ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հարցում. Ի՞նչ նշանակութիւն ունի քահանային նախքան Բեմ բարձրանալը իր ձեռքերը բանալը:
Պատասխան. Ինչպէս որ սովորութիւն է նախքան սեղան նստիլը ձեռքերը լուալը, այդպէս ալ պէտք է սուրբ եւ մաքուր սիրտով (որ ձեռքերու լուացումին օրինակ է) Սուրբ Սեղանին մօտենալ, ինչպէս որ քահանան կ՚ըսէ.
Լուացից սրբութեամբ զձեռս իմ եւ ծշուրջ եղեց զսեղանով Քով Տէր:
Սուրբ եւ մաքուր կերպով ձեռքերս լուամ ու այդպէս Քու սեղանիդ քովը նստիմ, Տէր:
Հ. Այդ սաղմոսին միւս տուներն ալ խորհրդաւո՞ր են:
Պ. Այո, եւ իրարու հետ գեղեցիկ կապակցութիւն ունին, որոնց գլխաւոր իմաստը այս է, որ Աստուծոյ մօտենալ ուզողը պէտք է մեղքերէն ու չզղջացող մեղաւորներէն հեռանայ:
Հ. Ժամարարը ինչո՞ւ համար Պատարագի սկիզբէն Սուրբ Աստուածածինին բարեխօսութիւնը կը խնդրէ:
Պ. Այն պատճառով, որ կը ճանչնայ իր եւ ժողովուրդին մեղաւորութիւնն ու անարժանութիւնը, ուստի Սուրբ Կոյսին եւ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը կը մէջբերէ, որպէսզի Աստուծմէ դիւրութեամբ մեղքերու թողութիւն ընդունի, ու Սուրբ Խորհուրդը արժանապէս կատարելու համար պէտք եղած շնորհքը. Ուստի սարկաւագին քարոզած յորոդորէն ետք, կ՚ըսէ.
Ընկալ Տէր զաղաչանս մեր բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածնին՝ անարատ ծնողի Միածնի Որդւոյ Քո, եւ աղաչանօք ամենայն սրբոց Քոց, եւ որոց այսօր է յիշատակ, եւ այլն:
Ընդունէ՛ Տէր, մեր աղաչանքը՝ Սուրբ Աստուածածինին բարեխօսութեամբը, որ Քու Միածին Որդիիդ անարատ ծնողն է, ու բոլոր սուրբերուն աղաչանքովը, եւ անոնց՝ որոնց յիշատակը այսօր կը կատարենք:
Հ. Ժամարարը ինչո՞ւ համար Խոստովանիմքը ժողովուրդին առջեւ կ՚ըսէ:
Պ. Որպէսզի մեղքերէն մաքրը-ւի եւ ուրախութեամբ ու վստահութեամբ Սուրբ Սեղանին մօտենայ:
Հ. Ի՞նչ ձեւով է այդ Խոստովանիմքը:
Պ. Այսպէս.
Խոստովանիմ առաջի Աստուծոյ եւ Սրբուհւոյ Աստուածածնին, եւ առաջի ամենայն սրբոց, եւ առաջի ձեր հարք եւ եղբարք, զամենայն մեղս զորս գործեալ եմ. քանզի մեղայ խորհրդով՝ բանիւ եւ գործով, եւ ամենայն մեղօք զոր գործեն մարդիկ: Մեղայ, մեղայ, աղաչեմ զձեզ, խնդրեցէք վասն իմ յԱստուծոյ զթողութիւն:
Հ. Ժողովուրդը ի՞նչ կը պատասխանէ քահանային:
Պ. Վարդապետին, կամ աւագ քահանային եւ կամ դպրապետին բերանով կը մաղթէ, որ Աստուած ողորմի իրեն, մեղքերուն թողութիւն տայ, շնորհներուն մէջ հաստատուն պահէ ու յաւիտենական կեանքին արժանացնէ.
Ողորմեսցի քեզ Աստուած հզօրն եւ թողութիւն շնորհեսցէ ամենայն յանցանաց քոց՝ անցելոյն եւ այժմուս, եւ յառաջիկայէն փրկեսցէ եւ հաստատեսցէ զամենայն գործս բարիս, եւ հանգուսցէ զքեզ ի հանդերձեալ կեանսն: Ամէն:
Հ. Քահանան ի՞նչ խօսքերով կ՚ընդունի ժողովուրդին մաղթանքը:
Պ. Աստուած քեզ ազատէ, կ՚ըսէ, ամէն տեսակի մեղքէ ու փորձանքէ, ապաշխարելու ու բարեգործութիւններ կատարելու ժամանակ տայ, ու ձեր բոլոր յառաջիկայ կեանքը ուղիղ ճանապարհի վրայ դնէ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը.
Ազատեսցէ եւ զձեզ մարդասէրն Աստուած, եւ թողցէ զամենայն յանցանս ձեր. Տացէ ժամանակ ապաշխարելոյ եւ գործելոյ զբարիս, ուղղեսցէ եւ զառաջիկայ կեանս ձեր շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն՝ հզօրն եւ ողորմածն, եւ Նմա փառք յաւիտեանս: Ամէն:
Հ. Ժողովուրդը ինչպէ՞ս կ՚աւարտէ իր մաղթանքը:
Պ. Քահանայէն կը խնդրէ, որ զիրենք յիշէ անմահ Գառնուկին առջեւ՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, այսինքն՝ աղօթէ իրենց համար. ու քահանան խօսք կու տայ.
Յիշեսջիր զմեզ առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ:
Յիշեալ լիջիք առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ:
Հ. Ժողովուրդը ի՞նչ խօսքերով քահանան Սուրբ Սեղան կը ղրկէ:
Պ. «Աղաղակեցէք առ Տէր» սաղմոսը ըսելով, որու ամենէն խորհրդաւոր խօսքերը ասոնք են.
