ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ ԵՒ ՔՆՆԱԴԱՏԸ
Ֆրանսացի քննադատ մը՝ Fiérens-Gevaert, իր «Essai sur l'art contemporain» խորագրեալ ուսումնասիրութեան մէջ գեղարուեստներու մասին կը խօսի։ Ուսումնասիրութեան սկզբնաւորութեանը մէջ ան կը սահմանէ այն զանազան գեղարուեստական ուղղութիւնները, որոնք ծնունդ տուած են զանազան դասակարգի արուեստագէտներու։
Արուեստագէտներ կան, որոնք խոր կերպով կը յուզուին եւ կը տպաւորուին բնութեան տեսարաններէն։ Եւ այս խոր յուզումը՝ անոնց մէջ, որոնք ճակատագրային օրէնքով մը գեղարուեստական աշխատութիւններու տուած են ինքզինքնին, կ՚արթնցնէ ուժը՝ իրենց գործերուն մէջ վերարտադրելու համար այն կեանքը, որ նախ իրենց հիացման առարկայ եղած էր։
Եւ սակայն, այն արուեստագէտը, որ ներշնչման ինքնաբուխ անձնատուութեան մը առաւելութիւնները ունի՝ վերարտադրելու համար կեանքը իր խառնուածքին համեմատ, իր ժամանակակիցներուն եւ նախորդներուն հանդէպ մենաւորը, առանձնացողն է այն, նոր ուժի մը բխման ակը եւ չորս կողմ տարածուող ուժերու կեդրոնը դառնալով։
Հեղինակ մը «կենդանի յստակութեամբ» կ՚արտադրէ իր իմաստուն գաղափարները եւ շատ քիչ կը զբաղի հին սկզբունքներով։ Իրեն յատուկ համեմատութեամբ մը իրարու կը միացնէ եւ իրարու մէջ կը ձուլէ փորձուած արտադրութեան մը մտածումները։ Արդէն Ամիէլ, շատերէ վերջ, ինքն ալ ըսած է, թէ մեծ մարդու մը միտքը այն միակ տեղն է, ուր կը խտանան ժամանակի մը բոլոր ծփուն ուժերը։
Զօլա ալ սահմանած է գեղարուեստը իբրեւ «խառնուածքի մը մէջէն երեւցող բնութիւն» մը. «La nature à travers un temperament»։
Գերմանացի նշանաւոր իմաստասէր Հէկէլ արուեստագէտներէն կը պահանջէ ամենէն առաջ կեանքի խորհուրդներուն արտայայտութիւնը։
Մեր աչքերուն առջեւ բերենք, զոր օրինակ նկարիչ մը, որ մտատիպարի մը կազմուածքին համեմատ կը ներկայացնէ կեանքը իր կտաւին վրայ։ Ասով իր աշխատութիւնը կ՚երեւայ, թէ «նմանողութեան» մէջ սահմանափակուած է։ Իսկ իրականութեան մէջ, նկարիչը երկար սովորութեան մը հետեւելով, առանց անդրադառնալու՝ անգիտակցաբար, կը գծէ անվրէպ անկիւններ եւ ի վեր կը հանէ ճշգրիտ համեմատութիւնները։ Բարդ եւ շփոթ բնութեան մը մէջ, կ՚աշխատի անիկա զատել «էական կէտ»երէն եւ «նկարագիր»ներէն եւ արտաբերել էական կէտը եւ նկարագիրը անջա՛տօրէն։
Կէս հարթութիւններու հակասական, ծփանուտ ոլորումներու ատեն, կոր գիծերու բազմազան եւ խուսափուկ անորոշութիւններու ընդմէջ, կ՚ընտրէ իր «միացնելու ծրագիր»ը, եւ անոր ընդհանուր ուղղութիւն մը կու տայ։ Զոր օրինակ, երբ մուտքի դրան կամարի մը զարդը կը շինէ, կը փնտռէ քանի մը գիծեր, որոնց ներդաշնակ համադրութիւնը պիտի ըլլայ իր գործին «գեղեցկութիւն»ը։
