւն է, այնքան ատեն, երբ երկիրը ունի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած եւ իրաւականութիւն վայելող իշխանութիւն մը։

Այսօր Հայաստանի մէջ միակ դեղն ու դարմանը ժողովուրդին մօտն է, որուն համար ալ զգալի սկսած է դառնալ անցեալի իշխանութիւններուն դէմ վաղուց առկայ ատելութիւնը։

Ու աւելի քան յստակ է, թէ ինչ սխալ ալ գործեն այսօրուան իշխանութիւնները, անհնար է, որ անոնք անտեսուին այնքան ատեն, երբ անցեալ վարչակարգերու իշխանութեան ուրուականը դեռ կախուած կը մնայ Երեւանի երկնակամարին վրայ։

Այս բոլորէն անդին ալ կայ ընելիքի կամ գործը ճիշդ ընելու եւ երկիրը առաջ տանելու հարցը. խելացի կառավարելու, լուրջ ըլլալու, ճիշդ գործելու խնդիրը, որ ամէն պարագայի այսօր եւ վաղն ալ պիտի մնայ հիմնարար խնդիր Փաշինեանի եւ իր խմբակիչներուն համար, որոնք շատ լաւ պէտք է ըմբռնեն, թէ անցեալի հանդէպ ժողովուրդին ունեցած ատելութեան դրամագլուխը անպայման պիտի աւարտի։ Պիտի աւարտի, եթէ այդ ատելութեան միաւորին ու դրամագլուխին կողքին իրենց ճակատները վեր չպահեն Փաշինեանի ու անոր ողջ խումբին առաջ տարած եւ իրականութիւն դարձած Հայաստանին համար այդքան անհրաժեշտ ու մեծ ծրագրերը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2020