ԱՇԽԱՐՀ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՍՈՐՎԻԼ ՃԱԲՈՆԻ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐԷՆ

Նոր արհեստագիտութիւնները անշուշտ կոչուած են մարդոց կեանքը դիւրացնելու՝ հանգիստ, բարգաւաճ աշխարհի մը մէջ ապրելու: Ճաբոն այն երկիրներէն է, ուր այս հոլովոյթը բաւական արագ կ՚ընթանայ եւ կրնայ լաւ օրինակ հանդիսանալ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք կը հաւատան այդ աշխատանքին: Կը մնայ մաղթել, որ մարդկութիւնը զերծ մնայ նոր գիւտերը ժխտական նպատակներու համար օգտագործելու փորձութենէն: Բրիտանացի պլոկըր Պրայըն Լաֆքին տեղեկութիւններ եւ կարծիքներ յայտնած է:

*

Ճաբոն մարդամեքենաներ կը տեղադրէ ծերանոցներու, գրասենեակներու եւ դպրոցներու մէջ, որովհետեւ անոր բնակչութիւնը կը ծերանայ, եւ աշխատաւորներու քանակը կը սկսի նուազիլ: Ասիկա ի՞նչ կրնայ սորվեցնել նոյն խնդիրները դիմագրաւող միւս երկրներուն:

Ճաբոն սկսած է փոխուիլ: Արագ ծերացող բնակչութիւն, արտերկրէն այցելուներու մրցանշային ներհոսք եւ աւելի շատ մարդամեքենաներ: Ճիշդ այստեղ անհրաժեշտ կը դառնայ երկրի երիտասարդներուն դերակատարութիւնը:

Շինակաուայի նրբագեղ գրասենեակներու շէնքին մէջ աշխատողները կը զբօսնուն եւ ճաշի կ՚երթան: Ապակեայ դռներու մէջէն անցնելու ատեն զանոնք կը խուզարկեն անվտանգութեան երկու պահակախումբեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը դաժան լռութեամբ կը շրջագայի միջանցքին մէջ: Ամէն բան բաւական աննկատելի կը թուի, քանի դեռ չէք հասկնար, որ այդ անվտանգութեան աշխատակիցներէն մէկը մարդամեքենայ է:

Անիւներով եւ ոստիկանական կապոյտ գլխարկով կանգնած՝ «անոր» անունը Ուկօ է: Անոր բարդը (պաթըրի) կը տեւէ աշխատանքային կէս օր, եւ երկու ժամը անգամ մը ան հսկողութեան համար ամբողջ շէնքին մէջ կը շրջագայի, նոյնիսկ վերելակները կանչելով՝ ինք սեղմելով կոճակները: Անոր թուային «դէմքը», որ սովորաբար կը պատկերէ շարժուն գծանկարի նմանող երկու մեծ կապոյտ աչքեր, կը փոխարինուի ճաբոնական բառերով. «Հսկողութեան վրայ»:

«Կարեւոր է, որ մարդամեքենան հմայիչ ըլլայ, որպէսզի չվախցնէ», կ՚ըսէ «Միրա Ռոպոթիքս» ընկերութեան տնօրէն Քեն Մացուի, որ Ուկօ մարդամեքենան գործի լծողներէն մէկն է: Ոստիկանական մարդամեքենան (որուն տեսախցիկին միջոցով գետնայարկը գտնուող պահակները կրնան նշմարել անոր տեսածները), այսօր երկրին մէջ գտնուող երկու նախատիպերէն մէկն է: Բայց Մացուի կ՚ըսէ, որ Չինաստանի եւ Հարաւային Քորէայի ընկերութիւնները հետաքրքրուած են անոր ընկերութեան աշխատանքով, որ նոյնպէս կը ներառէ մաքրութեան համար տուներու եւ դպրոցներու մէջ գործածելու մարդամեքենաներ:

Վերջին տարիներուն լուրերը, տեղեկութիւնները եւ քաղաքական գործիչները յաճախ կը զգուշացնէին, որ մենք կանգնած ենք աշխատանքի առիթներ գողցող մարդամեքենաներու յեղափոխութեան դիմաց. բայց մարդամեքենաներ պատրաստողները կը պնդեն, որ իրենց ստեղծագործութիւնները պիտի ամբողջացնեն, այլ ոչ թէ փոխարինեն մեզ:

Ճաբոնի մէջ մարդամեքենաները արդէն ներկայ են. աւելի՛ն, շատեր գործնապէս կ՚ընդունին մարդամեքենաներու դարաշրջանը՝ սկսեալ արուարձաններու ծերանոցներէն մինչեւ կառավարման ամենէն բարձր մակարդակ: Կառավարութիւնը քանի մը տարի առաջ մարդամեքենաներու զարգացման մէջ 100 միլիոն տոլարի ներդրում ըրաւ: Որոշ միաւորներ նոյնիսկ կարեւոր կը նկատեն մարդամեքենային գործընկերները՝ իբրեւ երիտասարդներու, նոր աշխատանքի սկսողներու վաճառքի կէտ:

Աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Թոքիոյի 2020-ի Ողիմպիական խաղերուն վրայ, որովհետեւ մրցաշարքը «Թոյոթա»ի նման ընկերութիւններու համար ասպարէզ մըն է՝ ցուցադրելու նոր մարդասիրական մարդամեքենաներ, որոնք կը հաղորդակցին հիւրերուն հետ եւ կ՚օգնեն դաշտին մէջ գտնուող մարզիկներուն: Եւ՝ լաւ պատճառով. համաշխարհային արագ ծերացման եւ մեքենական ինքնագործման (automation) մեծ աճի պայմաններուն մէջ Ճաբոնի մարդամեքենա-բարեկամական նուէրը բոլորին ապագան կրնայ ըլլալ:

ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ, ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԾԵՐԱՑՈՒՄ

Թոքիոյի «Արծաթէ թեւ» ծերանոցին մէջ երկու տասնեակ տարեցներ նստած են սրահին մէջ, եւ անոնց կը հրամցուի կարկանդակ: Սրահին կեդրոնը կանգնած է անձնակազմի անդամ եւ Փեփըր անունով մարդասիրական մարդամեքենան, որ խմբային խաղերով եւ վարժանքներով կը զբաղեցնէ ներկաները: Ան կը ղեկավարէ խաղ մը. մեծ պաստառի վրայ կը ցուցադրուին չինական կերպարներ, որոնք ներկաները պէտք է բարձրաձայն ճանչնան: Բնակիչներէն շատերը մտագար հիւանդներ են:

«Մենք բնական զրոյցով, հաղորդակցութեան մարդամեքենայով եւ անձնակազմի անդամներով անոնց կը հարցնենք, թէ ո՞ւր են եւ ո՞վ են: Դժուար է (մարդոց համար, համեմատած՝ մարդամեքենաներու հետ) յիշել իւրաքանչիւր բնակիչի անձնական տուեալները, ուրեմն մարդամեքենաները կը գործածուին այդ հարցին մէջ օգնելու համար», կ՚ըսէ «Արծաթէ թեւ»ի տնօրէն Քիմիա Իշիքաուա:

Բայց միայն այս սրահին մէջ չէ, որ մարդամեքենան կը գործածուի: Վերի յարկին մէջ անձնակազմի անդամներուն մէջքերուն ամրացուած են մարդամեքենայի մասեր, որոնք կը դիւրացնեն տարեցները շալկելու, անկողին տեղաւորելու եւ այլ ծանր աշխատանքներ:

«Ճաբոն կը դիմագրաւէ ժողովրդագրական մեծ մարտահրաւէրներ՝ տարեցներու ալիքի, պտղաբերութեան (ծնելիութեան) ցած մակարդակի եւ բնակչութեան կծկումին պատճառով: Ասիկա կը յանգեցնէ ճաբոնական հասարակութեան առջեւ դրուած շարք մը խնդիրներու, որոնցմէ կրնայ սորվիլ Արեւմուտքը», կ՚ըսէ մարդամեքենաներու արհեստագիտութեան եւ հասարակութեան կեդրոնի մասնագէտներէն Ռոճըր Ասորա: Ան կ՚աւելցնէ. «Ծերերու խնամքի հաստատութիւններու եւ հիւանդանոցներու մէջ առողջապահութեան ասպարէզի աշխատողներու մեծ պահանջ կայ. այդ աշխատանքը անհրաժեշտ ձեւով կատարող մարդիկ բաւարար չափով չկան»:

«Հիոկօ» ծերանոցի պատասխանատուները կը խորհին, որ իրենց աշխատանքին մէջ մարդամեքենաները կրնան օգնել:

Ծերանոցին մէջ անձնակազմը տեղադրած է քանի մը մարդամեքենաներ, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են բնակիչներուն մօտ, յատկապէս՝ Փարօ խօսող մարդամեքենան, որ պատրաստուած է տասնամեակ մը առաջ: Բնակիչները կը սիրեն անոր հետ խաղալ, որովհետեւ ան շատ հաճելի է, իսկ անձնակազմը կը սիրէ զայն, որովհետեւ ան մաքուր է, ուտելիքի պէտք չունի, եւ ոչ ոք դիւրազգացութիւն (ալերժի) ունի անոր հանդէպ:

Ամենէն ժողովրդական նորութիւններէն մէկը Թելենոյտն է. մանուկի նման մարդամեքենայ մը՝ առանց ոտքերու եւ փոքր թեւերով: Այլ սենեակի աշխատաւորներէն մէկը մարդամեքենային միջոցով կը խօսի, եւ ձայնը դուրս կու գայ անոր բերնէն: Կարգ մը թերթեր քննադատած են Թելենոյտը՝ որպէս ահարկու, բայց Ֆուճիմոթօ եւ անոր աշխատակիցները կ՚ըսեն, որ ան սիրուած է բնակիչներուն կողմէ:

Ծերանոցի բնակիչ մտագար կին մը Թելենոյտը կը բռնէ, իսկ 27-ամեայ հիւանդապահուհի Մինամի Օքապէ ականջակալին մէջ սրահէն կ՚երգէ ճաբոնական ժողովրդական երգ մը: Ժպտերես կինը երեխայի պէս կը բռնէ Թելենոյտը եւ կ՚ըսէ. «Կրկին երգ մը երգենք»: Աշխատակիցները կ՚ըսեն, որ այս կինը սովորաբար շատ լռակեաց է, բայց մարդամեքենայի հետ այդպէս չէ: «Զուարճալի է տեսնել, որ անոնք այդպէս կ՚արձագանգեն», կ՚ըսէ Օքապէ, որ հինգ տարիէ ի վեր կ՚աշխատի ծերանոցին մէջ: Անոնք մարդամեքենաներուն տարբեր ձեւով կ՚արձագանգեն, քան՝ մեզի»:

Թելենոյտը մշակուած է Օսաքան համալսարանի Հիրոշի Իշիկուրոյի կողմէ, մասնագէտը, որ համբաւ նուաճեց, երբ ստեղծեց իր սեփական անտրոյտի նմանակը: Ան Ֆուճիմոթոյի միակ բարձրորակ մասնագէտը չէ: Նոյնպէս կան «Փանասոնիք»ը, «Տոքոմօ»ն (Ճաբոնի բջիջային հեռաձայններու հիմնական գործարկուն) եւ «Տայուա հաուս»ը:

«Ճաբոնի մէջ հասարակութիւնը աւելի արագ կը ծերանայ, քան՝ միւս երկիրներու մէջ, ուրեմն կառավարութիւնը կը նպաստէ մարդամեքենաներու զարգացման: Մենք կ՚ուզենք օգնել՝ որպէս փորձառական հաստատութիւն», կ՚ըսէ Ֆուճիմոթոն:

Ըստ անոր, ծերանոցներու մէջ աշխատիլը աւանդաբար չէ նկատուած որպէս գրաւիչ աշխատանք: Ան յոյս ունի, որ տաղանդաւոր երիտասարդները կը տեսնեն, թէ ան ինչպէ՛ս կը գործածէ նոր արհեստագիտութիւններ՝ մեծ, ճանչցուած ճարտարագիտական ընկերութիւններէն, եւ կը մղուի այսպիսի աշխատանքի: Այդ էր պարագան Օքապէի, որ թռուցիկի մը մէջ կարդաց այն մասին, թէ ինչպէ՛ս տունը կը գործածէ Թելենոյտը: «Կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնց շարքին՝ ուսանողներ, որոնք Թելենոյտը տեսնելու համար կու գան ծերանոց», կ՚ըսէ ան:

«ՄԵՔԵՆԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱԳՈՐԾՈՒՄ, ՈՉ՝ ՆԵՐԳԱՂԹ»

