Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդները շաբաթավերջին համատեղ ժողով մը գումարեցին Ստեփանակերտի մէջ։ Նիստը գլխաւորեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան։ Այս առթիւ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի համագործակցութիւնը հայ ժողովուրդի անվտանգութեան կարեւորագոյն բաղադրիչն է։
Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի մէջ խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցան զինեալ ուժերու ղեկավար կազմին հետ։
Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2020