ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ

Երուսաղէմի հայկական թաղամասի մասին վերջերս Թուրքիոյ վերաբերեալ ուշագրաւ պնդումներու արձագանգ հանդիսացաւ Jewishpress.com կայքէջը։ Ստեղծուած արձագանգներու մթնոլորտին մէջ մանրամասն լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան։ Այսպէս, հրէական Jewish Press առցանց թերթը (Jewishpress.com)՝ «Թուրքիա կը փորձէ ձեռք անցընել Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասը» վերնագրով յօդուած մը հրապարակած է, որուն մէջ ըսուածները արդարօրէն մտահոգութեան բաւական մեծ ալիք յառաջացուցած են հայաշխարհին մէջ։

Մտահոգութիւնները փարատելու եւ յօդուածին մէջ նշուած անճիշդ որոշ տեղեկութիւններու պատշաճ լուսաբանութիւնը կատարելու նպատակով՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Յովնան Վրդ. Պաղտասարեան «Դիմագիրք»ի իր էջով կատարած է գրառում։

«Փետրուար 13-ին Jewish Press-ին մէջ լոյս տեսաւ Պարուխ Հետիտի «Turkey Working to Take Over Armenian Quarter in Jerusalem՚s Old City» յօդուածը, ուր հեղինակը նախ կ՚անդրադառնայ Էլիա Գահվէճեանի` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանը փակելու թրքական փորձին: Նշենք, որ Էլիա Գահվէճեան ունի լուսանկարչական սթիւտիօ, ուր ան կը զբաղի իր մեծ հօր եւ հօր քաշած լուսանկարներու վաճառքով եւ ան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարան չէ: Սթիւտիոն կը գտնուի Երուսաղէմի Հին քաղաքի քրիստոնէական թաղամասին մէջ եւ կը պատկանի Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքութեան», գրած է դիւանապետը:

Անդրադառնալով յօդուածին մէջ այն պնդումին, թէ թուրքերը լռութեան փոխարէն հայերուն 3 հազար տոլարնոց դրամաշնորհներ կ՚առաջարկեն, Տ. Յովնան Վրդ. Պաղտասարեան նշած է, որ կարելի չէ Երուսաղէմի հայերը կաշառել 3 հազար տոլարով:

«Երուսաղէմի գրեթէ բոլոր հայերը ընկերային գետնի վրայ ապահով են, իսկ անոնք, որոնք տնտեսապէս անապահով վիճակի մէջ են, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը անոնց կ՚ապահովէ բնակարան, աշխատանք եւ սնունդ, հետեւաբար կարելի չէ սաղիմահայերը կաշառել 3 հազար տոլարով», նշած է Յովնան Վարդապետ:

Jewish Press-ի յօդուածին մէջ նշուած է, որ քանի մը ամիս առաջ հայկական թաղամասի բնակիչները ցնցուած են իմանալով՝ որ իրենց տուներէն մէկը իր արժէքը երեք անգամ գերազանցող գինով վաճառուած է մահմետականի մը եւ հետաքննութեամբ պարզուած է, որ հայկական անշարժ գոյքի գնումին գանձատրումը կու գար Թուրքիայէն: Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետը իր բացատրութիւններուն մէջ կ՚ըսէ, թէ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ վերջերս ոչ մէկ բնակարան վաճառուած է:

«Թէ՛ Սրբոց Յակոբեանց վանքի եւ թէ՛ հայկական թաղամասի բոլոր կալուածներու սեփականատէրը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնն է: Թաղամասի բնակարաններն ու խանութները տրուած են կամ պաշտպանեալ (protected tenancy) կամ ոչ-պաշտպանեալ (unprotected tenancy) վարձակալութեան սկզբունքով: Պաշտպանեալ վարձակալութեան պարագային՝ կալուածին վրայ վարձակալի իրաւունքը կը տարածուի երեք սերունդ. համաձայնագիրը ստորագրած վարձակալը կը համարուի առաջին սերունդ, որու մահէն յետոյ իրաւունքը կ՚անցնի անոր կնոջ, որ կը համարուի երկրորդ սերունդ: Կնոջ մահէն յետոյ իրաւունքը կ՚անցնի աւագ զաւկին, որ կը համար-ւի երրորդ սերունդ: Անոր մահէն յետոյ կալուածը կը վերադառնայ իր սեփականատիրոջ», գրած է Տ. Յովնան Վրդ. Պաղտասարեան:

Անդրադառնալով ոչ-պաշտպանեալ վարձակալութեան, դիւանապետը նշած է, որ այդ պարագային վարձակալը ամէն ամիս պատրիարքութեան կը վճարէ կողմերու միջեւ ստորագրուած պայմանագրով որոշուած վարձքը. վարձակալութեան պայմանագիրը կրնայ առկախուիլ, երբ վարձակալը չի յարգեր պայմանագրի կէտերէն որեւէ մէկը:

«Կալուածներու վարձակալները գլխաւորաբար հայեր են: Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կալուած չի վաճառեր», նշած է ան:

Հրէական թերթին յօդուածագիրը նաեւ պնդած է, թէ քրիստոնեայ վաճառական մը, որ չէ ուզած անունը յայտնել, ըսած է, որ թուրքերը վերջերս Յորդանանի վաքըֆին՝ երկրին հիմնարկութիւնները տնօրինող մարմնին յանձնած են սեփականութեան մասին շատ հին վկայութիւններ, որոնցմէ մի քանիին, ներառեալ՝ օսմանեան շրջանի փաստաթուղթերու, ընթացք տրուած է եւ որոնք հայկական ու քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ սեփականութեանց կը վերաբերին:

«Թուրքերու կողմէ Վաքըֆին փաստաթուղթեր ներկայացուած ըլլալու մասին պնդումին վերաբերեալ նշենք, որ հայկական թաղամասի վանքապատկան ոչ մէկ կալուածի սեփականատիրութեան իրաւունքը կարելի է բողոքարկել, քանի որ անոնք արձանագրուած են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով եւ պատրիարքարանին մէջ կը պահուին բոլոր կալուածներու սեփականատիրութեան փաստաթուղթերը», գրած է դիւանապետը:

Տ. Յովնան Վարդապետ աւելցուցած է, թէ յօդուածագիրը ճիշդ նկատած է, որ վերջերս Երուսաղէմի մէջ կը նկատուի թուրք զբօսաշրջիկներու թիւի աճ։ Անոնք անգամ մը պատռած են հայկական թաղամասի պատերուն փակցուած Հայոց ցեղասպանութեան պաստառները:

«Այս դէպքին մասին անմիջապէս բողոք ներկայացուեցաւ ոստիկանութեան, որմէ յետոյ նման դէպք չարձանագրուեցաւ: Ցաւօք սակայն, պէտք է նշել, որ այդ պաստառները փակցուած են տասնամեակներէ ի վեր եւ զանոնք միշտ պատռած են հրեաները: Աւելի՛ն. թուրքերը երբեք արձանագրութիւններ չեն կատարած հայկական թաղամասի պատերուն վրայ, մինչ «Թակ Մեխիր» անունով ծանօթ խումբը նման արձանագրութիւններ յաճախ կատարած է թէ՛ հայկական եւ թէ քրիստոնէական վանքերու պատերուն վրայ», նշած է Տ. Յովնան Վրդ. Պաղտասարեան:

Jewish Press-ի մէջ լոյս տեսած նշեալ յօդուածով կ՚ըսուի նաեւ, որ Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ աճող աշխուժութիւնն ու «Մահմետական եղբայրներ»ու աջակցութիւնը՝ Իսրայէլի մտահոգութիւն կը պատճառեն եւ թէ իսրայէլեան բանակի հետախուզական բաժինը տարեկան իր վերջին հետախուզական գնահատման մէջ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիան ներկայացուցած է որպէս սպառնալիք:

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2020