ԽՈՒՃԱՊԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Մեր տան քով նոր հանրախանութ մը բացուած է: Մայրուղիին վրայ գտնուող հանրախանութ մըն է, որ օրուան բոլոր ժամերուն լեցուն է այցելուներով: Երէկ կանաչեղէնի բաժնին մէջ ասիական արտաքինով երիտասարդ աղջիկ մը եւ կին մը նկատեցի, հաւանաբար մայր ու աղջիկ էին: «Չինացի են», շշնջաց տեղացի կին մը, քանի մը մեթր հեռանալով անծանօթներէն: Շշուկը տարածուեցաւ, եւ քիչ ետք ասիական արտաքինով գնորդներուն կողքը մարդ չէր մնացած, ամէն մարդ ցուցադրաբար հեռացաւ: Շատ տհաճ տեսարան մըն էր, որուն ականատես եղայ, բայց ես ալ զգուշացայ եւ զարմացայ, թէ ուրկէ յայտնուեցան այս չինացիները՝ Երեւանի արուարձանային հանրախանութին մէջ: Մինչ այդ, մեր թաղամասին մէջ, արդէն վարժուած ենք հնդիկներու, իրանցիներու եւ արեւելեան քանի մը ազգերու ներկայացուցիչներու գոյութեան, որոնք տուներ վարձած են եւ գոհունակ կը բնակին: Մեր շէնքին մէջ երկու հնդիկ եւ սեւամորթ մարզիկ մը կայ. վերջինս հաւանաբար Հայաստանի մարզական հաւաքականներէն մէկուն մէջ պայմանագիրով կը խաղայ: Յաճախ զայն կը տեսնեմ քովի մարզական համալիրի ճամբուն՝ մարզումներուն գացած պահուն: Հնդիկները նոյնպէս աշխատանքային դրութեամբ հոս են, բայց չեմ հետաքրքրուած, թէ ո՛ւր կ՚աշխատին: Թաղին մէջ անոնք հայրենակից ալ ունին, քովի շէնքին մէջ տեղաւորուած է հնդիկ ընտանիք մը, որուն հետ յարաբերութիւն ունին: Հնդիկ ընտանիքը ամէն առտու դպրոց կը ճամբէ իր երեխան, որ ձմրան այս ցուրտին երբեք չի մսիր եւ միշտ տաբատին տակէն կ՚երեւին կօշիկներուն մէջ տեղաւորուած բոպիկ ոտքերը:

Երկու տարի առաջ միջազգային այս խայտաբղէտ գոյնը չկար մեր թաղին մէջ, եւ Երեւանի մէջ՝ առհասարակ: Այսօր սովորական դարձած է ասիական երկիրներէն մարդոց բնակութիւնը մեր շէնքերուն մէջ, մեզի հետ կը մտնեն, կ՚ելլեն... Բոլոր թաղամասերու մէջ ալ կայք հաստատած են: Երեւանի բնակչութեան մէջ կայ տոկոս մը, որ շատ գոհ չէ իրենց շէնքերը օտարներու ազատ ելումուտէն, երբեմն-երբեմն պոռթկումներ կ՚ըլլան, իշխանութիւններէն կը պահանջեն սահմանափակել անոնց մուտքը երկիր, գոնէ՝ հայերէնը սորվելու կամ այլ խիստ պայման մը դնել, որպէսզի այդպէս ազատօրէն չտեղաւորուին երկրին մէջ: Այդ բողոքողները յաճախ կը մեղադրեն ցեղապաշտութեան մէջ, յիշեցնելով, որ հայ ազգը եղած է միշտ հանդուրժող եւ թշնամութիւն չհրահրող…

Երէկ չինացի մայրն ու աղջիկը աւելցան մեր թաղի օտարներուն: Կ՚ենթադրեմ, որ Երեւանի մէջ բացուած հայ-չինական բարեկամութեան միջազգային դըպ-րոցին հետ կապ ունին, քանի որ այդ դպրոցին մէջ բազմաթիւ չինացիներ կ՚աշխատին: Անոնք, լսած ենք, որ քորոնաժահրի այս տագնապին շրջանին իրենց երկիրը չեն գացած, հոս մնացած են, ուրեմն՝ անվտանգ է իրենց հետ շփումը: Աւելի՛ն. քորոնայի տագնապէն մինչեւ այսօր դպրոցին մէջ, ի աջակցութիւն Չինաստանի, տասնեակ ձեռնարկներ տեղի ունեցան, դպրոցը երկու երկիրներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող կառոյց մը ըլլալով աջակցութեան կոչեր, միջոցառումներ կատարեց ու մինչեւ հիմա դպրոցը այդ տրամադրութեան մէջ է: Վերջերս, դպրոցին մէջ բոլոր աշխատողները նկար մը նկարեցին, ի աջակցութիւն աշխարհէն մեկուսացուած Ուհան քաղաքին:

Ուհան անունը սարսափի հոմանիշ դարձած է աշխարհին մէջ, մինչդեռ Հայաստանը այս օրերուն ընդունեց Ուհանի մէջ աշխատած, այնուհետեւ մաքրանոց-ստուգումի շրջան անցած հայաստանցիները: Հեռուստաընկերութիւնները իրարու կարգ չէին տար՝ այդ մարդիկը հրաւիրելու եւ անմիջապէս ականատեսէն թարմ տեղեկութիւններ ստանալու համար: Չինաստանի ուրիշ քաղաքներէն հայաստանցիներ եկան Հայաստան, բայց շատ տարաշխարհիկ էր զրուցել մանաւանդ Ուհանէն եկած հայաստանցիներուն հետ: Անոնք Ուհանը նմանցուցած են ուրուական քաղաքի մը, ուր մարդոց ստուերները նոյնիսկ չեն դեգերիր: Քաղաքը տակաւին այդ խորհրդաւորութեան մէջ է:

Քորոնաժահրը բացայայտեց նաեւ Չինաստանի մէջ եղած հայաստանցիներու մեծ համայնքի առկայութիւնը: Մեծ մասը վերադարձած է, բայց տակաւին Չինաստանի մէջ կան հայաստանցիներ, որոնք կը դիմագրաւեն եւ մտադիր չեն լքել երկիրը:

Իրանի, Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներու եւ նաեւ Եւրոպայի մէջ յայտնաբերուած քորոնաժահրին խուճապը Հայաստան հասած է: Փողոցներուն մէջ շատցած են դիմակներ կրող մարդիկը, հակառակ այն յայտարարութիւններուն, թէ սովորական դիմակը չի պաշտպաներ ժահրէն, իսկ այն դիմակը, որ կը պաշտպանէ՝ թիւ 95-ն է, որ Հայաստանի մէջ չկայ, աշխարհի մէջ ալ այդ դիմակի սակաւութիւն կայ: Շատեր աշխատավայրերու, շուկաներու, դպրոցներու մէջ ճերմակ բարակ դիմակներով կը պտտին: Իրադրութենէն մանաւանդ հաճոյք կը ստանան դպրոցականները, որոնք խաղի վերածած են դիմակով դասի նստիլը, յաճախ կը բացակային, պատճառաբանելով թոյլ հարբուխը կամ ուրիշէն չվարակուելու վտանգը: Թեթեւ փռնգտոցն անգամ խուճապ կը յառաջացնէ:

Շաբաթավերջին համերգասրահին մէջ, համերգը չսկսած, քանի մը հոգի փռգտաց, ամբողջ դահլիճը 180 աստիճանով դարձաւ եւ նայեցաւ, թէ ովքե՞ր են հիւանդները, բոլորին միտքին մէջ վստահ քորոնաժահրն էր, որ Հայաստանի մէջ չկայ, բայց կա՛յ իր յարուցած տագնապին պատճառով:

Երթուղային հանրակառքին մէջ ամէն մարդ հայեացքով կ՚որսայ հիւանդ ուղեւոր մը՝ անկէ հեռու նստելու համար: Երթուղայինները պզտիկ են, մարդոց շփումը շատ մերձ է, իսկ հանրակառքին մէջ կը տիրէ կատարեալ անմաքրութիւն, ուստի երթուղային հանրակառքը ինքնին սարսափ է, երբ գիտես, որ աշխարհի մէջ «հնձող» ժահր մը կը պտտի: Երէկ երկու հոգի փռնգտաց հանրակառքին մէջ, կին մը վարորդէն խնդրեց պատուհանները բանալ: Կարծր այդ պատուահանները ձմրան ամիսներուն յատուկ կոճակներով կը գոցուին եւ միայն վարորդը կրնայ բանալ: Միւս ուղեւորները դժգոհեցան ըսելով՝ ձմրան քամիին եւ պաղին ի՞նչ պատուհան բանալ, այդ ալ վտանգաւոր է: Վարորդը, մտիկ ընելով վիճաբանութիւնը, ելք մը գտաւ. «Աւելի լաւ է մէկ հատ ծխեմ, վիրուս չի մնար» ըսաւ: Բոլորը համաձայնեցան, ուրախացան, մինչ այդ ծխելը հանրակառքին մէջ մեծ աղմուկ կը հանէր: Ծուխը շնչելով, մխիթարուած, ամէն մարդ տեղ հասաւ:

Քորոնան ահա այսպէս խառնած է մարդոց կեանքն ու հոգիները: Ամէնքս առանց ժահրը կրելու ակամայ մասնակից ենք ժահրին զարգացումներուն եւ ակնյայտ է, որ խուճապը աւելի է, քան՝ վտանգը: Այդ խուճապին մէջ է, որ կը կորսուի կարեւոր տեղեկատուութիւնը: Շարունակ կը հաղորդուի վարակին տարածման ու մահուան նոր դէպքերուն մասին, բայց կը շրջանցուի այն փաստը, որ վարակի տարածման շարժունակութիւնը, վերջին երկու շաբաթուան մէջ, նուազած է 4 անգամ, իսկ Յունուարի սկզբին համեմատ՝ 17 անգամ: Ժահրը, անշուշտ, կը շարունակուի տարածուիլ, բայց՝ աւելի դանդաղ: Այս մէկը կը նշանակէ, որ ժահրին դէմ պայքարը բաւական արդիւնաւէտ է: Միանալով համաշխարհային պայքարին, Իրանը ստեղծած է ժահրին առկայութիւնը ստուգող առաջին իրանական փորձանակները: Իրանը նոյնպէս ժահրին առումով վտանգաւոր գօտի նկատուած է, բայց երկրին գիտական ողջ ներուժը լծուած է ժահրը սեփական միջոցներով հսկելու գործին:

Համընդհանուր խուճապի ներքոյ անընդհատ կը հաղորդուի, թէ քանի՛ մարդ մահացած է, բայց նախ չի նշուիր այն, թէ որքա՛ն մարդ ապաքինած եւ հիւանդանոցներէն տուն գացած է, իսկ ապաքինողներուն թիւը ինն անգամ աւելի մեծ է եւ այդ թիւը օրէ օր կը մեծնայ: Խուճապը իր դերը կը կատարէ եւ ամէն օր աւելի շատ մարդ իրազեկ կը դառնայ հիւանդութեան մանրամասներուն, ատոր համեմատ՝ աւելի զգօն կ՚ըլլայ: Զգօնութիւնը եւ հարցին գիտակից մօտենալը գործին կէսն է:

Հայ ժահրաբանները յայտարարած են, որ եթէ պահպանես անձնական մաքրութիւնը եւ հեռու մնաս մարդկային կուտակումներէն, կոփես մարմինդ, ինչու չէ՝ նաեւ միտքդ, քորոնան այնքան ալ սարսափելի չէ, իսկ վարակուելու պարագային, եթէ վարակակիրը պարբերական դարձած կամ ծանր հիւանդութիւններ չունի եւ տարիքով մեծ չէ, ակնկալելի է լիովին բուժում:

Այս խորհուրդներն ու բացատրութիւնները լսելով թեթեւ շունչ կը քաշես, բայց առանց յուզմունքի կարելի չէ կարդալ Չինաստանի մէջ ժահրին դէմ պայքարողներուն մասին պատմուածները:

Ռուսական «Նովայա Կազեթա» («Նոր թերթ») պարբերականը յօդուած մը տպագրեց, որ մարդկային շատ ցաւալի պատմութիւն մըն է: Յօդուածը կը տեղեկացնէ, որ փետրուար 18-ին՝ քորոնաժահրէն մահացած է Չինաստանի Ուհան քաղաքի կեդրոնական հիւանդանոցի ղեկավար Լիւ Չժիմինը: Անկէ առաջ՝ փետրուար 7-ին մահացած էր անոր գործընկեր Լի Վենլեանը: Վենլեան այն մարդն էր, որ առաջինը յայտնած էր նոր քորոնաժահրին տարածման մասին: Կեանքէն հեռացած այս երկու բժիշկներն ալ վարակուած էին սուր թոքաբորբով, երբ կը բուժէին ժահրը կրող հիւանդները: Ժահրի տարածման սկիզբէն ի վեր հազաւարոր չինացի բժիշկներ այսօր փաստօրէն կ՚աշխատին առանց հանգստեան օրերու եւ օգնելով վարակուածներուն իրենք զիրենք կ՚ենթարկեն մահացու վտանգի:

Չինական Caixin Global պարբերականին մէջ հրապարակուած եւ ռուսերէնի թարգմանուած այս նիւթին մէջ զրոյց կայ բժիշկ Պեն Չժիւնեմի հետ: Ան կը գլխաւորէ Ուհանի համալսարանի Հարաւային կեդրոնական հիւանդանոցի անյետաձգելի բոյժօգնութեան բաժանմունքը: Ահա ինչ կը պատմէ բժիշկը.

