ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻԵԶԵՐՔԸ

Մարդկային կեանքի մէջ տեւական յառաջդիմութիւն, մշտնջենաւոր բարեփոխութիւն մը գոյութիւն ունի. երէկ՝ աներեւակայելին, անհաւատալին, անիրականանելին այսօր՝ փորձարկելի, իրականանելի առաջադրութիւն մը, եւ երէկուան անկարելին, այս օրուան կարելին դարձած է։ Եւ այն ինչ որ նախապէս անտեսանելի էր, ներկայիս տեսանելի է եղած։

Մարդոց փորձուած ծրագիրները անպատճա՛ռ պիտի յաջողին, պիտի իրականանան նիւթական աշխարհի վրայ։ Մարդկային միտքը միշտ կը պարծենայ գիտութեամբ՝ որոնք հետզհետէ կը թափանցեն նիւթական աշխարհի՝ բնութեան գաղտնիքներուն։ Մարդ ինքզինք հպարտ կը զգայ՝ լուծած կարծելով շատ մը հարցեր, խնդիրներ որոնք իրեն առջեւ խորհուրդ էին, գաղտնիք էին նախապէս։ Մարդ կը պարծենայ իր միտքով…։

Մինչեւ երէկ՝ իր գիտութեան սահմանները գծուած էին այն մոլորակով՝ որուն վրայ կ՚ապրին «մարդկային էակ»ներ՝ անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր։ Այս աշխարհը մի՛ակն էր մարդուն համար։

Սակայն նորագոյն ժամանակներուն տարուած են մարդիկ՝ անզուսպ, անդիմադրելի մարմաջէ մը, այս աշխարհէ զատ «ուրիշ աշխարհներ» ալ ճանչնալու՝ այնքան մօտէն որքան կը կարծեն ճանչնալ երկիրը՝ իրենց ապրած այս աշխարհը։ Մարդ սակայն պահ մը պէտք է խորհի՝ թէ իր ապրած աշխարհը իրապէս որքա՞ն կը ճանչնայ։ Արդարեւ, կարելի չէ ամբողջութեամբ ճանչնալ այն՝ ինչ որ հեռու է, առանց կատարելապէս ճանչնալու այն ինչ որ մօտն է։

Մարդ կ՚ուզէ ճանչնալ յաճախ իր դիմացինը, բայց չի խորհիր, թէ ինքզինք անծանօթ է ինքն իրեն։ Մարդ միշտ անծանօթ է, անծանօթ է մնացած ինքն իրեն, բայց հետաքրքիր իր շուրջիններուն՝ որոնք իրեն պէս իրենք զիրենք չեն ճանչցած՝ օտար եւ անծանօթ են մնացած։

Ուրեմն նիւթական աշխարհի մէջ, ճար ճարակ կը փնտռեն մարդիկ հեռաւորութիւններ եւ ճանչնալ, գիտնալ այդ անծանօթ «հող»երը։

Մարդ, ընդհանրապէս, առանց լուծելու հարց մը, կ՚ուզեն լուծել ուրիշ, հեռաւոր հարցեր…։ Եւ երբ յաջողին, մարդկային հպարտութիւնն ալ՝ գուցէ այնքա՜ն բարձրանայ, որ հասնի իրենց հետ մինչեւ անծանօթ հեռաւորութիւններ…։

Սակայն, մարդկային միտքը պէտք չէ որ աճապարէ, պէտք չէ որ կարճամտի, ո՜վ ունայնամիտ նիւթապաշտներ՝ երբ հասնին իրենց մտադրած «հեռաւորութեան», ենթադրեն որ յաջողած են՝ հասած են այն հեռաւորութեան, որ մտադրած էին, անոնք պիտի չգոհանան եւ պիտի ուզեն նոր «հեռաւորութիւն»ներ գտնել, քանի որ տիեզերքի հեռաւորութիւնը անհասանելի է եւ աննուաճելի մարդուն համար։ Պարզ եւ սովորական օրինակ մը այդ անհասանելի եւ աննուաճելի «հեռաւորութեան», որ կարելի է փորձել դիւրութեամբ. դիտեցէք հորիզոնը եւ փորձեցէք մօտենալ անոր, զարմանքով պիտի տեսնէք որ ո՛րքան մօտենաք անոր, ան միշտ հեռու պիտի մնայ, եւ անկարելի պիտի ըլլայ մօտենալ, հասնիլ հորիզոնին։ Հորիզոնը միշտ «հեռո՛ւ» է եւ կը մնայ միշտ «հեռո՛ւ»։

