ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՄԷԿ ԱՐԾԱԹ ԵՒ ՄԷԿ ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱՅԼ ՆՈՒԱՃԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Պալքաններու մարմնամարզի ախոյենութիւնը։ Սա 25-րդ առաջնութիւնն էր, որուն մասնակցեցաւ 21 երկրի հաւաքական։ 8-րդ անգամ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որու մասնակից մարզիկներու թիւն էր 136։ Թուրքիա նուաճեց երեք ոսկի, եօթն արծաթ եւ վեց պրոնզ մետայլ։

Պալքաններու մարմնամարզի առաջնութեան մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը, որ նուաճեց մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետայլ։ Լեւոն Աղասեան ապահովեց արծաթ մետայլը, իսկ Ալեքս Տօնիկեան՝ պրոնզը։

Այս մրցաշարքին առթիւ Իսթանպուլ այցելեց նաեւ Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան, որ մեծ յարգանք եւ հեղինակութիւն կը վայելէ մարզական աշխարհէ ներս։ Մրցաշարքի օրերուն զուգադիպեցաւ Էմմիեանի ծննդեան 55-րդ տարեդարձը եւ կազմակերպիչները իրեն մատուցին հաճելի անակնկալ մը։ Այսպէս, երբ Ռոպերթ Էմմիեան դափնեկիր մարզիկներու մետայլները յանձնելու հրաւիրուեցաւ, մարզադահլիճէն ներս նուագուեցաւ «Ծնունդդ շնորհաւոր»ը։

Աթագիւղի ողիմպիական աւանէն ներս տեղի ունեցած մրցաշարքի ողջ տեւողութեան, աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր, մեր համայնքէն Նազար Հանչէր անմիջականօրէն զբաղեցաւ Հայաստանի հաւաքականի բոլոր կարիքներով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020