ԵՒՐՈՊԱ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ ԴՈՒՐՍ

Ամերիկեան լրատուական HuffPost հարթակը ուշագրաւ յօդուած մը տպագրած է Եւրոպայէն դուրս գոյութիւն ունեցող «Եւրոպա»ին մասին: Խօսքը աշխարհի այն քաղաքներուն մասին է, որոնք, Եւրոպայէն դուրս ըլլալով, կը նկատուին եւրոպական շունչ ու ոգի կրող երկիրներ:

Կայքէջը կը գրէ. «Եթէ դուք չէք կրնար համակերպիլ սնունդի փոքր չափաբաժիններու, առանց սառոյցի խմիչքի, ֆութպոլային միտքերու հետ, ուրեմն պարզապէս տարօրինակ անձնաւորութիւններ էք, որոնք կ՚ատեն Եւրոպան, սակայն գաղտնօրէն կը հետեւին Եւրոպայի զարկերակին»:

Այդ առիթով HuffPost-ը կազմած է ցանկը աշխարհի ամենաեւրոպականացուած քաղաքներուն, որոնք կը գտնուին Եւրոպայէն դուրս եւ եւրոպական շունչ եւ բովանդակութիւն ունենալուն համար կը գրաւեն միլիոնաւոր մարդոց ուշադրութիւնը:

Եւրոպան, իր հնագոյն հմայքով յաճախ գերած է աշխարհը եւ օրինակ դարձած՝ քաղաքներ կառուցելու եւ բնակավայրեր հիմնելու զանազան ծրագրերուն ընթացքին: Սովորաբար եւրոպական քաղաքները ունին հոծ կառուցապատում, քաղաքին կեդրոնը կ՚առանձնանայ միջնադարեան, իսկ ծայրամասերը՝ ժամանակակից շէնքերով: Եւրոպական քաղաքային ճարտարապետութեան բնորոշ է նաեւ բարդ յատակագիծը, որ պատմական երկարատեւ զարգացման ընթացքին յառաջացած է:

Ինչ կը վերաբերի ամերիկեան քաղաքներուն, ապա այսպիսի քաղաքները կառուցապատուած են աւելի ցրիւ կերպով՝ հիմնականօրէն առանձնատուներով: Ամերիկեան քաղաքներուն մէջ, միայն մեծ քաղաքներուն կեդրոնը՝ գործարար շրջանը, կ՚առանձնանայ բարձրայարկ շէնքերով, դրամատուներու, պանդոկներու եւ սպասարկման ասպարէզի այլ կառոյցներու կուտակումներով:

Բոլորովին տարբեր են ասիական նկատուող քաղաքներուն շինութիւնները. քաղաքներուն ասիական ոճը ձեւաւորուած է զարգացած երկիրներուն մէջ, կը զատորոշուի անսովոր խիտ, առաւելաբար ցած յարկերով շինուածքներով, բարեկարգման ոչ այնքան բարձր մակարդակով: Ժամանակակից ճարտարապետութեան մէջ գոյութիւն ունին նաեւ արաբական, լատինա-ամերիկեան եւ ափրիկեան քաղաքներու ոճ հասկացութիւնները:

Իբրեւ եւրոպական քաղաքներ, կայքէջը անջատած է զանազան երկրամասերու մէջ հետեւեալ հինգ քաղաքները.

ՄՈՆԹՐԷԱԼ, ԳԱՆԱՏԱ

Եւրոպական ոճ ունեցող առաջին քաղաքը ամերիկեան կայքէջը նկատած է Գանատայի մեծութեամբ երրորդ քաղաքը՝ Մոնթրէալը: Սալաքարերով պատուած այս հետաքրքաշարժ քաղաքը ժամանակին գաղութացուած է Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ եւ հոն տակաւին զգալի է ֆրանսական շունչը: Սկզբնապէս կոչուած է Վիլ-Մարի՝ Մարիամի քաղաք: Մոնթրէալ անունը եկած է Մոն Ռուայալ (Արքայական լեռ) լերան անունէն, որ կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը, միջին ֆրանսերէնի մէջ անիկա կը հնչէ Մոնթ Ռէալ:

