ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Դ
ՍԱՄԱՐԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՏՔԸ
Խօսք. «Գիտենք» (Յհ 4.42):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ հաստատ կը հաւատանք, եւ հաւատալը՝ ճշմարտութեան հետեւիլ է, որովհետեւ հաւատքը կը հիմնաւորուի Քրիստոսի ճշմարտութեան վրայ: Դարձեալ, գիտնալը գնտել կը լսուի, եւ դարձեալ հաւատքը քան գիտութիւնը հաստատագոյն ստուգութիւն ունի, որու նշանն է, քանի որ հաւատացեալը հաւատքին համար մահ յանձն կ՚առնէ, եւ ոչ իմաստասէրը՝ գիտութեան համար:
Խօսք. «Թէ Ի՛նքն է աշխարհի ճշմարիտ Փրկիչը» (Յհ 4.42):
Մեկնութիւն. Ասով սամարացիները Քրիստոսի մէջ երեք բան խոստովանեցան. նախ՝ եզական միութիւն եւ բարձրութիւն՝ ըսելով՝ Ի՛նքն է: Երկրորդ՝ փրկական ներգործութիւն՝ ըսելով՝ Փրկիչը: Երրորդ՝ հասարակաբար խնամարկութիւն՝ ըսելով՝ աշխարհի, որովհետեւ ո՛չ միայն հրեաներուն, այլ՝ ամբողջ աշխարհին Փրկիչ եղաւ:
ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՀՆՁԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Դարձեալ գիտելի է նախորդ միտքին մասին, թէ չորս ամիսները հոգեւորապէս կը նշանակեն շնորհներու չորս ընթացքները մինչեւ յաւիտենական կեանքի համար հունձքի ժամանակը, ինչպէս որ չորս են մարմնաւոր որաներու ընթացքը.
Նախ՝ խոր արմատներէն արձակումը:
Երկրորդ՝ բոյսերուն հողէն բողբոջումը:
Երրորդ՝ հասկերուն արձակումն ու ձեւացումը:
Չորրորդ՝ պտուղէն անկէ կատարելապէս հասնիլը, եւ ապա միայն կը ձեռնարկեն հնձելու:
Այսպէս ալ հոգեւոր սերմը, որ է Աստուծոյ Բանը.
Նախ՝ Աստուծոյ արմատը մարդուն սիրտին մէջ հաւատքով ու սիրով. եւ այդ ատեն է, որ մարդ աշխարհին ու մեղքին համար կը մեռնի, ինչպէս Պօղոսը կ՚ըսէ. «Երբ սերմնահատիկ մը ցանես՝ հատիկը չի բուսնիր մինչեւ չմեռնի» (տե՛ս Ա. Կր 15.36):
Երկրորդ՝ կանաչը դէպի վեր կը բողբոջէ, այսինքն՝ առաքինութեան գործ, եւ երբ ասիկա մինչեւ վեր աճելով կատարին հասնի, այդ ատեն հասկ կ՚ըլլայ, այսինքն՝ երկնայիններուն փափաքումը եւ միտքին վերանալը, ու ապա ցորենի հասկերը կը հասուննան [կը լեցուին], այսինքն՝ աղօթքի ու միտքի տեսութիւնը:
Նոյնպէս այստեղ այլ կերպով կը նշանակէ հին ժողովարանին չորս ընթացքները մինչեւ Քրիստոսի շնորհներուն հունձքը.
Նախ՝ արմատը բնական օրէնքն է:
Երկրորդ՝ բոյսը՝ Մովսէսին օրէնքը մինչեւ Դաւիթի ժամանակ մեծցաւ:
Երրորդ՝ մարգարէներուն ժամանակ հասկեր արձակեց:
Եւ ապա չորրորդ՝ յղացաւ կատարեալ ցորենը՝ զՔրիստոս եւ առաքելաները, որոնց միջոցով վերստին դարձեալ սերմանուեցաւ աշխարհին մէջ:
Այսքանը այս մասին:
Խօսք. «Երկու օր ետք Յիսուս հոնկէ մեկնեցաւ» (Յհ 4.43):
Մեկնութիւն. Ինչպէ՞ս է, որ միայն երկու օրերու ընթացքին սամարացիները դարձի բերաւ, իսկ Իր գաւառին մէջ բազմաթիւ օրեր մնաց ու քիչերը միայն դարձի բերաւ:
ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Կ՚ըսէ, քանի որ Յիսուս Ի՛նք վկայեց, թէ՝ «մարգարէն իր գաւառին մէջ յարգ չունի» (տե՛ս Յհ 4.44), եւ այս մէկը մարգարէներէն յայտնի է, որովհետեւ Եղիան ո՛չ միայն Թեզբէի մէջ, այլ՝ ամբողջ Իսրայէլի մէջ չընդունեցին, այդ պատճառով Սիդոնի երկիրը՝ Սարեփթա անունով գիւղ մը գնաց, այրի կնոջ մը մօտ, որու որդին կենդանացուց (Հմմտ. Գ. Թգ 17): Ոմանք կ՚ըսեն, թէ այդ մանուկը Յովնան Մարգարէն էր: Նոյնպէս Թովթն ալ Երեմիան չընդունեց, ո՛չ ալ Եղիսէն, նոյնպէս Ռաման Սամուէլը չընդունեց, նոյնպէս ալ ժողովուրդը Մովսէսը չընդունեց, այդպէս ալ հրեաները զՔրիստոս չընդունեցին:
Ասիկա չորս պատճառով կ՚ըլլայ.
