ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

ՆԱԽԱԳԻՏԵԼԻՔ

Հարցում. Ի՞նչ է Պատարագը:

Պատասխան. Պատարագը մեր Տիրոջ Քրիստոսի Մարմինին ու Արիւնին անարիւն զոհն է, որ Քրիստոս Ի՛նք ու Քրիստոսի Եկեղեցին Աստուծոյ կը մատուցեն՝ քահանաներուն միջոցով, հացի ու գինիի խորհրդանիշով՝ ի յիշատակ Սուրբ Խաչի Պատարագին:

Հ. Ինչպէ՞ս Պատարագը զոհ կ՚ըսուի:

Պ. Որովհետեւ հին ժամանակներու արտաքին զոհերուն նման կը մատուցուի Աստուծոյ, հացին ու գինիին փոխակերպումովը Քրիստոսի Մարմինին ու Արիւնին:

Հ. Ո՞վ է Սուրբ Պատարագ մատուցողը:

Պ. Միայն քահանայական կարգ ունեցողները, որոնք իրենց պատարագ մատուցած օրը՝ ժամարար կ՚ըսուին, այսինքն՝ այդ օրուան Ժամերգութիւնը կատարող ու մատուցող:

Հ. Ինչո՞ւ համար կ՚ըսուի, թէ Քրիստոսն ու Իր Եկեղեցին Պատարագը Աստուծոյ կը մատուցեն:

Պ. Որովհետեւ Պատարագի Խորհուրդին բո՛ւն մատուցողը Քրիստոս Ի՛նքն է՝ Ճշմարիտ Քահանայապետը, բայց եւ այնպէս բոլոր հաւատացեալները, -որոնց գլուխն ու պաշտօնեաներն են եպիսկոպոսներն ու քահանաները-, այս Գերագոյն Զոհը կը մատուցեն՝ ըստ Փրկիչի հրամանին, որ առաքեալներուն ըսաւ. «Ասիկա ըրէք Ի՛մ յիշատակիս համար»:

Հ. Որո՞նք են ժամարար քահանային Սուրբ Պատարագ մատուցելու համար ըրած պատրաստութիւնները:

Պ. Օրեր առաջ Եկեղեցւոյ գաւիթին կամ ժամատան մէջ քնանալ, վերջին գիշերը ութ կանոն կամ գոնէ մէկ կանոն սաղմոս քաղել, ու Պատարագ մատուցելու օրը ուրիշ քահանայի դիմաց իր մեղքերը խոստովանիլ:

Հ. Քրիստոս Պատարագին Խորհուրդը ե՞րբ հաստատեց:

Պ. Իր չարչարանքներուն նախորդող օրը, երբ հացն ու բաժակը առաւ ու ըսաւ. «Ասիկա մարմինս է, որ ձեզի համար տրուած է։ Ասիկա կատարեցէք Իմ յիշատակիս համար» (Ղկ 22.19). «Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերու թողութեան համար» (Մտ 26.28):

Հ. Ի՞նչ աւարտով կը մատուցուի Սուրբ Պատարագը:

Պ. ա. Ի փառաբանութիւն Աստուծոյ՝ իբրեւ ողջակէզ.

բ. Ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց՝ իբրեւ քաւութեան զոհ:

գ. Ի նշան Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած գոհութեան ու շնորհակալութեան:

դ. Աստուծոյ շնորհներն ու ողորմութիւնը հայցելով:

Հ. Որո՞ւ համար կը մատուցուի Սուրբ Պատարագը:

Պ. Բոլոր մարդոց համար՝ ողջերուն ու ննջեցեալներուն:

Հ. Ո՞ւր կամ ինչպիսի՞ տեղերու մէջ կարելի է Սուրբ Պատարագ մատուցել:

Պ. Եկեղցիներուն ու օրհնուած մատուռներու մէջ. օծուած վէմ ունեցող Սեղանի վրայ:

Հ. Շարժական սեղանի վրայ կարելի՞ է Պատարագ մատուցել:

Պ. Այո՛, եւ այս սովորութիւնը շատ հին է բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Հ. Սկիհն ու մաղզման ինչպէ՞ս պէտք է ըլլան:

Պ. Հին ատենուան սկիհն ու մաղզման (այսինքն՝ սկիհին ծածկոցը կամ խուփը) փայտէ, քարէ, ապակիէ, ոսկորէ, պղինձէ, անագէ, արծաթէ ու ոսկիէ կ՚ըլլային, իսկ ներկայիս, շատոնց սովորութիւն դարձած է սկիհն ու մաղզման ոսկիէ ընել, կամ թէ ոսկեզօծ արծաթէ:

Հ. Քշոցը ի՞նչ խորհուրդ ունի:

Պ. Քրիստոնեաներու եկեղեցիներուն մէջ հին սովորութիւն էր, որ Սեղանին քովը ճանճ քշելու համար գործիք մը կը դրուէր ու կիսասարկաւագներէն մէկը ատոր միջոցով սկիհէն հեռու կը քշէր ճանճերը: Որոշ ժամանակ ետք այդ գործիքը գեղեցկացուցին, որով դարձաւ այսօրուան քշոցը, որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ գեղեցիկ զարդերէն մէկն է:

