ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ՓՈՐՁԵՑԻՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ դարձեալ բախումներ տեղի ունեցան։ Այսպէս, ժամը 19.00-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի զօրքերը փորձեցին ներթափանցել Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Յարձակումը գործուեցաւ Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի շրջանի հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայաստանի դիրքապահ ուժերու գործողութիւններուն շնորհիւ Ատրպէյճանի զօրքերը ետ քաշուեցան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ հայկական կողմը կորուստներ չունի։ Երկու հայ զինուոր վիրաւորուած է դէպքին հետեւանքով եւ առնուած՝ դարմանման տակ։ Անոնց վիճակը կայուն է եւ իրենց կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Ընդհանրապէս կորոստներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները տակաւին կը ճշդուին։

Միեւնոյն ժամանակ Ատրպէյճանի զօրքերը թիրախաւորեցին Բաղանիս եւ Ոսկեւան գիւղերը։ Յարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորուեցաւ Ոսկեւանի բնակիչ երեխայ մը, որ այդ պահուն կը գտնուէր իր տան պատշգամին մէջ։ Վիրաւորեալ երեխան դարմանման համար փոխադրուած է Երեւան, իր կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Երեւանի ղեկավարութիւնը բուռն ձեւով արձագանգեց այս դէպքին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ համապատասխան յայտարարութիւնով մը, որով խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ սահմանի վրայ իրավիճակը սրելու փորձերը։ Շեշտուեցաւ, որ հրադադարի՝ որեւէ կերպով չհրահրուած այս խախտումը չունի որեւէ արդարացում. յատկապէս այսօր, երբ աշխարհի բոլոր երկիրներու բժշկական միջոցները շարժման անցուած են քորոնաժահրի դէմ պայքարի։ Այս գործողութիւններով Ատրպէյճան կ՚արհամարհէ միջազգային հանրութեան՝ մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի կոչերը, որոնք ուղղուած են այս ժամանակաշրջանին հրադադարը անվերապահ պահպանելու եւ սադրիչ գործողութիւններէ ձեռնպահ մնալու։ «Այս ռազմական դէպքը կը փաստէ, թէ Ատրպէյճան կա՛մ չի վերահսկեր սահմանի իր զինեալ ստորաբաժանումներու գործողութիւնները եւ կամ կ՚ընթանայ իրադրութեան միտումնաւոր սրման ուղղութեամբ՝ կրելով անոր հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020