ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմը վերջերս հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Հրայր Ճէպէճեանը, որ Արաբական ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան քարտուղարն է։ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի երդիքին տակ հաճելի ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Հրայր Ճէպէճեանի մասնակցութեամբ։ «Պըլըքտանեան» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեանի։ Ներկայ էին թեմական իշխանութենէն ներկայացուցիչներ, տեղւոյն Կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ Գուսան Գերապայծառ եւ մշակութասէր համայնքայիններ։

Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սուրէն Պայրամեան, որմէ վերջ Հրայր Ճէպէճեան հանդէս եկաւ շահեկան ելոյթով մը։ Ան մասնաւորապէս կանգ առաւ մշակոյթ եզրոյթին վրայ՝ մեկնաբանելով հայկական մշակոյթի բազմադարեան հոլովոյթը։ Այս ամբողջին մէջ սփիւռքի ազգային-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն վրայ կանգ առաւ Հրայր Ճէպէճեան, որ խօսեցաւ նաեւ իր կողմէ հեղինակուած՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին մասին։ Ըստ Ճէպէճեանի վկայութեան, սփիւռքեան զանազան հատուածներ իւրովի կը կրեն իրենց ինքնութիւնն ու մշակոյթը, միշտ տուեալ միջավայրի եւ անոր բնորոշող մշակոյթի ազդեցութիւնով։ Բայց եւ այնպէս, բոլորն ալ տակաւին կը փորձեն կառչած մնալ հայկականութեան՝ երբեմն առանց լեզուի պահպանումի։ «Ուր որ գացած եմ, որու որ հանդիպած եմ, տեսած եմ իւրաքանչիւրի հայութիւնը ու տեսած եմ այն հայը, որ իր պատկանելիութիւնը կը փնտռէ», ըսաւ Հրայր Ճէպէճեան եւ ընդգծեց, որ օտարացումի ճանապարհը բռնած հայերուն տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն դէպի Հայաստան այցելութիւնները։ Սա առիթ մը կ՚ըլլայ, որպէսզի անոնց մէջ արթննայ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ վերադարձ մը ըլլայ դէպի իրենց ակունքները։ Իր խօսքով՝ հայութեան տեսակէտէ իսկական պարգեւ մըն է անկախ պետականութիւն մը ունենալը, ինչ որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Ասուլիսի աւարտին Հրայր Ճէպէճեան իր գիրքերը մակագրեց ձեռնարկի մասնակիցներուն համար։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2020