«ՄԵՆՔ ՀԶՕՐ ԵՆՔ՝ ՄԵՐ ՁԵՌՔ ԱՌԱԾ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՉԱՓ»

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ երէկ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով մահացած է եւս 7 հոգի։ Այսպէսով զոհերու թիւը բարձրացած է 44-ի։ Երէկ երկրին մէջ կատարուած է 3 հազար 952 քննութիւն, որու հիման վրայ յայտնաբերուած է 343 նոր հիւանդ։ Այս պահուն Թուրքիոյ մէջ վարակուածներու թիւը հասած է 1872-ի՝ ըստ պաշտօնական վիճակագրութիւններու։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտարարեց, որ հակառակ կորուստներուն, Թուրքիոյ համար տակաւին ուշ չէ։ Նախազգուշական միջոցները կրնան կանխել վարակի տարածումը։ «Մենք հզօր ենք՝ մեր ձեռք առած նախազգուշական միջոցներուն համաչափ», յայտարարեց Ֆահրետտին Քոճա։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2020