Նախ՝ ընկերներու նախանձին համար, որովհետեւ մեր ապականեալ բնութեան պատճառով մեր մէջ նախանձը բուսաւ, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր արհեստակիցները կ՚ատէ, ինչպէս դարբինը՝ դարբինին, եղբայրը՝ եղբօր, վարդապետը՝ վարդապետին, եւ այլն. քանի որ նմանն ու հաւասարը կ՚ատեն զիրար ու ոչ թէ աննմանն ու անհաւասարը:
Երկրորդ՝ որովհետեւ մէկը միւսէն կը յանդիմանուի, իսկ առաւել կերպով մարգարէն կը յանդիմանէ միւսներուն անկարգութիւնները, այդ պատճառով կ՚ատեն զինք, ըստ այնմ. «Դրան մէջ յանդիմանողը կ՚ատեն» (տե՛ս Ամվ 5.10):
Երրորդ՝ որովհետեւ աւելի նոր բաները կը սիրեն, քան հինն ու անծանօթը, ինչպէս սովորութիւն է կերակուրներու պարագային տեսնել, երբ շատ կ՚ուտէ՝ կը զզուի, իսկ ինչ որ մարդ իր ձեռքին մէջ պատրաստ ունի, անարգ կը համարէ ու նուազ, թէեւ պատուական ըլլայ ան:
Չորրորդ՝ տղայութեան հասակին տեսածին ու գործին անմտութեան պատճառով կ՚ուրանան շնորհքը, որոնք յետոյ կը հանդիպին իրեն:
Դարձեալ գիտելի է, թէ Յիսուս Գալիլիա դառնալով, Իր գաւառը՝ Նազարէթ չգնաց, որու պատճառը Աւետարանը ցոյց կու տայ, ըսելով. «Յիսուս Ինք վկայած էր» (տե՛ս Յհ 4.44). այսինքն՝ նախ վկայուած էր, ինչպէս Ղուկասը կը գրէ, թէ՝ «մարգարէն իր գաւառին մէջ յարգանք չունի» (Ղկ 4.24: Մտ 13.57: Մր 6.4). Քրիստոս հիմա Նազարէթ չգնաց, որովհետեւ նախ այնտեղ գնաց ու արհամարհուեցաւ, երբ ուզեցին զինք գահավիժել, այլ՝ գալիլիացիներուն միւս մասը գնաց, ուր զԻնք պատիւով ընդունեցին, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Երբ Գալիլիա հասաւ, գալիլիացիները զԻնք ընդունեցին» (Յհ 4.45):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ հաւատալով Անոր ու զԻնք իբրեւ Աստուծմէ ղրկուած Քրիստոս ընդունելով:
Խօսք. «Որովհետեւ տեսած էին հրաշքները, որ Երուսաղէմի մէջ կատարած էր» (տե՛ս Յհ 4.45):
Մեկնութիւն. Կը ցուցնէ, թէ անոնց մէջ հրաշքներ չգործեց, այլ՝ Երուսաղէմի մէջ, տօնին ժամանակ, երբ Նիկոդեմոս Վարդապետը հաւատաց, նոյնպէս անոնք ալ հաւատացին:
Խօսք. «Որովհետեւ իրենք ալ տօնին առիթով Երուսաղէմ գացեր էին» (տե՛ս Յհ 4.46):
Մեկնութիւն. Ինչպէս նախապէս ըսինք, թէ բոլոր հրեաները պարտաւոր էին այդ տօնին գալ:
ՔԱՆԻ՞ ԳԱԼԻԼԻԱ [ԿԱՅ]
Հարցում. Քանի՞ Գալիլիա կայ:
Պատասխան. Կը թուի, թէ երեք է.
