ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՔԱՅԼԸ

Ֆրանսահայ համայնքէն ներս վերջերս ստեղծուեցաւ նոր միութիւն մը, որու հիմնադրութիւնը ազդարարուեցաւ նաեւ անդրանիկ հաւաքոյթով մը։ Այսպէս, Ֆրանսահայ ուսանողներու միութիւն (ՖՀՈՄ-UEAF) կը կոչուի այս մէկը։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, մարտի 6-ի երեկոյեան շուրջ հինգ տասնեակ ուսանողներ համախմբուեցան Փարիզի 12-րդ թաղամասի սըր-ճարաններէն մէկուն մէջ, ուր կազմակերպուած ձեռնարկը ազդարարեց նորաստեղծ միութեան հիմնադրութիւնը։ Առեւտրական իրաւաբանութեան առաջին աստիճանի մագիստրոսութեան ուսանող Արեգ Պէրպէրեան եւ կիրառական ուսողութեան ուսանող Սեւան Աւատիքօղլու ներկայացուցին այս նոր միութեան կողմէ որդեգրուած նպատակները։

ՖՀՈՄ հիմնադրուած է 2020-ի փետրուարին՝ մեկնելով այն հաստատումէն, թէ հայկական ընկերակցութիւններու միջավայրին մէջ բացակայ է ուսանողներու եւ բարձրագոյն ուսմանց հարցերով զբաղող կառոյց մը։ Քանի մը ընկերներու յանձնառու ջանքերով կարելի եղած է հիմնել սոյն միութիւնը, որ պիտի ունենայ գլխաւոր երեք նպատակակէտ.

ա.- Ուղեկցիլ ուսանողներուն՝ բարձրագոյն ուսման ընթացքին եւ ասպարէզ մուտքի առաջին քայլերուն։

բ.- Քաջալերել հայերէնի առաւելագոյնս գործածութիւնը։

գ.- Խթանել գիտական եւ մշակութային կեանքը։ 

Այս նպատակները իրագործելու համար պիտի ձեռնարկուին շօշափելի միջոցներու։ Առաջինը՝ ուսանողներու միջեւ կապի հաստատումն է։ Ատով հետապնդուած նպատակն է՝ նուազ փորձառու, կողմնորոշումի կարիքը ունեցող ուսանողները կապի մէջ դնել աւելի փորձառուներու հետ, որոնք պիտի օգնեն ու կատարեն անհրաժեշտ ցուցմունքները։ 

Միութիւնը կը նախատեսէ նաեւ առաջին փուլին կազմակերպել առցանց ժողովներ, ուր ուսանողները պիտի կարենան յղել իրենց հարցումները։ Ապագային կը ծրագրուի առցանցէն անցնիլ ֆիզիքականի, այլ կառոյցներու հետ գործակցութեամբ։ 

Շօշափելի երկրորդ միջոցը կը կայանայ վարժընթաց (stage) եւ աշխատանք առաջարկելու մէջ։ Միութիւնը կը նախատեսէ գործընկերութիւններ հաստատել արհեստավարժներու հետ, որոնց առաջարկած վարժընթացներն ու աշխատանքները պիտի ծանուցուին ՖՀՈՄ-ի կայքէջին վրայ։

Իսկ երրորդ միջոցը կը վերաբերի հայերէնին։ Հայերէնի գործածութիւնը հիմնական տեղ կը գրաւէ ՖՀՈՄ-ի ծրագրերուն մէջ, քանի որ միութիւնը կը հաստատէ, թէ հայերէնը տեղատուութիւն կ՚արձանագրէ յատկապէս նոր սերունդին մէջ։ Ուստի, ՖՀՈՄ իր անդամներն ու համակիրները կը քաջալերէ առաւելագոյնս հայերէն լեզուն գործածելու, զիրենք հետաքրքրող նիւթերու մասին հայերէն գրութիւններ գրելու եւ հրատարակելու միութեան կայքէջին վրայ։ 

Հուսկ, վերջին միջոցը կը վերաբերի դասախօսութիւններու կազմակերպութեան, բոլոր նիւթերու մասին, առանց սահմանափակուելու հայկական աշխարհով։ Արդէն ընթացքի մէջ է ծրագիր մը. կը նախատեսուի գալ ամիս՝ ապրիլին Սորպոնի մէջ կազմակերպել Հայաստանի եւ Եթովպիոյ յարաբերութիւններուն նուիրուած դասախօսութիւն մը, գործակցութեամբ՝ ափրիկեան ընկերակցութեան մը։ Այս քայլը ցոյց կու տայ նաեւ ՖՀՈՄ-ի՝ այլ մշակոյթներու եւս բացուելու կամքը։ 

Նախքան աւարտելը՝ նշենք որ նոյնիսկ եթէ միութիւնը հիմնուած է հայերու կողմէ՝ նպատակ ունենալով ի մի բերել հայ ուսանողները, կարեւոր է նշել, որ անխտիր բոլոր ուսանողները կրնան օգտուիլ ՖՀՈՄ-ի նախաձեռնած միջոցներէն։ Քանզի, միւս մշակոյթներուն եւ համայնքներուն եւս բացուելու քաղաքականութիւնը առաջնային է ՖՀՈՄ-ի համար, որու հիմնադիրները չեն փափաքիր, որ իրենց միութիւնը դառնայ համայնաքային կառոյց մը, քաջ գիտակցելով՝ որ ֆրանսահայերը միշտ շաղկապ մը հանդիսացած են տարբեր մշակոյթներու միջեւ։ Այսպէս, ՖՀՈՄ կը փափաքի իր նախաձեռնելիք միջոցներով դառնալ՝ ֆրանսական ազգային մակարդակով իսկական ուսանողական համայնք մը։

Յաւելեան տեղեկութիւններ քաղելու համար կարելի է այցելել՝ www.ueaf-asso.com կայքէջը։ Միութեան գործունէութեան հետեւիլ հնարաւոր է նաեւ Դիմագիրքի միջոցաւ՝ www.facebook.com/ueaf.asso/

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020