ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՔՈՒԷԱՐԿԵՑ ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ 72.7 ՏՈԿՈՍԸ
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Առաւօտեան ժամը 08.00-էն սկսեալ, 282 ընտրատեղամասերու մէջ ընթացաւ քուէարկութիւնը, որ տեւեց 12 ժամ եւ իր աւարտին հասաւ ժամը 22.00-ին։ Ստեփանակերտի եւ Արցախի եօթ շրջաններուն մէջ գործեցին ութ ընտրական յանձնաժողովներ։ Քուէարկութեան մասնակցեցաւ 76 հազար 471 ընտրող։ Սա կը համապատասխանէ Արցախի՝ ընտրելու իրաւունքի տէր քաղաքացիներու 72.7 տոկոսին։ Քուէարկութեան ընթացքին հետեւեցան 963 դիտորդներ եւ 231 լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար 14 թեկնածուներ առաջադրուած էին։ Խորհրդարանական ընտրութիւններուն ալ մասնակցեցան 12 քաղաքական ուժեր։ Արդիւնքները յայտնի պիտի դառնան աստիճանաբար։
Միւս կողմէ, երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց նախընթաց օր Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յայտարարութեան, որով ապօրինի կը համարուէին ընտրութիւնները։