Այս քաղաքին մէջ կարելի է գտնել եւրոպական ոճով խնամուած այգիներ, քաղաքային հրապարակներ եւ 18-րդ դարու ճակատային ընդգծուած մասերով պերճաշուք մարզական շինութիւններ, ինչպէս նաեւ Նոթրը Տամ տաճարին նմանող բազմաթիւ եկեղեցիներ: Քաղաքին մէջ միայն 350 այգի կայ, շուրջ 300 եկեղեցի, 15 կամուրջ:

Միաժամանակ, Մոնթրէալը Փարիզէն ետք աշխարհի երկրորդ ամենամեծ ֆրանսախօս քաղաքն է:

Կայքէջը նշած է, որ Մոնթրէալի բնակիչները իրական ֆրանսացիներու նման, քամահրանքով կը վերաբերին ամերիկացիներուն:

Աշխարհը փոխուած է անշուշտ եւ բազմաթիւ ուսումնասիրողներ այն կարծիքին են, որ ամերիկացիներուն վերէն նայելու ֆրանսական կարծրատիպը արդէն կոտրուած է: Մոնթրէալը ոչ միայն եւրոպական չափանիշերով քաղաքներուն մէջ ամենաբարձր դիրքը կը զբաղեցնէ, այլ ամենաբարձր հորիզոնականները կը զբաղեցնէ աշխարհի ամենայարմարաւէտ քաղաքներուն մէջ:

Monocle Magazine ամսագիրը, օրինակ, քաղաքը կոչած է Գանատայի մշակութային քաղաք, իսկ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն Մոնթրէալը կոչած է ձեւաւորումի քաղաք: 70-ական թուականներու կէսերուն, զիջելով տնտեսական մայրաքաղաքի տիտղոսը Թորոնթոյին, Մոնթրէալը կը մնայ Գանատայի կարեւոր արդիւնաբերական, գործարար եւ մշակութային կեդրոնը:

ՄԵԼՊՈՒՌՆ, ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ

Աւստրալիոյ մշակութային մայրաքաղաք նկատուող Մելպուռնը նոյնպէս յաճախ Փարիզին կը նմանցնեն: Նոյնիսկ կասկած չկայ, որ Եարա գետին վրայի փոքրիկ կամրջակները կը յիշեցնեն Փարիզի Pont de l'Archevêché կամուրջը: Սիրահարներու ամրոցները մէկ կողմ ձգելով, եւրոպական շունչը Մելպուռնի մէջ, մանաւանդ կը զգացուի բացօթեայ սրճարաններու ծառաշատ պուրակներուն եւ հանրակառքերուն շնորհիւ, իսկ բացօթեայ սրճարաններուն մէջ է, որ գոյութիւն ունի Եւրոպային բնորոշ սրճելու իսկական մշակոյթը:

Հարկ է նշել, որ 2015 թուականին The Economist ամսագիրը հինգերորդ անգամ անընդմէջ Մելպուռն քաղաքը ճանչցած է բնակելու համար երկրագունդի ամենայարմարաւէտ քաղաքը: Եւրոպական նկատուող այս քաղաքը ծանօթ է իր վիքթորիական եւ ժամանակակից ճարտարապետութիւններու համադրութեամբ, բազմաթիւ զբօսայգիներով եւ այգիներով, բազմադէմ եւ բազմազգ բնակչութեամբ: Ցաւօք, Աւստրալիոյ նշանաւոր հրդեհներուն հետքերը հասած են նաեւ Մելպուռն եւ արբանեակէն կատարուած որոշ լուսանկարներու մէջ օրին կը տեսնուէր քաղաքին վրայ նստած թանձր ծուխը, բայց այդ մէկը չէ խանգարած քաղաքին՝ կրկին վերականգնելու իր հնամենի հմայքը:

ՊՈՍԹԸՆ, ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Պոսթընի մեծ մասին մէջ, ուր կը զգացուի հինի եւ նորի լարուածութիւնը, զարմանալիօրէն զգալի է նաեւ Եւրոպայի շունչը, որուն համար քաղաքը պարտական է իր գաղութային հարուստ մշակոյթին: Ինչպէս Լոնտոնի մէջ, ուր Թէյմզ գետի երկայնքով վեր կը բարձրանան Շարտ եւ Սենթ Մերի Էքս երեսուն աշտարակները, Պոսթընի Չարլզ գետին մօտ կը գտնուին Քոփլին եւ Prudential Center-ը: Սալապատուած եւ լայն փողոցներով, երբեմն չափազանց դանդաղաշարժ հանրային երթեւեկով այս քաղաքը դիւրին է շրջանցել. անոր տերեւազարդ թաղամասերը ունին պատմական հետաքրքաշարժ յիշողութիւն: Պոսթընը յայտնի է նաեւ նոր Անգլիա անունով եւ Միացեալ Նահանգներու Նոր Անգլիա շրջանի ամենամեծ քաղաքն է: Հիմնադրումէն՝ 1630 թուականէն քանի մը տարի ետք քաղաքին մէջ բացուած է առաջին անգլիալեզու քոլեճը՝ Հարուըրտի համալսարանը: Քաղաքին մէջ շատ են եւրոպական ոճով շինութիւնները, որոնցմէ մէկը 15-րդ դարու Վենետիկեան Պարպարօ պալատի նմանութեամբ կառուցուած շէնքն է: Շէնքին մէջ կը գործէ Իզապելլա Սթիուըրտ Քարթնըրի արուեստի հաւաքածոյի թանգարանը:

Այստեղ գտնուող բազմաթիւ քաղաքային այգիներէն մէկը Հայկական ժառանգութեան այգին է, որ սիրելի զբօսավայր մըն է քաղաքի բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար: Հայկական ժառանգութեան այգիին ինքնատիպ լաբիւրինթոսը՝ բաւիղը կը գրաւէ շատերը եւ եւրոպական այգի մը կը յիշեցնէ:

Պոսթընի հնաբնակներուն մէջ միշտ կը շեշտուի հայերուն անունը: Հայերը հոս բնակութիւն հաստատած են 1880-ական թուականներուն: Մինչ այդ, կը յիշուի 1682 թուականին այստեղ հաստատուած հունգարահայ Ստեփան Զատորին անունը: 1890 թուականին Սարգիս Շաղլեան Պոսթընի մէջ հիմնած է շաքարեղէգի գործարան, որ Գալիֆորնիոյ մէջ մասնաճիւղեր ունեցած է:

ԿՈՒԱՆԱԽՈՒԱՏՕ, ՄԵՔՍԻՔՕ

Շատերու պնդմամբ, Կուանախուատոն աշխարհի ամենատեսարժան ժառանգութիւն ունեցող քաղաքն է, ուր ակնյայտ է իրական եւրոպական շունչը: Նախկին հանքափորական քաղաքին շքեղ առանձնատուները, սալաքարերով պատուած փողոցները եւ լաւ պահպանուած գաղութային կեդրոնը կը յիշեցնեն 17-րդ դարու սպանական քաղաք: Եւրոպայի քաղաքներու հիմնական փողոցներուն պէս հոս ալ փողոցները նեղլիկ են, ոլորուն եւ քալելու համար քիչ մը անյարմար: Բայց այս նեղլիկ փողոցներն են, որ յաճախ հմայիչ եւ մտերիմ կը դարձնեն հին քաղաքները: Քաղաքին որոշ եկեղեցիները ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ուշադրութեան տակ են որպէս Ամերիկայի մէջ պարոք ոճի ճարտարապետութեան լաւագոյն նմոյշներ: Կուանախուատօ քաղաքին մէջ կը գտնուի Խուարես պատմական թատրոնը, որ կառուցուած է հին հռոմէական եւ յունական ճարտարապետութեան շունչով: Աստիճաններով բարձրանալու միջոցին կը բացուի տասներկու սիւներու շարքը, որ կը յիշեցնէ Հռոմի պանթէոնը: Շէնքին տանիքը տեղադրուած են յունական դիցաբանութենէն ութ պրոնզեայ արձաններ:

Կուանախուատոն նոյնանուն ազատ եւ ինքնիշխան նահանգին մայրաքաղաքն է: Այս գեղեցիկ եւ դիտարժան քաղաքը կը նկատուի ոտքով զբօսնելու համար աշխարհի լաւագոյն քաղաքներէն, իսկ քալելը հոս ընդունուած է նաեւ ուրիշ պատճառով՝ երթեւեկութեան միջոցներուն մեծ մասը նետուած են ստորգետնեայ փապուղիներուն եւ ներքնուղիներուն մէջ:

Հետիոտնի համար յարմարաւէտ քաղաք ըլլալէն զատ, անիկա մեծապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ քաղաքի շինութիւններուն, ագարակատուներուն գոյներով: Հոս բազմաթիւ տաճարներ, պալատներ եւ շատ հետաքրքրական պատմական վայրեր կան: Կուանախուատոն նաեւ ինքնահռչակ կերպով յայտարարուած է որպէս աշխարհի «Համբոյրի մայրաքաղաք»ը: Քաղաքին մէջ ազատ համբոյրը սովորական երեւոյթ է եւ երբ քաղաքագլուխներէն մէկը փորձած է համբոյրները սահմանափակել հասարակական վայրերուն մէջ, քաղաքը ոտքի ելած է եւ որպէս հետեւանք նոյն քաղաքապետը բոլորովին հակառակ որոշում ընդունած է եւ քաղաքը նկատած՝ համբոյրի կեդրոն:

ՔԷՊԷՔ, ԳԱՆԱՏԱ

Մոնթրէալին պէս Քէպէքի մէջ եւս նկատելի է զօրեղ ֆրանսական շունչ: Այդ մէկը միայն քաղաքաբնակներուն ֆրանսախօս ըլլալով չէ որ պայմանաւորուած է: Քաղաքը շրջապատող ամրոցանման պատերը՝ առասպելական Chateau Frontenac-ը, կը յիշեցնեն ճարտարապետութեան պարոք եւ NouvelleFrance ոճերը, որոնք ամէնուր գերակշռող են: Քաղաքին մէջ զբօսնելու ժամանակ ամէն քայլափոխի կարելի է հանդիպիլ Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ բազմաթիւ մարտերուն մասին պատմող յուշատախտակներու: 2008 թուականին Քէպէքը մեծ շուքով տօնեց հիմնադրման 400-ամեակը՝ ընդգծելով Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ֆրանսական քաղաքակրթութեան օրրան ըլլալը:

Քաղաքը յայտնի է իր պատմական թաղամասով, թանգարաններու մեծ թիւով եւ մշակութային հաստատութիւններով: Զայն կը կոչեն «Թատրոններու քաղաք»: Միաժամանակ քաղաքը, իր պատմութեան ընթացքին, ունեցած է մայրաքաղաքային հարուստ գործառոյթներ. իր աւելի քան 400-ամեայ պատմութեան ընթացքին Քէպէքը միշտ եղած է մայրաքաղաք: 1608 թուականէն 1627 թուականը եւ 1632 թուականէն 1763 թուականը եղած է ֆրանսական Գանատայի եւ ամբողջ Նոր Ֆրանսայի մայրաքաղաքը: 1763 թուականէն 1791 թուականը եղած է Քէպէք երկրամասի մայրաքաղաքը: 1791 թուականէն 1841 թուականը եղած է Ստորին Գանատայի մայրաքաղաքը, իսկ 1852 թուականէն 1856 թուականը եւ 1859 թուականէն 1866 թուականը՝ Գանատայի նահանգային մայրաքաղաքը: 1867 թուականէն ի վեր անիկա Քէպէք նահանգի մայրաքաղաքն է:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020