ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Իտլիպի մէջ պատահած յարձակումը եւ անոր հետեւանքով Թուրք զինեալ ուժերու 33 հերոս զինուորներու նահատակութիւնը մեր երկրին մէջ խոր ցնցում յառաջացուցած է։ Սրտանց բաժնելով մեր ազգի ցաւը, նահատակներուն համար ի Տեառնէ կը հայցենք ողորմութիւն։

Մեր հերոս բանակը պետութեան գոյատեւման երաշխիքն է։ Իրենց զինակից ընկերները կորսնցուցած բանակի բոլոր անդամներուն, կը հայցենք տոկունութիւն։ Նաեւ կը շարունակենք աղօթել, որ աշխարհի ու յատկապէս մեր տարածքին մէջ խաղաղութիւնը տիրապետէ։

Յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան, Կրօնական ժողովի եւ համայնքի բոլոր անդամներուն, կու գանք հանրային կարծիքին հետ բաժնել մեր այն հաւատքը, թէ այս դժուարին գործընթացը կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել միութեան եւ միասնականութեան մթնոլորտին մէջ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Շաբաթ, Փետրուար 29, 2020