«…Բազմաթիւ այցելուներ չկարողացան մտնել հիւանդանոց: Անոնք կը ճչային հիւանդանոցին դիմաց: Հիւանդներէն մէկը նոյնիսկ ծունկի եկաւ իմ ոտքերուս առջեւ, որպէսզի ընդունէի զայն: Սակայն ես անզօր էի, քանի որ բոլոր մահճակալները զբաղած էին: Ես կու լայի, երբ կը մերժէի զանոնք: Հիմա իմ արցունքներս ցամքած են: Ես ուրիշ միտքեր չունիմ, այժմ իմ միակ միտքս մարդկային կեանքեր փրկելու համար ամէն ինչ ընելն է:

«Ինծի համար ամենատխուր դէպքը Հուանգանէն եկած յղի կնոջ մը կ՚առնչուի: Ան շատ ծանր վիճակի մէջ էր: Մէկ շաբթուան ընթացքին, հիւանդանոցի մեր բաժանմունքին մէջ ան արդէն ծախսած էր շուրջ 200 հազար եուան (39 հազար ամերիկեան տոլար): Բուժման գումարը պարտքով վերցուցած էր իր ազգականներէն եւ ընկերներէն: Որոշ գործողութիւններ կիրառելէ ետք անոր վիճակը լաւացած էր եւ ան, հաւանաբար, կ՚ապրէր: Բայց անոր ամուսինը կորսնցուցած էր յոյսը: Կինը մահացաւ այն ժամանակ, երբ մենք բոլորս յանձնուեցանք: Յաջորդ օրը կառավարութիւնը յայտարարեց նոր քաղաքականութեան մասին, որով կը նախատեսուէր անվճար բուժում բոլոր այն անձերուն, որոնք վարակուած են քորոնաժահրով:

«Մեր նահանգի առողջապահութեան փոխ-նախարարներէն մին ինծի հետեւեալը պատմած է. Ուհանի եօթներորդ հիւանդանոցը գործընկերային յարաբերութիւններու մէջ է Հարաւային կեդրոնական հիւանդանոցին հետ: Փոխ-նախարարը գացած էր եօթներորդ հիւանդանոց, որպէսզի օգնէ այնտեղի վերակենդանացման եւ սաստիկ բուժման բաժանմունքի աշխատակիցներուն: Այնտեղ ան տեսած է, որ բոյժանձնակազմին երկու երրորդը ախտահարուած է: Բժիշկները այնտեղ «մերկ» կը վազէին, քանի որ, պաշտպանիչ միջոցներու պակաս կար եւ միեւնոյնն է, պիտի ախտահարուէին: Բայց այդ մէկը չէր խանգարեր, որ շարունակեն աշխատիլ: Այսպիսի հանգամանքները շատ կ՚ընկճեն մեր բժիշկներն ու բոյժքոյրերը:

«…Երբ ժահրով վարակուածը շնչահեղձ կ՚ըլլայ եւ թոքերուն օդափոխումը կը դառնայ անբաւարար, մենք պէտք է կիրառենք փողակամուծում: Ընթացակարգը վտանգաւոր է, քանի որ հիւանդին քով կրնայ յառաջանալ փսխում կամ լորձ: Հիւանդանոցին բոյժանձնակազմը մշտապէս վարակման վտանգի տակ է: Մենք բժիշկներէն եւ հիւանդապահներէն խստօրէն կը պահանջենք պահպանել անվտանգութեան ամենաբարձր չափանիշները: Ամենամեծ հարցը, որուն մենք ներկայիս կը բախինք, պաշտպանական միջոցներու պակասն է: Վերակենդանացման եւ սաստիկ բուժման բաժանմունքի անձնակազմին պաշտպանական միջոցներու պահեստները սպառած են, հակառակ որ հիւանդանոցը իր նախապատուութիւնը կու տայ բոյժանձնակազմի անվտանգութեան ապահովման եւ պաշտպանական միջոցներու մատակարարման»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020