Կենդանագիր պատկերի մը մէջ, երբ նկարիչը կ՚աշխատի դիմագծութիւնը տալ, կը ջանայ բոլոր վայրկենական երեւոյթները վանել անկէ, եւ իր պատկերին եւ իրական դէմքին նմանութիւնը ո՛չ թէ «նմանութեան» «imitation», այլ «համադրութեան», «synthése»ի մէջ կը գտնէ։
Դաշտանկար մը, արտադրելու համար կ՚որոշէ քանի մը գիծերու «համաչափութիւն»ը. քանի մը նրբերանգութիւններու՝ «nuance»ներու «հաւասարակշռութիւն»ը եւ «ներդաշնակութիւն»ը, եւ արժէք ներկայացնող կէտերու յարաբերութիւնը ի վեր կը հանէ։ Դուրս կը հանէ իր նկարէն այն բոլոր մասնաւոր հանգամանքները «particularité» որոնք գոյներու ներդաշնակութիւնը կը հաշմեն, ձեւէ դուրս կը հանեն գիծերը, եւ կը ծածկեն, կը խափանեն արժէքաւոր կէտերը։ Արդարեւ, դուրս հանել աւելորդը, զայն ի նպաստ կարեւորին՝ անհրաժեշտին փոխել եւ դիպուածը ի նպաստ նկարագրին գործածել. ահա ասոնք են արուեստագէտին աշխատութիւնը, եւ նաեւ պայմանը գեղեցկութիւնը կազմելու համար…։
Գեղեցկութիւնը, չի՛ յայտնուիր բայց եթէ որոշ եւ անյեղլի պայմաններու մէջ միայն։ Քննադատ մը խօսելով Ֆիէրէնսի հեղինակութեան վրայ, կ՚ըսէ թէ անիկա «արուեստի վրայ խոհա՛նք մըն է»։ Աւելի անճիշդ բացատրութիւն մը կարելի պիտի չըլլար գտնել այս աշխատութեան մասին, որ կը տարրալուծէ արուեստագէտի հոգին, կարեւորութիւն չտալով երբեք գեղարուեստի մասին «վերացական սահման» մը տալու։
«Ժամանակակից գեղարուեստի ուսումնասիրութիւն»ը աւելի բարոյագէտի քան թէ բնազանցականի «métaphysicien»ի մը գիրքն է։
Ուստի Ֆակէի նման Ֆիէրէնս ալ կ՚ըսէ, թէ «արուեստագէտը կեանքը իր գործին մէջ կը մտցնէ. աւելի համադրուած, աւելի ներուժ բան մը զոր կ՚արժէ բացատրել»։ Կեանքը մեզի կը յայտնուի անցաւոր դէպքերու առատութեան մէջէն։ Մարդիկ եւ իրերը կը փոխեն իրենց երեւոյթը ժամէ ժամ, եւ այս յաւիտենական փոփոխութիւններու փախուստին մէջ կը պահուի յաւերժական եւ ճշմարիտ պատկերը ամէնուն։ Գեղարուեստը վեր կ՚առնէ հոսուն երեւոյթներու վարագոյրը եւ վերջնական նկարագիրը ցոյց կու տայ իր մերկութեան մէջ։ Այս իմաստով է, որ իրարու մէջ կը ձուլուին կեանքը եւ գեղեցկութիւնը, որոնց «մտերիմ միութիւնը մասերէ ամբողջ մը կազմելու անհրաժեշտ յարաբերութիւնն են»։
Գեղեցկութիւնը՝ մեռեալ տարերքներէ զատուած եւ զտուած պատկերն է, եւ այս իմաստով, «գեղարուեստ»ն ալ իտէալը զտելով ամէն բանէ, կեանքը՝ կեանքի գերազանց ուժ մը ցոյց կու տայ։
Այս բոլորէն վերջ կը հասնինք այն կէտին՝ որ մեզ թելադրուած էր արուեստի աշխատութեան մը տարրալուծումը, հաստատելու համար թէ արուեստի գործունէութեան նպատակն է. նմանողութենէն անդին, յարաբերականին միշտ փոխուող դիմակին մէջէն բացարձակին յայտնութիւնը պատկերել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 22, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024