ՊՏՈՅՏ ՇՈՒՔԻՆ ՀԵՏ
Ետեւի կողմը բակ մը կայ։ Երեւանեան բակ մը, իր ջերմութեամբ, սովետական ետնաբոյրով, լուացքի երկար, սահմանախախտ թելերով, խառն գոյներով եւ, անշուշտ, հարեւաններով։
Մեր պատշգամը եթէ նստիս, ճի՛շդ դիմացդ, քեզմէ քիչ մը ցած ու քսան մեթր հեռու գտնուող տանիքին վրայ երկար ու բաւական հաստ ձող մը կը տեսնես։ Անգործ, հինցած, ակնյայտօրէն ալ բանի չծառայող երբեմնի հեռատեսիլային ընկալուչ մըն է, օդային ալիքները բռնելու համար երկարած։ Անգործ, հինցած, անբան, բայց խօսուն։
Խօսուն իր երկար ու պտտուն շուքով, որուն, եկէ՛ք, հետեւի՛նք։
Առաւօտ շուտ, երբ արեւը նոր կը ծագի, կ՚արթննայ ձողը, դէպի արեւմուտք երկարած շուք-մարմինը կամաց-կամաց քաշելու, հաւաքելու, ուշքի բերելու համար։ Պղտոր ու յոգնած է դեռ շուքը, որ տանիքով մէկ կ՚երկարի մինչեւ ծայրը իր շէնքին։ Մրափող կատուի մը վրայ նշան կ՚առնէ. կը ճանչնամ զինք։ Անկիւնի տան սոփրանոյի կատուն է։ Ամէն երեկոյ, երբ տիրուհին կը ձգէ ձայնը դէպի բակ ու բակն ի վեր դէպի երկինք՝ «Աաաաա-լե՛-լու՛-յա՛», կատուն՝ դժգոհ, սուսիկ-փուսիկ պատուհանէն դուրս կը փախի, որթատունկի բունին միջոցով կը բարձրանայ տանիք, հանգիստը հոն փնտռելու։
Ժամ մը կ՚անցնի. ձողը, երեւի ձանձրոյթէ տարուած, շուքը քիչ մը աս կողմ կը բերէ, տանիքէն վար՝ բակ կը նետէ, անցուդարձին հետեւելու։ Ահա վրայէն կու գայ կ՚անցնի նամակաբաշխը, յետոյ ծերուկ թուաբանագէտը շան հետ փրչոտ, ապա դրամատան պաշտօնեայ օրիորդը իր լազուարթ փէշով։ Շուքն ամօթէն աչքերը կը փախցնէ միւս կողմ, քիչ մը ասդին կը շարժի։
Ահա ծերունի մը կու գայ, կը նստի կանաչ նստարանին, թեւը կը բարձրացնէ, կը բռնէ անկիւնը կռնակին, անգիտակցաբար շուքը շոյելով։ Մօտենանք հատման կէտին։ Կնճռոտած, գունաթափ ու ոսկրոտ մատներ են. ամբողջ կեանք մը, ամբողջ այս թաղի, քաղաքի, երկրի պատմութիւնը պատմող։ Ծերունին կը շարժէ ձեռքը, կը տանի արեւուն տակ ջերմացող գլխուն, նօսրացած մազերը կ՚ուղղէ այնպէս մը, որ հանգչին գանկին վրայ։ Շուքը, արհամարհուած, խոյս կու տայ այս կողմ, ուր սահնակ մը կայ։
Երեխայ մը կը սահի սահնակն ի վար, կը սահի կեանքն ի վար։ Հրճուանքով կը ճչայ, երբ կը հասնի սահանքի աւարտին, ուր շուքը հանգչած է հիմա։ Երիտասարդ հայրը կը գրկէ երեխան, կը համբուրէ այտերը, եւ ականջները քերող ժպիտով կը վերադարձնէ փոքրիկը սահնակի բարձունքին, որ սահի ան դարձեալ սահնակն ի վար, կեանքն ի վար։
Կէսօրը անց է արդէն։ Շուքը յոգնած՝ դուրս կու գայ բակէն, կը սկսի կամաց կամաց բարձրանալ աջ կողմի շէնքի պատերն ի վեր։ Կ՚անցնի լուացքներու վրայէն։ Կանացի ներքնազգեստներ, տղամարդու գուլպաներ, մանկական փէշ մը վարդագոյն։ Ճեմելով կ՚անցնի բոլորին վրայէն, անոնց ետին թաքնուած պատմութիւններ գուշակել փորձելով։ Ձախողած, կը շարունակէ մագլցիլ դէպի վեր։
Կը հասնի բարձր պատշգամին։ Ժաննա տատիկը սուրճը կը խմէ, հեռաւոր բլուրներուն նայելով։ Մէյ մըն ալ ե՞րբ պիտի գայ տղան Մոսկուայէն... Շուքը, ամենայնդէպս, չունի պատասխան։ Կ՚անցնի տատիկի դէմքի վրայէն, կը փորձէ արցունքը սրբել. անօգուտ։ Ճարահատ, վերջ կու տայ պտոյտին, կը բարձրանայ տանիք, կը մօտենայ սիւնին։
Արեւը կը սկսի սուզուիլ։
Շուքը կ՚երկարի, կ՚երկարի, կ՚երկարի... գիշերային երազի համար վերջին նիւթեր հաւաքել կը փորձէ։
Կը պղտորի յանկարծ, եւ
հո՛փ
կ՚անհետի...
Սիւնը կը մնայ մինակ։
ԵՐԱՄ