ՄԱՀ՝ ՅԱՅՏՆԻ ԵՐԱԺԻՇՏ ՔՐԻՍՏՈՖ ՊԵՆՏԵՐԵՑՔԻԻ

Լեհ անուանի երգահան Քրիստոֆ Պենտերեցքի շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց՝ 87 տարեկան հասակին։ Երգահան ու խմբավար Պենտերեցքի ծնած էր 1933 թուականին։ Իր նախնիներու շարքին եղած են լեհեր, ուքրանացիներ, գերմաններ եւ հայեր։ 2014 թուականին Հայաստանի Քոմփոզիթէօրներու միութիւնը պատ-ւոյ անդամի կոչում շնորհած էր անոր։ 2013 թուականի նոյեմբերին Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան պարգեւատրած էր Պենտերեցքին։ 2018 թուականին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ նշուած է յայտնի արուեստագէտի 85-ամեայ յոբելեանը, որու ծիրէն ներս տեղի ունեցած էին փառատօներ եւ համերգաշարներ։ Արուեստագէտի յոբելենական ձեռնարկները սկիզբ առած էին Հայաստանէն։ Այսպէս, կազմակերպուած էր «Պենտերեցքիի օրերը Հայաստանի մէջ» համերգաշարը։ Իր ստեղծագործութիւններէն շատերը այդ ժամանակ առաջին անգամ նուագուած էին Հայաստանի մէջ։ Համերգաշրջանին մասնակցած էր նաեւ Պենտերեցքի։

Երեք անգամ «Կրեմի» մրցանակին արժանացած, այլ դափնիներ նուաճած Քրիստոֆ Պենտերեցքի «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ խօսած էր իր արմատներուն մասին։ Այսպէս, Հայաստան այցելելու ժամանակ ան յայտարարած էր, որ երջանիկ է տուն վերադառնալով։

Քրիստոֆ Պենտերեցքիի կորուստին առթիւ ցաւակցականներ հրապարակեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020