ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Ո՞վ է ազնուականը, ի՞նչ է ազնուականութիւնը, արդեօք մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ըլլա՞լ ազնուական, թէ՞ այն պայմանաւորուած է ծագումի ու զբաղեցուցած դիրքի հետ…

Այսօր կը փորձենք միասնաբար պարզել, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը որքանով ազնուական է։

 Քրիստոսէ առաջ 5-րդ դարու չինացի փիլիսոփայ Քոնֆիչիուս կ՚ըսէ. «Ազնուականը կերած ատեն կը պահպանէ չափն ու իր կեանքի հոլովոյթին չի ձգտիր յարմարաւէտութեան։ Անոր արարքները միշտ խելամիտ են, իսկ խօսքերը՝ մտածուած։ Ան իր անձը կը նուիրաբերէ այն ամէննուն, ինչ որ ճշմարիտ է եւ արդար…»։

Ահաւասիկ ազնուական դաստիարակութեան ութ հիմնական սկզբունքները, զորս վերջերս հրապարակման պատրաստած էր՝ Էնթըր Թրէյնը (EnterTrain)։ Այդ սկզբունքները արդիական են նաեւ մեր օրերուն։

*

Սեփական արժանապատուութեան զգացում

Փոքրիկ ազնուականներուն ի տղայ տիոց կը ներշնչէին, թէ որու որ տրուած է շատ, անկէ ալ կը պահանջուի շատ։ Հետեւաբար, եթէ դուն ծնած ես ազնուական, բարի եղիր ըլլալ խիզախ, ազնիւ, կիրթ եւ ոչ՝ անոր համար, որ հասնիս փառքի ու հարստութեան, այլ՝ որովհետեւ պարտաւոր ես այդպիսին ըլլալու:

Ասկէ ալ յառաջ կու գայ տեսութիւնը ազնուական պատուի մասին, որու համաձայն՝ քու ծագումը քեզ ոչ մէկ առաւելութիւն կու տայ, ընդհակառակն, կը դարձնէ աւելի խոցելի: Տրուած խօսքը դրժել կը նշանակէր մէկընդմիշտ կործանել հեղինակութիւնը: Յայտնի են դէպքեր, երբ մարդ մը, ընդունելով իւր անուղղելի սխալը, անձնասպան ըլլալու ազնիւ խօսք կու տար ու կը պահէր իր խոստումը։

Խիզախութիւն

Վախկոտութիւնը անհամատեղելի է ազնուական մղումներու հետ, քանզի անոնց մօտ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուէր խիզախութեան։ Կը համարուէր, թէ ան հնարաւոր է ու պէտք է մարզել շնորհիւ կամային ջանքերու եւ մարզումներու: Արդարեւ, այս կը վերաբերէր ոչ միայն բանակի ու նաւատորմի մէջ ծառայող պատանիներուն, որոնք կը կատարէին խրթին առաջադրանքներ՝ որու միջոցաւ ալ կը վայելէին յարգանք, այլեւ՝ ազնուական օրիորդներուն:

Ֆիզիքական ուժ եւ ճկունութիւն

Ազնուականներէ կը պահանջուէր համապատասխան ֆիզիքական պատրաստուածութիւն: Զոր օրինակ, լիցէյներու մէջ ամէն օր մարմնամարզական վարժութիւններու համար կը յատկացուէր ժամ մը. աշակերտները կը սորվէին հեծնել ձի, սուսերամարտիլ, լողալ ու նաւարկել: Պէտք է ի նկատի ունենալ, թէ լիցէյը արտօնեալ ուսումնական հաստատութիւն մըն էր, ուր ըստ էութեան կը պատրաստուէին յառաջիկայ պետական գործիչները:

Ռազմական ուսումնարաններու մէջ աշակերտներու նկատմամբ պահանջները անհամեմատ խիստ էին: Ֆիզիքական դիմացկունութեան ցուցադրութիւնը յատուկ շքեղութիւն մըն էր։ Առաւել լաւ ֆիզիքական պատրաստուածութիւն կը պահանջէին ժամանակին նորաձեւ ժամանցի ձեւերը՝ որսորդութիւնն ու ձիավարութիւնը:

Ինքնատիրապետում

Այս մէկը իսկապէս ազնուական որակ մըն էր: Այն պարագային, երբ հասարակ մարդը ամէննուն եւ ամէն բան յօդս կը ցնդեցնէր, իսկական ազնուականը յօնքն անգամ չէր շարժեր ու միատեսակ զսպուածութեամբ կ՚արձագանգէր թէ՛ լաւ, թէ՛ վատ նորութիւններուն: Անոր մանկութենէ ի վեր սորվեցուցած են ճակատագրի հարուածները տղամարդուն վայել, արժանապատուօրէն տանիլ ու երբեք չընկճուիլ:

