ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առաւօտ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ բարձր նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Վեհարանի մէջ այսօր առաւօտեան ժամերուն ժողովականները համախմբուեցան եւ աշխատանքի ձեռնարկեցին Վեհափառ Հայրապետի բացման աղօթքով։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին ներկայ է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ այս օրերուն իր անդրանիկ այցելութիւնը կը կատարէ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Բացառապէս ներկայ նստաշրջանին մասնակցելու հրաւիրուած է նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան։

ԳՀԽ-ի ներկայ նստաշրջանը ունի ծաւալուն օրակարգ մը, որու նիւթերու շարքին կ՚առանձնանան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման գործընթացն ու յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալը աւանդաբար ԳՀԽ-ի երկու ատենապետներէն մին է։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ պիտի ատենապետէ նիստերուն։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ մարտի 6-ը։ Ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրաժեշտ պիտի առնէ առանց սպասելու ԳՀԽ-ի նստաշրջանի աւարտին եւ դարձեալ Թիֆլիզի վրայով պիտի վերադառնայ քաղաքս։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս ժամանակացոյցին պիտի հետեւի՝ հասնելու համար իր հոգելոյս նախորդին՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման առաջին տարելիցի հոգեհանգստեան պաշտօնին։

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2020