ԹՈՒՐՔԻԱ ՉԻՆԱՍՏԱՆԷՆ ՆՈՐ ԴԵՂԱՄԻՋՈՑ ՄԸ ՆԵՐԱԾԵՑ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԴԷՄ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հրապարակեց վերջին տուեալները՝ քորոնաժահրի համաճարակին վերաբերեալ։ Ըստ նախարարին, Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը հասած է 37-ի։ Վարակուածներու ներկայ թիւն է 1529։ Ֆահրետտին Քոճա դիտել տուաւ, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին կատարուած է 3 հազար 672 քննութիւն։ Արդիւնքներուն հիման վրայ պարզուած է, որ 293 նոր վարակուած գոյութիւն ունի։ Վիճակագրական տուեալներուն առընթեր, Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Չինաստանէն արտածուած է նոր դեղամիջոց մը, որով վարակուածներու դարմանումը 11 օրէն 4 օրուան կը զեղչուի։ Այդ դեղամիջոցը անմիջապէս օգտագործուիլ սկսած է այն հիւանդներուն համար, որոնք խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուին։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա շարունակեց նաեւ հանրութեան ուղղեալ կոչերը։ Ան զգուշացուց նաեւ երիտասարդները՝ յիշեցնելով, որ անմասն չեն համաճարակէն։ «Դանդաղեցուցէք ձեր կեանքը, մուտք մի՛ գործէք վտանգաւոր միջավայրեր։ Ռիսքերը մի՛ տեղափոխէք ձեր բնակարանները։ Տունը մնացէ՛ք։ Կեանքը կը տեղաւորուի տան մէջ», ըսաւ նախարարը։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2020