ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ԿԸ ՍԳԱՅ ԻՐ ԿՈՂԱԿՑԻՆ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան կորսնցուց իր կողակիցը՝ Արիանա Քաօիլին։ «Բառեր չեմ գտներ արտայայտելու համար իմ վիշտը տիկնոջս՝ Արիանայի մահուան կապակցութեամբ։ Ան խելացի, աշխատասէր եւ կենսուրախ անձ մըն էր, որ գեղեցիկ կեանք ապրեցաւ», երէկ երեկոյեան ժամերուն ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց Լեւոն Արոնեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ճատրակի աշխարհէն բազմաթիւ հսկաներ ցաւակցութիւն յայտնեցին Լեւոն Արոնեանին։

Հարկ է նշել, որ Լեւոն Արոնեանի կինը մարտի 15-ի կէսգիշերին Երեւանի մէջ անցուցած էր երթեւեկի արկած մը։ Ծանր վիրաւորուած վիճակի մէջ ան փոխադրուած էր հիւանդանոց, սակայն բժշկական միջամտութիւնները բաւարար չեղան փրկելու համար իր կեանքը։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020