ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ հրաժեշտ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ բարձր նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։

Վեհարանի սեղանատան երդիքին տակ, երէկ երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ հրաժեշտի ընթրիք մը սարքուեցաւ ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան։ Երեկոյթին մասնակցեցան ԳՀԽ-ի անդամներ, բազմաթիւ սրբազաններ, Սուրբ Էջմիածնի միաբանութենէն զանազան դէմքեր եւ այլ հիւրեր։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի գծով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, որ ԳՀԽ-ի երէկուան քննարկումներուն բերած էր իր մասնակցութիւնը։

Շատ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին խօսուեցան բաժակաճառեր։ Առաջին բաժակաճառը խօսեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Իր կարգին, Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ալ արտասանեց բաժակաճառ մը։ Զանազան սեղանակիցներու արտայայտութիւններէն վերջ բաժակաճառ մըն ալ արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Վերջին բաժակաճառը խօսեցաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ ընդգծեց, թէ իւրաքանչիւր հոգեւորականի կեանքը Աստուծոյ կամքով կ՚ընթանայ։ Աստուած է, որ կ՚առաջնորդէ ու կը տնօրինէ անոր կեանքը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ նոյնպէս Աստուծոյ կամքով Նորին Ամենապատուութիւնը բարձրացած է պատրիարքական աթոռ։ Ան մաղթեց, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անվարան հաւատքով յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները եւ Աստուած զինքը զօրացնէ, որպէսզի ան կարողանայ կերտել պատրիարքական աթոռի փառքը։ Բաժակաճառին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց նաեւ իր մաղթանքներն ու աղօթքը խաղաղութեան համար։

Ընթրիքի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց յուշանուէր մը, որ պատրաստուած էր վերանորոգեալ վեհարանին համար։ Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնն ալ պանակէներ ու լանջախաչ մը նուիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը յուշանուէրներ յանձնեց նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերակիցներուն։ Այսպէս, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Նորին Սրբութենէն ստացաւ լանջախաչ մը։ Իսկ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան Նորին Սրբութենէն նուէր ստացան ձեռաց խաչեր։

Ընթրիքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաժեշտ առին իրարմէ։

Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները Մայրավանքէն հրաժեշտ առին՝ իրենց տրամադրուած յատուկ ինքնաշարժներով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուղեւորուեցաւ Վրաստան եւ այսօր երեկոյեան ժամերուն քաղաքս կը վերադառնայ Թիֆլիզ-Իսթանպուլ թռիչքով։

Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առանց ԳՀԽ-ի նստաշրջանի աւարտին սպասելու կը վերադառնայ քաղաքս՝ նախագահելու համար երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի մահուան առաջին տարելիցի այս շաբաթավերջի արարողութիւններուն։ Թրքահայ համայնքին տեսակէտէ վերջին օրերու իրադարձութիւնները իսկապէս յատկանշական էին։ Այս առումով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վերադարձը կը համարուի յաղթական, որովհետեւ իր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութիւնը ունեցաւ բառին բուն իմաստով պատմական նշանակութիւն եւ ուղեւորութիւնը արդարացաւ բոլոր առումներով։

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2020