ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ (1843-1892) ԵՒ «ԵՐԲ ՀՒՒՐ Կ՚ԵՐԹԱՍ»
Յակոբ Պարոնեան, հայ մեծագոյն երգիծաբանը յաճախ քննադատած է բարոյական, ընկերային եւ քաղաքական թերութիւնները եւ տկարութիւնները։ Ահաւասիկ, նմոյշ մը իր գործերէն, ուր կը քննադատէ քաղաքավարութեան չափազանցութիւնները։
ԵՐԲ ՀԻՒՐ Կ՚ԵՐԹԱՍ
Քաղաքավարութիւն ըսուածը բռնակալ մըն է, անտանելի՝ մանաւանդ անոնց համար, որոնք բնական կեանքի մէջ կը գտնեն իրենց երջանկութիւնը։
Խօսինք փաստերով։
Բարեկամի մը անուան տօնն է։ Կ՚երթաս այցելութեամբ մը քաղաքավարական պարտքդ տալու. սիրալիր կ՚ընդունին։
Ժամ մը նստելէ ետք, կ՚ուզես քիչ մը գօտիդ թուլցնել. ամօթ է։ Աչքերդ կը սկսին գոցուիլ, պիտի ուզէիր բազմոցի մը վրայ երկննալ. «Բռնակալ»ը կ՚արգիլէ։ Իսկ քունը երթալով կը ծանրանայ կոպերուդ… բնութիւնը «քնացի՛ր» կ՚ըսէ, քաղաքավարութիւնը «մի՛ քնանար կը պոռայ»։
Փորձէ՛ եւ քի՛չ մը քնացիր. տանտէրը գլխուդ վրայ կը տնկուի։
-Է՜յ,- կը պոռայ,- քիչ մը ջուր բերէք պարոն Յակոբին։
-Չէ՛, չէ՛, ջուր չեմ ուզեր։
-Ինչո՞ւ կը քնանաք, պարոն Յակոբ։
-Նստած տեղս քունս եկաւ, ներեցէ՛ք։
-Մեզմէ չ՚ախորժեցա՛ր…
-Ի՜նչ կ՚ըսէք…
-Ուրիշներու՝ մինչեւ առտու կը նստիք, մեր տունը շուտ մը կը քնանաք։
-Շա՛տ կերայ այս իրիկուն, եւ…
-Ո՛չ աս, ո՛չ ան,- կ՚ըսէ տանտիկինը,- մեր տունը լաւ զբօսանք չկայ իրեն…
-Կ՚աղաչեմ, մի՛ խօսիք այդպէս…
-Սիկարէ՛թ բերէք պարոն Յակոբին։
-Խնձոր մը կեղուեցէք։
-Շնորհակալ եմ, բայց…
-Սուրճ մը եփեցէք…
-Թէ՛յ մը…
-Ելի՛ր, քիչ մը պտտէ՛, Յակոբ աղա…
Անդիէն ուրիշ մը կը պոռայ.
-Եկո՛ւր՝ թո՛ւղթ մը խաղանք՝ արթննաս։
-Շնորհակալ եմ, քէֆերնո՛ւդ նայեցէք։
-Չէ՛. հետս թո՛ւղթ մը պիտի խաղաս։
Ճարահատ՝ կը նստիս թղթախաղի։ Բայց շուտով քունը կը վերադառնայ։
-Յակո՛բ աղա, մի՛ քնանար։
-Չեմ քնանար կոր։
-Կը քնանաս կոր, Յակոբ աղա։
-Չեմ քնանար կոր։
-Փոլքա՛ մը պարէ՝ քունդ փախչի։
-Փոլքա չեմ գիտեր։
-Կը սորվի՛ս…
Բռնութեամբ պարի կը հանեն. թէ ի՛նչ բառեր կ՚ըսես միտքէդ՝ կարելի չէ հոս գրել։ Քունը կը փախչի։
Երկու ժամ ետք, միւս հրաւիրեալներուն հետ, կը մեկնիս։
Տուն կը հասնիս, անկողին կը մտնես։ Բայց… քունը նեղուած՝ փախած է քեզմէ։ Ամբողջ գիշերը կը տապլտկիս անկողինին մէջ, եւ կը քնանաս՝ երբ ընդհանրապէս կ՚արթննայիր ու կ՚ելլէիր, գործի երթալու։
Ահա՛ քաղաքավարութեան արդիւնքը…
Թերեւս առարկէք. «Լա՛ւ, թո՛ղ չերթար, թող տո՛ւնը նստէր»։ Բայց…
Այդ մէկ փորձն ալ կրնաք ընել, եւ պիտի գտնէք ձեր փորձանքը։
***
Ահաւասիկ, Յակոբ Պարոնեանի գրիչէն «քաղաքավարութեան ստեղծած փոր-ձանքներ»ը։
Բայց ինչպէս ամէն մարզի մէջ, քաղաքավարութեան հարցին մէջ ալ չափաւորութիւնը կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ։ Արդարեւ, քաղաքավարութիւնը ընկերային կեանքը, մարդկային փոխյարաբերութիւնները կարգադրող եւ կառավարող. ընկերային կեանքի մէջ լաւ յարաբերութիւններու մշակման առիթ տուող աւանդական կանոններ են։ Քաղաքավարութիւնը այս իմաստով անհրաժեշտ դրութիւն մըն է ընկերային կեանքի զարգացման տեսակէտէ։ Արդարեւ, քաղաքավարութիւնը քաղաքակիրթ մարդ եւ ընկերութիւն ըլլալու ստուգանիշներուն առաջնակա՛րգն է։ Կատարելութեան պայմաններէն մին է քաղաքավարութիւնը։ Քաղաքավարութեան մէջ մանաւանդ կա՛յ համակրական հասկացողութիւն։ Ուրիշ խօսքով քաղաքավարութիւնը փոխադարձ զգացումներու եւ արտայայտութիւններու աւանդութիւն մըն է։
Քաղաքավարութիւնը որոշ կանոններու դրութիւն մըն ալ չէ, քանի որ քաղաքավարութեան ըմբռնումը ժամանակի մէջ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի եւ ընկերութիւններու մէջ տարբեր տեղեր բոլորովին տարբեր կը հասկցուի։ Քաղաքավարութիւնը որոշ շրջանի եւ որոշ շրջանակի մը ըմբռնումէն կախում ունի ընդհանրապէս։ Զոր օրինակ, Յակոբ Պարոնեանի ժամանակի այցելութիւնները այսօր չեն տեսնուիր եւ երբ ընտանեկան հրաւէրի մը ներկայ գտնուիք, պիտի նկատէք, որ ամէն մարդ մխրճուած իր անձնական-բջիջային հեռաձայնին մէջ՝ անջատ աշխարհի մը մէջ կ՚ապրի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 8, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024