ԶԳԵՍՏՆԵՐ

Հ. Եպիսկոպոսներն ու քահանաները Պատարագ մատուցելու ատեն, ինչո՞ւ համար սովորականէն տարբեր զգեստներ կը հագնին:

Պ. Աւելի վայելչութեան, մաքրութեան ու ժողովուրդին պատկառանք ազդելու համար, ինչպէս Հին Օրէնքին մէջ եւս Աստուած Մովսէսին միջոցով պատուիրած էր, որ քահանայապետն ու քահանաները եւ Սեղանին բոլոր պաշտօնեաները իրենց համար յատուկ զգեստներ ունենան:

Հ. Ժամարար քահանայի զգեստին իւրաքանչիւր մէկ կտորը խորհուրդ մը կամ իմաստ մը ունի՞ն, թէ՞ ոչ:

Պ. Սուրբ Հայրերը այդ զգեստներէն ամէն մէկուն մասին տեսակ-տեսակ բարոյական եւ վայելուչ խորհրդածութիւններ կը կատարեն. իսկ ժամարարը զգեստի իւրաքանչիւր մասը հագած ժամանակ ըսած աղօթական խսօքերուն մէջ անոնց այդ բարոյական նշանակութիւնը կու տայ, որ բարոյապաշտական ու գեղեցիկ արարողութիւն [քահանային զգեստաւորուիլը] մըն է:

Հ. Ժամարարին զգեստներուն բնական նշանակութիւնները ի՞նչ են:

Պ. Սաղաւարտն ու վակասը կնգուղի կամ հովուական վեղարի տեղ են՝ գեղեցկացած.

Փորուրարն ու բազպանները հին ժամանակներու հրեայ քահանաներուն եփուտին տեղը:

Շուրջարը կամ նափորտը պատմուճանին տեղը:

ԺԱՄՈՒՑ ԿԱՄ ՅԻՇԵԼԻՔ

Հ. Ժամուց կամ Յիշելիք ըսուած տուրքը ի՞նչ է:

Պ. Ժամուց կամ Յիշելիք կ՚ըսուի այն կամաւոր տուրքը, որ բարեպաշտ հաւատացեալները քահանային կու տան՝ խնդրելով, որ զիրենք յիշէ Սուրբ Պատարագի ընթացքին. միաժամանակ, այն միտումով, որ իրենց ընծայած տուրքը քահանային համար ապրուստ մը ըլլայ, որ շատ օրինաւոր ու վայելուչ բան է:

Հ. Հաւատացեալները ուրիշ ի՞նչ տուրք կու տան ժամարարին կամ Եկեղեցիին Սուրբ Պատարագին համար:

Պ. Փափաքողը նախորդ իրիկունէն քահանային կ՚ուղարկէ այդ օրուան [Սուրբ Պատարագի] նշխարքին համար՝ ալիւր, իսկ բաժակին [սկիհին] համար՝ գինի. տակաւին Սեղանին վրայ վառելու մոմ ու խնկարկութեան համար խունկ, որ շատ հին ու գովելի սովորութիւն մըն է, ու մեր ազգին մէջ տակաւին երկար ժամանակ կը պահպանուի:

ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ՕՐԵՐՆ ՈՒ ԺԱՄԵՐԸ

Հ. Ամէն օր կարելի՞ է Պատարագ մատուցել:

Պ. Այո՛, սկիզբէն առաքելաները ամէն օր կը պատարագէին, սակայն յետագային սովորութիւն դարձաւ կիրակի եւ շաբաթ օրերը Պատարագ մատուցել, թէեւ ամէն օր ալ Պատարագ մատուցելը արգիլուած չէ: Մեր Եկեղեցւոյ ընդհանուր սովորութիւնն է՝ Աղուհացի ընթացքին ու Նինուէացիներու ապաշխարութեան ուրբաթ օրը, կամ նաեւ ամբողջ Առաջաւորացքի շաբաթը չպատարագել, իսկ այլ օրեր, մանաւանդ շաբաթն ու կիրակին անպատճառ Պատարագ մատուցել, եթէ մեծ արգելք մը չկայ:

Հ. Օրուան ո՞ր ժամուն կը մատուցուի Պատարագը:

Պ. Որովհետեւ առաքելական աւանդութեամբ սովորութիւն եղած է ծոմ վիճակով պատարագելը, անհրաժեշտ կը համարուի ճաշէն կամ կէսօրէն առաջ Սուրբ Պատարագը մատուցել. սովորաբար երրորդ ժամուն, որ ըստ եբրայեցիներուն՝ առաւօտեան իննէն մինչեւ տասը կամ տասնմէկ ինկած հատուածն է:

Հ. Իրիկուն ատեն կարելի՞ է Պատարագ մատուցել:

Պ. Այո՛.

ա. Երբ ստիպողական պարագայ մը պահանջէ, ինչպէս երբ պէտք կ՚ըլլայ Սուրբ Հաղորդութիւն տալ վտանգաւոր հիւանդներուն՝ ու պատրաստի Հաղորդութիւն չգտնուի:

բ. Զատիկի ու Ծնունդի Ճրագալոյցի օրերը, ինչպէս որ մեր Եկեղեցւոյ առաքելաւանդ սովորութիւնն է:

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 15, 2020