Տակաւին պարզ չէ՝ արդեօք Ճաբոն կը գլխաւորէ՞ «աշխատուժի մէջ մարդամեքենաներ» յեղափոխութիւնը: Այս ասպարէզի մասնագէտ Ռայան Ուիթըն կ՚ըսէ, որ մարդամեքենաներու տեղակայումը այնպիսի վայրերու մէջ, ինչպիսիք են ծերանոցները, գործնապէս նուազ է, եւ թէ՝ ցած վճարումներով աշխատող ներգաղթեալներու օրէնքներու մեղմացումը Ճաբոնի մէջ ցոյց կու տայ, որ կառավարութիւնը գիտէ, թէ տարածուած մեքենական ինքնագործումը տակաւին կարելի չէ»:

Ան նոյնպէս կը նշէ, որ, օրինակ, Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ արագօրէն կը հասնին Ճաբոնի՝ տնային մարդամեքենաներու պատրաստութեան եւ գործածութեան մէջ: «Ի վերջոյ Ճաբոն մարդամեքենայի շինութեան ասպարէզին մէջ համաշխարհային լաւագոյն վաճառողէն կը պատրաստուի վերածուելու համեմատաբար ուժեղ դերակատարի՝ Գերմանիոյ, Հարաւային Քորէայի, Սինկափուրի եւ Թայուանի կողքին», կ՚ըսէ ան: «Ճաբոն կը կորսնցնէ ազդեցութիւնը չինական եւ ամերիկեան մարդամեքենաներու համակարգերուն համեմատ»:

Անցեալ տարի հրապարակուած զեկոյցի մը մէջ կը նշուի, որ Հարաւային Քորէա աւելի շատ մարդամեքենաներ ունի, քան Ճաբոն: Մարդամեքենաներ, որոնք զանազան գործարաններու մէջ ծանր եւ կարեւոր աշխատանք կը կատարեն: Բացի ատկէ, Հարաւային Քորէա, ինչպէս Ճաբոն, նոյնպէս արագօրէն կը ծերանայ, եւ ասիկա կը նշանակէ, որ մարդամեքենայ շինող տեղական ընկերութիւններու արտադրութիւնը ժողովրդագրական փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ:

Ճաբոն մարդամեքենաները գործածելու շատ երկար պատմութիւն ունի՝ չվախնալով ատոնցմէ: Արեւմուտքի մէջ լրատուամիջոցները եւ հասարակութիւնը յաճախ մարդամեքենաները կը նկատեն որպէս աշխատանք գողցող Թերմինաթէօրներ, որոնք կը ձգտին յեղափոխութեան մը սկսիլ: Ճաբոնի մէջ անոնք յաճախ հաճելի եւ ծիծաղելի են:

Այլ գործօն մըն է ներգաղթի նկատմամբ դիմադրողականութեան կայուն աճը՝ հակառակ վերջին քայլերուն, որոնք թոյլ կու տան աւելի շատ օտարերկրացի աշխատողներու ներթափանցում: Քանի որ Ճաբոնի աշխատաւորները կը ծերանան եւ կը սպառին, գործատուները դժուարութիւններ պիտի ունենան ցած աշխատավարձով գործաւորներ գտնելու, օրինակ՝ մանր առեւտուրի եւ սնունդի ծառայութեան ասպարէզներուն մէջ: Ասիկա յարուցած է մարդամեքենաներ ներգրաւելու ներքին կոչեր, որոնց վերնագիրներն են՝ «Ծերացող Ճաբոն կ՚ուզէ մեքենական ինքնագործում, ոչ՝ ներգաղթ»:

Աշխատողներու կարիք ունեցող ասպարէզներէն մէկը տնային ծառայութիւններն են: Աւելի շատ թոշակառուներու եւ աւելի քիչ աշխատողներու հետ տնային խնամողներու եւ մաքրողներու պահանջը կ՚աւելնայ: Ահաւասիկ, թէ ինչո՛ւ «Միրա ռոպոթիքս»ը նոյնպէս ստեղծած է մատակարար մարդամեքենան, որ կրնայ կատարել պարզ առաջադրանքներ՝ լուացք, արդուկ, հագուստ ծալլել, փոշի առնել, որոնք իրականութեան մէջ մարդամեքենայի համար բաւական բարդ խնդիրներ են:

«Միւս երկիրներու մէջ, ինչպէս Հոնկ Քոնկը, լուծումը պէտք է ըլլայ աւելի շատ ներգաղթեալներ ունենալը, բայց այդ մէկը կատարեալ լուծում չէ: Ճաբոն բաւական տնային արեւելում, ուղղուածութիւն ունի, եւ մենք բազմաթիւ ներգաղթեալներ չենք ընդունիր, ուրեմն մարդամեքենաները աւելի յարմար են», կ՚ըսէ Միրայի Մացու:

Այս մարդամեքենաներէն շատերը՝ Ուկօ, Թելենոյտ եւ այլն, կրնան գործածուիլ կամ կառավարուիլ մարդոց կողմէ՝ հեռաւոր վայրէ: Անիկա կարելի կը դարձնէ տարեց կամ հաշմանդամ անձերու (մարդիկ, որոնք այլ ձեւով կրնան զրկուիլ աշխատանքէ), վերահսկելու նման մարդամեքենաներ, նոյնիսկ անձեր՝ այլ քաղաքի մէջ:

«Ոչ միայն Ճաբոն աւելի շատ մարդամեքենաներ կ՚ունենայ, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհը», կ՚սէ Հիրոշի Իշիկուրօ:

ԲՆԱԿԱՆ, ԻՆՉՊԷՍ ՍՄԱՐԹՖՈՆԸ

Անհամբերութեամբ սպասելով «Սիլվըր ուինկզ»ի՝ Իշիքաուան կ՚ըսէ, որ հիմնական հետազօտութիւնը կ՚ընթանայ պատրաստելու համար ընկերային մարդամեքենաներ, որոնք կրնան յայտնաբերել եւ կանխատեսել մարդոց առողջութեան պահպանման փոփոխութիւնները: Օրինակ՝ մարդամեքենաները, որոնք կը ձայնագրեն խօսակցութիւնները՝ օգնելու մարդու խնամքի մասնագէտներուն, որպէսզի անոնք շուտով նկատեն կենսական նշաններ եւ այդ տուեալները համեմատեն ախտանիշներու տուեալներու հետ, քաղեն յարաբերակցութիւնը եւ հաշուարկեն վիճակի վատթարացման վտանգը:

Օսաքայի համալսարանի մարդամեքենաներու մասնագէտ Հիրոշի Իշիքուրօ կ՚ըսէ. «Մենք կը տեսնենք այլ գեղեցիկ, հաղորդակցող մարդամեքենաներ պանդոկներու սենեակներու կամ ճաշարաններու մէջ (ուր սենսէօրային պաստառով ճաշացուցակները արդէն սովորական են)՝ այլ լեզուներով հիւրերուն օգնելու համար: Միաժամանակ կառավարութեան նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին. անցեալ տարի կրթութեան նախարարութեան 250 միլիոն ենի (2.3 միլիոն տոլար) ներդրումէն ետք, մարդամեքենաները ամբողջ Ճաբոնի մէջ սկսան տարածուիլ 500 դասարաններէ ներս, որպէսզի օգնեն անգլերէն սորվեցնելու: Ասիկա իր կարգին կրնայ օգնել Ճաբոնի պատանի սերունդին՝ զանազան միջավայրերու մէջ դիւրաւ մեծնալու մարդամեքենաներու հետ: Նոյնպէս, մարդամեքենաները մեր կեանքերուն պիտի համարկուին այնպէս, ինչպէս եղաւ տասնամեակ մը առաջ սմարթֆոններու պարագային: Ոչ միայն Ճաբոնը աւելի մարդամեքենաներ պիտի ունենայ, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհը», կը նախատեսէ ան:

Ուիթթոն համաձայն է, սակայն ան կ՚ըսէ, որ ժամկէտներու չափը դեռ պարզ չէ: «Ես կը տեսնեմ, որ բոլոր մեծ տնտեսութիւնները կ՚որդեգրեն արդիւնաբերական քաղաքականութիւններ, որոնք կապուած են մարդամեքենայի շինութեան եւ այլ արհեստագիտութիւններու, եւ ներդաշնակ են տասնամեակներէ ի վեր Ճաբոնի եւ Չինաստանի բոլոր ըրածներուն», կ՚ըսէ ան:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2020