ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վաղը նախատեսուած են ընտրութիւններ։ Արցախի ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի փութայ ընտրելու համար երկրի թէ՛ նոր նախագահը եւ թէ խորհրդարանը։ Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ պահ մը հաւանական դարձած էր ընտրութիւններու յետաձգուիլը, սակայն ի վերջոյ որոշուեցաւ զանոնք իրականացնել։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, որ վերջին երկու շրջաններուն ընտրուած էր իրերայաջորդ, մօտաւորապէս տասն տարի երկիրը ղեկավարած ըլլալով վաղուան ընտրութիւններուն պիտի չըլլայ թեկնածու։

Արցախի ընտրութիւններուն ընդառաջ, շաբաթավերջին, հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Բակօ Սահակեանի միջեւ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020