Բողոքները, արցունքները, աւելորդ զգացմունքայնութիւնը դուրս են բարոյագիտութեան սահմաններէ: Իսկական ազնուականը չէր կրնար ինքզինքին թոյլ տալ փոքրոգի ըլլալու։

Անշուշտ, կրնանք ազնուականները մեղադրել սուտի ու կեղծիքի մէջ, սակայն, ընդհանուր առմամբ անոնք ուղիղ են: Նախ եւ առաջ, ոչ մէկ կարիք ունի ձեր նուոցի։ Բաց աստի, կարիք չկայ ձեր անձնական անյաջողութիւններն ու դժբախտութիւնները փաթաթել ուրիշներու պարանոցին։ Եւ երկրորդ, ձեր իրական զգացումները գաղտնիք պահելով՝ դուք ձեր ներաշխարհը կը պաշտպանէք բանսարկութիւններէ։

Հոգ տանիլ արտաքին տեսքի մասին

Ազնուական երեխաները պարտաւոր էին ունենալ լաւ տեսք, սակայն ոչ անոր համար, որ ի ցոյց դնէին իրենց առաւելութիւնը, այլ մեկնելով շրջապատի նկատմամբ յարգանքէ: Ազնուականներու շրջանին տիրող գեղեցիկի նկատմամբ պաշտամունքը կը պահանջէր խնամուած եղունգներ, գեղեցիկ յարդարուած մազեր ու ընտիր, սակայն արտաքուստ հասարակ հագուստ:

Դիւր գալու կարողութիւն

Ի տարբերութիւն ներկայիս տիրող միտումի՝ սիրեցէք զիս այնպիսին, ինչպիսին որ կամ, ազնուականները անկեղծօրէն կը ջանային իւրաքանչիւրին դիւր երեւիլ։ Ոչ թէ շողոքորթելու համար, այլ՝ մեկնելով բարոյագիտութենէ: Պարտաւոր էիր ինքզինքդ այնպէս պահել, որ քու ներկայութիւնը հաճելի ըլլար շրջապատի համար:

Դիւր գալու ունակութիւնը ամբողջ գիտութիւն մըն էր ու կը սկսէր հասարակ ձեւակերպումներէ՝ ուրիշներու հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս որ կ՚ուզես, որ անոնք վարուին քեզի հետ։ Ինչպէս նաեւ մինչեւ աւելի բարդ ցուցումներ՝ փորձէ ամէննուն մէջ գտնել անոր արժանիքներն ու թուլութիւնները. եւ արժանին մատուցէ առաջինին, իսկ երկրորդին՝ առաւել շատ:

Ոսկի կանոն մըն էր հետեւեալը՝ որքան ալ պարապ ու թեթեւամիտ ըլլայ այս կամ այն միջավայրը, քանի դեռ կը գտնուիս այնտեղ, քու անուշադրութիւնը մարդոց ցոյց մի տար, թէ դուն զիրենք պարապ կը համարես։ Յիրաւի, սա օգտակար խորհուրդ մըն է, որ թէ՛ նեարդներդ եւ թէ վարկանիշդ կը պահէ ամուր:

Համեստութիւն

Այս հասկացութեան ներքեւ կ՚ենթադրուէր ո՛չ թէ կծկուածութիւնը կամ ամչկոտութիւնը, այլեւ՝ սեփական անձի նկատմամբ զսպուածութիւնը։ Կը համարուի, թէ պէտք չէ մխրճուիլ խօսակցութիւններու մէջ անձնական մեկնաբանութիւններով կամ խորհուրդներով: Քու գիտնականութիւնը կրէ այնպէս, ինչպէս կը կրեն ժամացոյցը՝ ներսի գրպանին մէջ: Փայլուն օրինակ մըն ալ, որ մեր օրերուն պէտք է պահել զինանոցին մէջ՝ խօսէ յաճախ, բայց ոչ երբեք՝ երկար: Տուեալ պարագային, եթէ նոյնիսկ քու ըսածը հաճելի չէ, գոնէ չես ձանձրացներ ունկնդիրներդ:

Տեղին, դիպուկ խօսք

Ազնուականներու խօսքի վերաբերեալ կայ երկու կանոն: Առաջինը հետեւեալն էր. իսկական ազնուականը կրնար վիրաւորական ու վատ բաներ ըսել դիմացինին, միմիայն այն պարագային, եթէ այդ խօսքերը ձեւակերպուած ըլլային անթերի ու բարեկիրթ ձեւով։ Այս ալ իր հերթին կը պահանջէր լեզուին տիրապետելու յատուկ արուեստ մը: Երկրորդն այն էր, որ ազնուականի մը խօսքը, ըստ էութեան, պէտք է ըլլար տեղին: Ոչ մէկ պարագայի կը խրախուսուէր գռեհիկութիւնը։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020