Մտէք առաջի նորա ցնծութեամբ, ծաներուք զի Նա է Տէր Աստուած մեր:
Ուրախութեամբ մտէք Աստուծոյ տաճարը, ու լաւ հասկցէք, որ Ա՛ն է մեր Տէրն ու Աստուածը:
Նա արար զմեզ եւ ոչ մեք էաք, մեք ժողովուրդ եւ խաշն արօտի Նորա:
Ան ստեղծեց մեզ, ու մենք նախապէս չկայինք, մենք Անոր ժողովուրդը ու Անոր հօտին ոչխարները ենք:
Մտէք ընդ դրունս Նորա խոստովանութեամբ, եւ օրհնութեամբ ի յարկս Նորա:
Անոր դռնէն ներս խոստովանութեամբ ոտք կոխեցէք, Անոր բնակարանը օրհնութիւն տալով մտէք:
Խոստովան եղերուք Տեառն եւ օրհնեցէք զանուն Նորա:
Փառք տուէք Տէր Աստուծոյ եւ Անոր անունը օրհնեցէք:
Հ. Քահանան ի՞նչ ձեւով ժողովուրդէն բաժնուելով Բեմ կը բարձրանայ:
Պ. Նախ եւ առաջ սարկաւագին յորդորը Սուրբ Եկեղեցիին միջնորդ կը բռնէ ու կ՚ըսէ.
Ի մէջ տաճարիս եւ առաջի աստուածընկալ եւ պայծառացեալ սուրբ նշանացս եւ սուրբ սեղանոյս խոնարհեալ երկիւղիւ երկիրպագանեմք, զսուրբ՝ զհրաշալի եւ զյաղթող զՏէրութիւնդ Քո փառաւորեմք, եւ Քեզ մատուցանեմք զօրհնութիւն եւ զփառս Հօր եւ ընդ Հոգւոյդ Սրբոյ, այժմ եւ…:
Ապա, «մտից առաջի Սեղանոյ Աստուծոյ» ըսելով, կը սկսի դէպի Բեմ երթալ ու Սեղան բարձրանալ, սարկաւագին հետ տուն առ տուն կրկնելով՝ «դատ արա ինձ» սաղմոսը:
Հ. Այս սաղմոսին մասին ի՞նչ գիտելիք կայ:
Պ. Դաւիթ այս սաղմոսը շարադրած է Սաւուղէն հալածուած ու աքսորուած ժամանակ, երբ կը յուսար, որ Երուսաղէմ վերադառնար օր մը, ու Աստուծոյ Սեղանին առջեւ իր զոհերը մատուցէ: Դաւիթին նման մենք ալ երկինքէն՝ որ մեր հայրենիքն է, աքսորուածներ ենք, ու պիտի յուսանք այնտեղ հասնիլ, որու օրինակ է Սուրբ Սեղանը:
Սաղմոսին խօսքերը ասոնք են.
Դատ արա ինձ Աստուած, եւ իրաւ արա ինձ ի դատաստանի իմում:
Աստուած, Դուն իմ դատաստանս կատարէ ու իրաւունքս յայտնի ըրէ դատաստանիս ընթացքին:
Յազգէ որ ոչ է սուրբ, ի մարդոյ մեղաւոր նենգաւորէ փրկեա՛ զիս:
Ազատէ զիս անսուրբ մարդոց ձեռքէն, փրկէ՛ զիս մեղաւոր ու նենգաւոր մարդէն:
Դու Աստուած՝ հզօրիչ իմ ես, ընդդէ՞ր մոռացար զիս, ընդդէ՞ր տրտում գնամ ես ի նեղել թշնամոյ իմոյ:
Աստուած, ինծի ուժ ու զօրութիւն տուողը Դուն ես, ինչո՞ւ մոռցար զիս, ինչո՞ւ տրտում տխուր կը քալեմ ես՝ թշնամիիս ինծի նեղութիւն պատճառելուն համար:
Առաքեա՛ Տէր զլոյս Քո եւ զճշմարտութիւն Քո, զի առաջնորդեսցեն ինձ եւ հանցեն զիս ի լեառն սուրբ եւ ի յարկս Քո:
Տէր, Քու լոյսդ ու ճշմարտութինդ ղրկէ, որ ինծի ճամբայ ցոյց տան, ու տանին հանեն զիս Քու սուրբ լեռդ, Քու բնակարանդ:
Մտից առաջի սեղանոյ Աստուծոյ առ Աստուած, որ ուրախ առնէ զմանկութիւն իմ:
Ելլեմ Աստուծոյ սեղանին առջեւը կանգնիմ, երթամ դէպի Աստուած՝ որ իմ մանկութեանս ուրախութիւն տուողն է:
Խոստավան եղեց Քեզ օրհնութեամբ, Աստուած, Աստուած իմ:
Օրհնեմ ու փառաւորեմ Քեզ խոստովանութեամբ, ո՜վ Աստուած, Աստուած իմ:
Արդ ընդդէ՞ր տրտում ես անձն իմ, կամ ընդդէ՞ր խռովես զիս. յուսա՛ առ Աստուած, խոստովանեա՛ Նմա, Փրկիչ երեսաց իմոց Աստուած է:
Այսուհետեւ ինչո՞ւ տրտում ես ո՜վ իմ անձս, կամ ինչո՞ւ կը խռովեցնես զիս. յոյսդ Աստուծոյ վրայ դիր, ճանչցիր Անոր մեծութիւնը, իմ անձիս Փրկիչը Աստուած է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 4
Վաղարշապատ