ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԷ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՆՑԱՒ 10 ՀԱԶԱՐԻ ՍԱՀՄԱՆԸ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ժամերուն արձագանգ հանդիսացաւ Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալներուն։ Այսպէս, երէկ կատարուած է 11 հազար 535 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1610 վարակեալ։ Երէկուան զոհերու թիւն է 37-ը։ Այսպէսով Թուրքիոյ մէջ համաճարակի հետեւանքով մահացածներու թիւը բարձրացած է 168-ի։

Ընդհանուր առմամբ ցայսօր 76 հազար 981 քննութիւն կատարուած է Թուրքիոյ մէջ։ Ստուգուած է 10 հազար 827 վարակեալ։ Ներկայիս խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 725 հիւանդ։ Շնչառութեան սարքի կապուած անձերու թիւն է 523։ Թուրքիոյ մէջ ցարդ բուժուած է 162 հոգի։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020