ԹՐԱՄՓ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՈՐՈՇԵՑԻՆ ՍԵՐՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ՄՆԱԼ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անհանգստութիւն յայտնեցին քորոնաժահրի համաճարակի համաշխարհային տարածման կապակցութեամբ։ Թրամփ եւ Փութին զիրար տեղեակ պահեցին այս սպառնալիքին հակազդելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցներուն շուրջ։ Քննարկուեցան Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ այս ուղղութեամբ սերտ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։

Բաց աստի, հեռախօսազրոյցի ընթացքին Տանըլտ Թրամփ եւ Վլատիմիր Փութին կարծիքներ փոխանակեցին քարիւղի համաշխարհային շուկայի ներկայ վիճակին շուրջ։ Անոնք համաձայնեցան երկկողմանի խորհրդակցութիւններ ունենալ՝ ուժանիւթի նախարարներու մակարդակով։ Թրամփ եւ Փութին պայմանաւորուեցան շարունակել անձնական կապերը։

Ինչպէս ծանօթ է, քարիւղի գիները ներկայիս անկում կրած են անհամեմատօրէն, ինչ որ էական նշանակութիւն ունի համաշխարհային տնտեսական հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ։

ԱՄՆ-Ի ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Միւս կողմէ, ԱՄՆ բաւական բարդ պայքար մը կը մղէ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ։ Ներկայիս 160 հազար վարակուածներով այս երկիրը առաջին կարգի վրայ է ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ըստ կանխատեսումներու, ԱՄՆ-ի մէջ միլիոնաւոր կորուստներ կրնան պատահիլ, սակայն իշխանութիւններու միջամտութիւնները կը կանխեն այդ հաւանականութիւնները։ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտնեց, որ 100-200 հազար զոհով այս համաճարակէն դուրս գալը լաւ արդիւնք մը պիտի համարուի երկրին տեսակէտէ։

Այս իրավիճակին մէջ Չինաստանէն ալ դէպի ԱՄՆ բժշկական օժանդակութիւն կը կատարուի։ Առաջին օդանաւը երէկ վայրէջք կատարած է Նիւ Եորք։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020