Նախ՝ Գալիլիա լեռը, որ Երուսաղէմին մօտիկ է, ուր Յիսուս անոնց հետ ժամադրուեցաւ:
Երկրորդ՝ հրեաներու Գալիլիան, ուր գալիլիացիներու Կանա ու Նազարէթ [քաղաքներն] էին, իսկ Կափառնաումը՝ անոնց մայրաքաղաքը:
Երրորդ՝ հեթանոսներու Գալիլիան, ինչպէս Եսային կ՚ըսէ. «Ժողովուրդին վրայ, որ խաւարին մէջ կը նստէր, լոյս ծագեցաւ» (Հմմտ. Ես 9.2), կամ երկու կողմ է գալիլիացիներու երկիրը, մէկը՝ հրեաներուն եւ միւսը՝ հեթանոսներուն կը կոչուին:
Հարցում. Ինչո՞ւ համար գալիլիացիները արհամարհուած էին անոնց մէջ:
Պատասխան. Երկու պատճառով.
Նախ՝ որովհետեւ հեթանոսներուն սահմանակաից ու ծոյլ էին:
Երկրորդ՝ որովհետեւ անոնց լեզուն ծեքական էր, ըստ այնմ՝ «խօսակցութենէդ յայտնի կը դառնաս» (Հմմտ. Մտ 26.73):
ՊԱԼԱՏԱԿԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Պալատական մը» (Յհ 4.46):
Մեկնութիւն. Որովհետեւ Հերովդէսի ցեղէն էր, կամ որովհետեւ հռոմայեցիներէն իշխանութիւն ունէր, ինչ ալ որ է՝ հեթանոս էր:
Երեք պատճառով ոմանք կ՚ըսեն, թէ ասիկա եւ հարիւրապետը նոյնն են, որ Մատթէոսը կ՚ըսէ (Հմմտ. Մտ 8.5-13). նախ՝ որովհետեւ իշխան էին, երկրորդ՝ Կափառնաումի մէջ էին, երրորդ՝ հեթանոս էին:
Սակայն նոյնը չեն, վեց պատճառով, ինչպէս Ոսկեբերանը կ՚ըսէ.
Նախ՝ որովհետեւ անիկա կը հրաժարէր, որ Փրկիչը իր տուն երթար, կ՚ըսէ. «Արժանի չեմ, եւ այլն» (Հմմտ. Մտ 8.8), այդ պատճառով ալ գովուեցաւ, իսկ ասիկա կ՚աղաչէր որ երթար [իր տուն], սակայն չգնաց, եւ՝ յանդիմանուեցաւ:
Երկրորդ՝ ան Կափառնաումի մէջ հանդիպեցաւ, երբ լեռնէն իջաւ, իսկ ասիկա՝ երբ սամարացիներու մօտէն վերադարձաւ եւ Գալիլիայի Կանա քաղաքը եկաւ:
Երրորդ՝ ցաւերու որակութեան համար, որովհետեւ այստեղ ջերմութիւն կ՚ըսէ, իսկ այնտեղ՝ անդամալոյծ:
Չորրորդ՝ հիւանդներու ով ըլլալնուն համար. անիկա ծառայ էր, իսկ ասիկա՝ որդի:
Հինգերորդ՝ աղաչողներուն կերպին համար, այնտեղ՝ «երէցներ ղրկեց» (տե՛ս Ղկ 7.3), կ՚ըսէ Ղուկաս, իսկ այստեղ՝ ի՛նք պալատականը եկաւ:
Վեցերորդ՝ պատիւէն, որովհետեւ անիկա հարիւրապետ էր, իսկ ասիկա՝ պալատական: Հետեւաբար յայտնի է, թէ ուրիշ էր հարիւրապետը, որ Մատթէոսն ու Ղուկասը կը յիշեն, եւ ուիրշ՝ պալատականը, որ Յովհաննէսը կը յիշէ:
Խօսք. «Երբ լսեց, թէ Յիսուս Հրէաստանէն Գալիլիա եկած է» (Յհ 4.47):
Մեկնութիւն. Յոյս ունեցաւ Անոր մօտ գալու եւ իր որդիին համար առողջութիւն ընդունելու, քանի որ Քրիստոս ուրիշ գիւղի մը մէջ էր, այսինքն՝ Կանայի:
Խօսք. «Ու կ՚աղաչէր, որպէսզի իր տուն երթայ ու բժշկէ» (տե՛ս Յհ 4.47):
Մեկնութիւն. Որովհետեւ Կափառնաումը դաշտի մէջ էր ու Կանայէն աշխարհագրական դիրքով աւելի ցած էր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 40
Վաղարշապատ