ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ 30-Ի

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով զոհերու թիւը բարձրացաւ 30-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան փոխանցեց վերջին մանրամասնութիւնները։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով նախարարը տեղեկացուց, որ երկրէն ներս վարակուածներու թիւը հասած է 1236-ի։ Այդ ստուգումները կատարուած են Թուրքիոյ մէջ ցարդ իրականացուած 20 հազար 345 քննութեան հիման վրայ։ Մահացած հիւանդներու բոլորը տարեցներ են։

Վիճակագրական տուեալներ մատուցելու զուգահեռ նախարարը շարունակեց նաեւ ժողովուրդին ուղղեալ կոչերը։ Ան յիշեցուց, որ կեանքեր կը կորսնցնենք եւ վարակեալներու թիւը կը բարձրանայ։ Հնարաւորինս բարձր թիւով քննութիւն կը կատարուի։ Դարմանման տակ առնուած իւրաքանչիւր հիւանդով համաճարակը քիչ մը եւս կը սահմանափակուի։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա կրկնեց ժողովուրդին ուղղեալ կոչը, որպէսզի մարդիկ դուրս չգան իրենց բնակարաններէն։ «Ռիսքերու չդիմենք, կեանքը կը տեղաւորուի տան մէջ։ Զգոյշ ըլլանք։ Այս երկիրը պիտի չպարտուի այս սպառնալիքէն։ Երբ որ այս հիւանդութիւնը չէր հասած մեր երկիրը՝ կ՚ըսէինք, որ չգայ։ Հիմա ամէն օր կը տեղեկացնենք կացութիւնը։ Մեր թափանցիկութիւնով ձեզ կը հրաւիրենք զգոյշ ըլլալու», նշեց նախարարը։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2020