ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՔԱՅԼԵՐ
Քորոնաժահրի համաճարակի օրերուն մեր համայնքէն ներս ծնունդ առած ընկերային զօրակցութեան շարժումը սկսած է ունենալ շօշափելի դրսեւորումներ։ Պատրիարքական Աթոռի օգնութեամբ մեր զանազան թաղերէն ներս աշխատանքներ կը կատարուին՝ խնայելու համար տարեցներն ու կարիքաւորները։ Այս ամբողջին մէջ շարժման անցած է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, որ համաճարակի դէմ պայքարելու առաջադրութեամբ կը ձեռնարկէ պատասխանատու քայլերու։ Թաղային խորհուրդը թրքերէն զեկոյցով մը մեր համայնքը տեղեակ պահած է իր նախատեսած քայլերուն շուրջ։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ երէկ մեզի յայտնեց, որ ներկայ դժուարին օրերուն կը ջանան մեծ գիտակցութեամբ առաջնորդուիլ եւ հաւատարիմ մնալ յաչս համայնքի պատասխանատուութիւններուն։ Համապատասխան շօշափելի քայլեր առնելու համար Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը գործի լծած է խումբ մը կամաւորներ։ Յամենայնդէպս, Սիմոն Չեքէմ շեշտեց, որ համաճարակի ներկայ դժուարին շրջանին իրենք զօրակցութեան խնդիրները կ՚ընկալեն շատ աւելի համապարփակ։ Ուստի, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը կը ջանայ հասնիլ մեր համայնքի բոլոր տարեցներուն ու կարիքաւորներուն՝ զօրակցութեան առարկայ դարձնելու համար զանոնք, անկախ իրենց բնակութեան վայրերէն։ Սիմոն Չեքէմ նշեց, որ մեր համայնքի անդամները կրնան անվարան դիմել Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այս դժուարին օրերը կը յաղթահարուին՝ հնազանդելով պաշտօնական մարմիններու կոչերուն եւ համայնքէ ներս ալ իրերօգնութեան ոգիով մարդոց վիճակած նիւթական ու բարոյական բեռը թեթեւցնելով։