ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ

Իտլիպի իրադարձութիւնները ծանրակշիռ վիճակ մը ստեղծած են Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ։ Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին 13 թուրք զինուորի նահատակուիլը արդէն բաժակը յորդեցման փուլի հասցուցած է Անգարայի տեսակէտէ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս առաւօտ լուրջ զգուշացումներով հանդէս եկաւ Սուրիոյ պարագային։ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ժամանակ ան լուրջ ազդարարութիւններ հասցէագրեց Դամասկոսին։ Այսպէս, եթէ թուրք զինուորները դոյզն իսկ վտանգուին, ապա պիտի թիրախաւորուին Սուրիոյ վարչախումբի զօրքերը։

Էրտողանի այս խիստ յայտարարութիւններուն զուգահեռ Անգարա կոչ կ՚ուղղէ նաեւ Ռուսաստանին եւ Իրանին, որոնք կը հովանաւորեն Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, որ Էսատ Մոսկուայէն եւ Թեհրանէն ուժ առնելով կը խախտէ հրադադարը։ Եթէ Սուրիոյ կառավարական զօրքերու յարձակումները շարունակուին, ապա միլիոնաւոր մարդիկ պիտի կուտակուին Թուրքիոյ սահմանին վրայ։ Ուստի, Ռուսաստան եւ Իրան, որոնք վարչախումբի երաշխաւորներն են, պէտք է կասեցնեն յարձակումները։

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ երէկ յայտնեց, որ ՆԱԹՕ, Եւրոպա ու համայն աշխարհը պէտք է աւելի անմիջական ու լուրջ վերաբերմունք ցոյց տան այս հարցին նկատմամբ։ Նախարարը շեշտեց, որ բանակը իր միաւորումները ետ պիտի չքաշէ Իտլիպէն։ Զուգահեռաբար՝ Թուրք զինեալ ուժերն ալ կը շարունակեն կուտակումներ կատարել։ Բանակը Իտլիպ կ՚ուղարկէ մանաւանդ զրահապատ զինուորական մեքենաներ։

Միւս կողմէ, Անգարայի մէջ ապարդիւն ձեւով եզրափակուեցան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Ռուսական պատուիրակութիւնը արդէն վերադարձաւ Մոսկուա։ Այս մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ 2 փետրուարէն ի վեր Թուրքիա համատեղ հերթապահութիւններուն մասնակցութիւն չի բերեր Սուրիոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020