ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՑ ԿԱՐԵԼԻ Է ԾԱՆՕԹԱՆԱԼ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ

Աշխարհը սարսափի մատնած է քորոնաժահրը։ Համաճարակը անդամալուծած է մարդկութիւնը։ Թէեւ մարդկութեան պատմութիւնը համաճարակներու, պատերազմներու, աղէտներու պատմութիւն է: Յիշելով անցեալը եւ ուսումնասիրելով պատմութիւնը՝ մեր աչքին առջեւ նախ կու գան աւերները, մահերը, պատերազմները, ապա ծաղկուն կեանքի, սիրոյ, արարումի պատմութիւնները:

Մեր ապրած ժամանակահատուածն ալ քանի որ համացանցի դար կը համարուի, մենք կը փորձենք մեր բոլոր կարիքներուն հասնիլ առցանց հարթակներու վրայով։

Սիրելի տղաք, այսօր ձեզի կը ներկայացնենք այն թանգարանները, որոնք իրենց հաւաքածոները կը ցուցադրեն թուայնացուած ձեւով։ Թէեւ դուք ձեր դասերուն կը հետեւիք համացանցի միջոցաւ, սակայն կ՚ունենաք նաեւ պարապ ժամանակ, երբ կրնաք հետեւիլ այս կայքէջերուն ու շրջագայիլ աշխարհի խոշորագոյն թանգարաններուն մէջ։

Թանգարաններ, որոնց գլուխ-գործոցներուն կարելի է ծանօթանալ առցանց հարթակի վրայ։

Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու զարգացման դարաշրջանը իր ազդեցութիւնը կը ձգէ նաեւ մշակութային կեանքի վրայ: Առաւել հասանելի դառնալու նպատակով աշխարհի լաւագոյն թանգարանները կը թուայնացնեն համաշխարհային գլուխ-գործոցները՝ զանոնք հասանելի դարձնելով արուեստասէրներու լայն շրջանակի:

Թանգարանները կ՚իրականացնեն 360 աստիճան շրջագայութիւններ, տեսանիւթերու, առցանց հեռարձակումներու օգնութեամբ կը ներկայացնեն ցուցահանդէսներ, թեմաթիք գիտաժողովներ ու յատուկ ծրագրեր: Անոնց մեծ մասը հասանելի է Google Arts & Culture հարթակին վրայ:

Ձեզի կը ներկայացնենք աշխարհի հռչակաւոր թանգարաններէն մի քանին, որոնց տանիքներու տակ գտնուող արուեստի իւրայատուկ նմոյշներուն հնարաւոր է ծանօթանալ համացանցի վրայ:

ԼՈՒՎՐԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ (ՓԱՐԻԶ)

Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի Լուվրը աշխարհի խոշորագոյն թանգարաններէն մին է, որու գեղարուեստական հիմքը կազմած են թագաւորական հաւաքածոները, որոնք յետագային համալրուած են մենաստաններու, եկեղեցիներու եւ ազգայնացուած որոշ տոհմական հաւաքածոներով, նաեւ Նափոլէոնի արշաւանքներու աւարով, բազմաթիւ նուիրաբերումներով: Ցուցադրուած են Նիքոլա Փուսէնի, Ժորժ տը Լատիւրի, Անթուան Վաթթոյի, Ժաք Լուի Տաւիտի, Էօժէն Տելաքրուայի, Կիւստաւ Քուրպէի եւ այլ արուեստագէտներու գործերը: Լուվրի մէջ կը գտնուին համաշխարհային արուեստի շարք մը գլուխ-գործոցներ՝ «Սամոտրակիական Նիքէն», «Միլոսեան Վեներան», Միքելանճելոյի «Ստրուկները», Լէոնարտօ տա Վինչիի «Մոնա Լիզան» («Ճոքոնտա»), Ռամպրանթի «Փերսափէն», նաեւ Ռաֆայէլի, Թիցիանի, Վերոնեզէի, Ռիւպենսի, Եան վան Էյքի եւ այլոց գործերը:

Առցանց հարթակին վրայ հնարաւոր է շրջիլ Լուվրի որոշ ցուցասրահներուն մէջ:

Թանգարանը գրեթէ ութ միլիոն ցուցանմոյշ ունի: Հետաքրքրական նմոյշներուն մէկ մասը կարելի է տեսնել առցանց հարթակով:

Թանգարանը առաւել յայտնի է կեդրոնական սրահին մէջ տեղադրուած հոյամողէզներու կմախքներու հաւաքածոյով, որու մէջ ներառուած է diplodocus-ի 26 մեթր երկարութիւն ունեցող յայտնի կմախքը, նաեւ հետաքրքրական է հոյամողէզներու մեքենական օրինակը։ Կենդանաբանական մասին մէջ կը գտնուի 30 մեթրնոց կէտը։ Թանգարանին մէջ տեղակայուած է երկնաքարերու հետաքրքրական հաւաքածոյ մը։

ՈՒՖԻՑԻ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀ (ՖԼՈՐԱՆՍԱ)

Աշխարհի հնագոյն թանգարաններէն մէկուն մէջ թուայնացուած շրջայցի ընթացքին կարելի է տեսնել Պոթիչելլիի «Վեներայի ծնունդը»:

Պատկերասրահի հաւաքածոյին հիմքը կը կազմեն Մետիչիներու տոհմին պատկանող արուեստի ստեղծագործութիւնները: Յետագային զայն համալրած են Ֆերտինանտօ Առաջին եւ Ֆերտինանտօ Երկրորդ կարտինալները, որոնք Ուֆիցի տեղափոխած են Հռոմի իրենց դղեակներու ու Լէոփոլ կարտինալի ժառանգութիւն թողած արուեստի գործերը:

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ (ՎԻԵՆՆԱ)

Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի Արուեստի պատմութեան թանգարանին մէջ կը պահուին՝ Ռաֆայէլի, Պրէյկելի, Քարաւաճիոյի, Ռիւպենսի եւ այլ հանճարեղ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները: Այդ շէնքը կառուցուած է իտալական վերածնունդի դարաշրջանի ոճով։

ՎԱՆ ԿՈԿԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ (ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ)

Թանգարանը ունի Վան Կոկի ամենամեծ հաւաքածոն աշխարհի մէջ՝ 200 գեղանկար, 400 նկար, նկարիչի 700 նամակ:

Թանգարանը թոյլ կու տայ ամբողջական պատկերացում կազմել հանճարեղ նկարիչի ստեղծագործութեան եւ անոր ժամանակակիցներու գործերու մասին:

ՏԱԼԻԻ ԹԱՏՐՈՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ (ՍՊԱՆԻԱ)

Թանգարանին մէջ ներկայացուած է Սալվատոր Տալիի աշխատանքներու միասնական ամենամեծ եւ առաւել բազմազան հաւաքածոն: Ի լրումն Տալիի տասնամեակներու ընթացքին ստեղծած նկարներու՝ այստեղ կը գտնուին նաեւ անոր քանդակները, եռաչափ քոլաժներ, մեքենական սարքեր եւ նկարիչի երեւակայութեամբ ստեղծուած այլ հետաքրքրական նմոյշներ: Սալվատոր Տալի նուիրաբերած է թանգարանի շէնքը, ուր ապրած է ինք։

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀ (ՊԵՐԼԻՆ)

Պատկերասրահին մէջ կը ցուցադրուին դասական եւ վիպապաշտական շրջանի գործեր։ Ներառուած են Մանէի, Մոնէի, Մաքս Լիպերմանի, Լովիս Քորինթի եւ այլ ականաւորներու գործեր։

Առաւել արժէքաւորներէն են Եոհան Էրտման Հումելի «Շախմատային խաղ Պերլինի Ֆոս պալատին մէջ», Կասպար Տաւիտ Ֆրիտրիխի «Քահանան ծովի մօտ», Ատոլֆ ֆոն Մենցելի «Երկաթի վերամշակման գործարան», Եոհան Կոտֆրիտ Շատովի «Արքայադուստրեր» ստեղծագործութիւնները:

ՀԻՆ ԱՔՐՈՓՈԼԻՍ ԹԱՆԳԱՐԱՆ (ԱԹԷՆՔ)

Թանգարանին մէջ կը գտնուին հնագոյն յունական մշակոյթի մասունքներ, որոնք պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած են Աքրոփոլիսի տարածքէն. Աքրոփոլիսի յուշարձաններու քարէ արձաններ, պրոնզէ գործիքներ, պեղուած առարկաներ: Շինութիւնը կը գտնուի Աքրոփոլիսի հարաւ-արեւելեան անկիւնին։ 2007 թուականին թանգարանի հին շէնքը փակուած է եւ տեղափոխուած է թանգարանի նոր շէնք։

ԷՐՄԻԹԱԺ (ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ)

Մեծութեամբ երկրորդ արուեստի թանգարանն է աշխարհի մէջ։

Էրմիթաժի բազմազան հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ ցուցանմոյշներ քարէ դարէն մինչեւ մեր օրերը, իսկ դասական եւրոպական արուեստի հաւաքածոյով՝ Փարիզի Լուվր եւ Մատրիտի Փրատօ թանգարաններու հետ կը համարուի աշխարհի լաւագոյններէն։ Էրմիթաժի մէջ կը ցուցադրուին Լէոնարտօ տա Վինչիի երկու կտաւը եւ Միքելանճելոյի մէկ քանդակը։

ՏՐԵՏԵԱՔՈՎԵԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀ (ՄՈՍԿՈՒԱ)

Պատկերասրահի հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ գեղանկարչութիւն, կրաֆիք, քանդակ, զարդարական-կիրառական արուեստի յատկանշական գործեր: Ամբողջական ներկայացուած են յատկապէս 19-րդ դարու երկրորդ կէսի ռուսական գեղանկարչութիւնը, պերետվիժնիկներու (ռուս նկարիչ, Գեղարուեստական շրջիկ ցուցահանդէսներու ընկերակցութեան անդամ), 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարու սկիզբի ռուս նկարիչներու լաւագոյն գործերը: Ըստ արժանւոյն ցուցադրուած են խորհրդային արուեստի զարգացման բոլոր փուլերը։

Տրետեաքովեան պատկերասրահին մէջ տեղ գտած են հայ նկարիչներ՝ Եղիշէ Թադէոսեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Յակոբ Կոջոեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Յովհաննէս Զարդարեանի, Գրիգոր Խանջեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները:

ՄԵԹՐՈՓՈԼԻԹԸՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ (ՆԻՒ ԵՈՐՔ)

Աշխարհի ամենախոշոր թանգարաններէն մին է, որ կ՚առաջարկէ առցանց հարթակի վրայ ծանօթանալ աւելի քան 200 հազար ցուցանմոյշի, որոնց շարքին են Վան Կոկի, Փիքասոյի եւ այլ մեծանուն նկարիչներու աշխատանքները:

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2020