Մարդկային փափաքներն ալ կը նմանին «հորիզոն»ի՝ որ որքան մօտենայ մարդ եւ կարծէ, թէ հասած է՝ ան այնքան աւելի՛ կը հեռանայ, քանի որ ան տիեզերքի օրէնքին համաձայն անսահման է եւ անհասանելի՛։

Եւ ի մտի ունենանք «հոգեւոր տիեզերք»ը՝ որուն սահմանները շատ աւելի ընդարձակ են քան նիւթական տիեզերքը, որուն մէջ որոշ հեռաւորութեան մը հասնելու հնարամիտ միջոցը ունի մարդ։ Եւ մարդ կրնայ, իր հոգիին թեւերը բացած՝ հասնիլ մինչեւ Աստուծոյ Տունը։ Մարդ թող փորձէ երթալ հեռուները, շա՜տ աւելի հեռուները, հոգիին թեւերով մարդ կրնայ երթալ՝ մինչեւ այն հեռաւորութեան՝ ուր կը գտնուի Աստուծոյ Տունը, ուր կը հասնի մարդ… հոն՝ «արեւէն ալ անդին» հեռու բայց մօտ՝ հոգիին։ Հոգիին համար հեռաւորութիւն գոյութիւ չունի, ամէն ինչ մօտ է հոգիին, մինչեւ իսկ Աստուած, որ այնքա՜ն մօտ է մարդուն։

Արդարեւ, ամէն խորհող, խորհրդածող մարդ «հոգեւոր տիեզերք»ի մէջ աւելի՛ հեռուները կը թռչի քան որեւէ հրթիռ կամ սաւառնակ, որ կրնայ կտրել «նիւթական տիեզերք»ին անհաշուելի, աներեւակայելի «հեռաւորութիւն»ները։

Մէկ խորհուրդի մը խորքը աւելի՛ խորունկ է, քան արեւի մը հեռաւորութիւնը հեռու է Երկրէն։

Արդարեւ, երբ տակաւին մարդիկ չէին չափած իսկ այն «հեռաւորութիւն»ները իրենց ապրած Երկրէն, Շէյքսփիրեան զօրաւոր միտք մը, զոր օրինակ, կը խուզարկէր մարդկային հոգիին տիեզերքը, որ այնքան անհո՛ւն է որքան նիւթական տիեզերքը։ Եւ բազմաթիւ «միտք»եր որոնք աներեւակայելին երեւակայելի, անտեսանելին տեսանելի էին դարձուցած…։

Ուստի, հասնիլ՝ մարդկային հոգիին, սրտին սիրոյ տարողութեան, կամ մտքին՝ անհամեմատ, անբաղդատելիօրէն աւելի արկածախնդիր թափանցում մըն է «հոգեւոր տիեզերք»ի մէջ քան Երկրէն դէպի «հեռաւոր երկիր»ներ ճամբորդութիւն մը։

Ի՞նչ մտածել, ի՞նչ ըսել այն իրողութեան՝ թէ մարդ «գիտուն» չեղած այսօրուան նիւթապաշտ իմաստով, «գիտնական» էր՝ «հոգեւոր» իմաստով, երբ Եսայի մարգարէ մը, կամ Երեմիա մարգարէ մը, Սոկրատ մը, Պղատոն մը, Արիսթօ մը եւ ուրիշներ, իրենց խորհուրդներովը կը խուզարկէին հոգեւոր տիեզերքը՝ որ աւելի ճշմարիտ է քան նիւթական տիեզերքը, որ շատ անգամ խաբէակա՛ն է։

Հոգեւոր տիեզերքը արդարեւ, Աստուծոյ միտքն է, որ ամբողջ տիեզերքի պարփակիչն է եւ անպարփակելին՝ եւ ո՛չ մէկ տիեզերքով։

Ուստի կարեւոր է եւ անհրաժեշտ խորհուրդներու թռիչքը մարդկային կեանքին օգտին եւ բարիքին համար։ Մարդ երբ կը փափաքի հասնիլ «հեռաւորութեան» մը, այդ պէտք է ըլլայ հոգեւոր տիեզերքի հեռաւորութիւնը, հոգ չէ, թո՛ղ նիւթապաշտներ հասնին նիւթական տիեզերքի հեռաւորութիւններուն, բայց պէտք է գիտցուի, թէ հոգեւոր տիեզերքի հեռաւորութիւններու կարելի է հասնիլ, բայց նիւթական տիեզերքի հեռաւորութիւններուն՝ միայն «կը կարծուի» հասնիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 3, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2020